Սուրբ Երկրի Յոյն եւ Լատին Պատրիարքներու Կազա Կատարած Այցի Վերաբերալ Մամլոյ Ասուլիս
Երեքշաբթի, 22 Յուլիս, 2025-ի առաւօտեան Երուսաղէմի մէջ կայացած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Երուսաղէմի Յոյն Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ․ Թէոֆիլոս III եւ Երուսաղէմի Լատին Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Փիերպատիսթա Արքեպիսկոպոս Փիցապալա Կազա կատարած հովուական եւ մարդասիրական այցելութեան վերաբերեալ ականատեսի աչքերով ներկաներուն վկայեցին անոր ժողովուրդի կրած անասելի տառապանքներու, ռմբակոծութիւններու, պաշարումի եւ զրկանքներու մասին։
Համատեղ մամլոյ ասուլիսին Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքութեան կողմէ ներկայ գտնուեցաւ Գերաշնորհ Տ․ Թէոդորոս Եպիսկոպոս Զաքարեան, ընկերակցութեամբ՝ Դիւանապետ Հոգեշնորհ Տ․ Աղան Վարդապետ Գոգչեանի։
Իր խօսքին մէջ Թէոֆիլոս III Պատրիարք Կազան նկարագրեց որպէս «պատերազմի վերքերով խոցուած երկիր, ուր անմեղները կ'արիւնահոսին անողոք յարձակման ծանրութեան տակ»։ Ան հաստատեց, թէ Եկեղեցին Կազա մտած է որպէս Խաչեալ Տիրոջ ծառայ՝ փրկուածներու դէմքերուն հանդիպելով անսասան արժանապատուութեան, որոնք կը կրեն Աստուծոյ պատկերը նոյնիսկ լայնածաւալ աւերածութիւններու մէջ։
Թէոֆիլոս III Պատրիարք խօսեցաւ աւերուած եկեղեցիներու, մասնաւորապէս Սուրբ Ընտանիքի եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Պորփիւրիոսի վանքի զգայացունց պատկերի մասին, ուր աղօթք բարձրացուցած են վիրաւորներու ճիչերու հետ համատեղ։ Ան ընդգծեց, թէ Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը խորհրդանշական չէ, այլ Աւետարանի թելադրութեան կենդանի դրսեւորում՝ կենալ նեղեալներու կողքին ոչ թէ խօսքով, այլ գործով։
Համաժողովի վերջաւորութեան զոյգ պատրիարքներն ընգծեցին, որ Կազայի մէջ շարունակուող աւերածութիւնները մարդասիրական եւ բարոյական աղէտ են, որ կարելի չէ անտեսել եւ հաստատեցին, թէ Եկեղեցին կը շարունակէ մնալ որպէս ճշմարտութեան կենդանի ձայն՝ կրելով յոյսի խաչը անարդարութեան առջեւ եւ պաշտպանելով մարդկային արժանապատուութիւնը կեանքի իրաւունքը պղծող քաղաքականութեան դէմ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ