ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (30)
30.- ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԵՂԱՅԻ ԱՌԱՋԻՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՒ ՅՈՎՍԷՓ
Մխիթար աբեղայ իր օրինակելի կեանքով եւ իմաստուն քարոզներով ոչ միայն բարեպաշտ ժողովուրդը կ՚առինքնէ այլ յատկապէս երկու երիտասարդներ կը մօտենան իրեն, խնդրելով աշակերտիլ եւ հետեւիլ իր օրինակին։ Ասոնք առաջին աշակերտներն էին, Յովհաննէսն ու Յովսէփը։ Այդ օրերուն Մխիթարի ձեռքը կ՚անցնի Թովմաս Գեմբացիի «Նմանութիւն Յիսուսի Քրիստոսի» գիրքը, որ կը սորվեցնէր ինչպէս հետեւիլ Քրիստոսի եւ կամաց կամաց Անոր պատկերը վերականգնել մեր հոգիներուն մէջ։ Կրօնաւորական կեանքի հիմնաքար համարուած այս սքանչելի գիրքը կը հմայէ երիտասարդ աբեղայ Մխիթարը, որ ուրիշ օրինակ չունենալով, կը կիսէ եւ բաժին մը կը յանձնէ Յովհաննէսին՝ որպէսզի ան ալ սնանի այս հոգեպարար մատեանով։
Յովհաննէս քսան տարեկան էր։ Ընթերցումով տարուած այնքան կը խանդավառուի, որ Մխիթարի կը յայտնէ աշխարհէն ու նշանածէն հրաժարելու փափաքը։ Մխիթար կը յանձնարարէ ոչ մէկուն յայտնել իր նպատակը, որպէսզի խռովք չծագի։ Սակայն Յովհաննէս, խանդավառ, իր կեանքի փոփոխութիւնը արտաքսապէս ալ կը ցուցադրէ, փոխելով իր հագուկապը եւ աշխարհիկ զուարճութիւններէն հրաժարելով կը նուիրուի հոգեւոր գիրքերու ընթերցումի եւ աղօթքի։
Երբ Յովհաննէսի ծնողները եւ ազգականները կ՚իմանան որ իրենց զաւակը կ՚ուզէ հրաժարիլ աշխարհէ եւ կրօնաւորական կեանքն ընդգրկել՝ կը հակառակին, մտածելով որ աղքատութեան եւ կրօնաւորական ուխտերով Յովհաննէս իր կեանքը կը խորտակէր։ Ամէն ձեւով կը փորձեն տարհամոզել իրենց զաւակը։ Մայրը կու լար եւ կ՚ողբար իր որդիին կորուստը, մինչեւ իսկ փողոցներուն մէջ բարձրաձայն կ՚աղաղակէր թէ «Մխիթար աբեղան ֆռանկ դարձուց իմ զաւակս։ Նմանութեան գիրքով մտափոխուեցաւ՝ մերժելով աշխարհի կարգերը եւ ամուսնութիւնը։ Ամէն ինչէ կ՚ուզէ հրաժարիլ եւ կրօնաւոր ու թափառական դառնալ։ Ի՜նչ ընեմ իմ զաւակիս, կամ ո՜վ կանչեմ ինծի օգնութեան»։ Ապա Մխիթար աբեղային դիմելով կը ստիպէր որ իր որդին համոզէ՝ աշխարհիկ կեանքի վերադառնալ։ Իսկ Մխիթար կը պատասխանէր՝ թէ «Ես ի՛նչ կրնամ ընել, զաւակդ քովդ է, խելահաս եւ հասուն երիտասարդ է, տղայ չէ»։
Այս խնդրի հետեւանքները կանխատեսելով Մխիթար կը վճռէ երկու-երեք ամիս հեռանալ Սեբաստիայէն եւ երթալ Եւդոկիա։ Յովհաննէսին կը բացատրէ եւ կը յորդորէ որ ժամանակը հասած էր առանձին դիմագրաւելու եւ համոզելու իր ծնողքը թէ անձամբ ինքը կ՚ուզէր կրօնաւոր դառնալ եւ ոչ թէ տարուած էր Մխիթարի կամ որեւէ մէկու գաղափարներէն։ Այսպէս Փրկչին եւ երանուհի Կոյսին յանձնելով զինք՝ Մխիթար կը մեկնի։
Յովհաննէսի ծնողքը տեսնելով որ ան հաստատուն կը մնայ իր որոշումին մէջ, կը դիմեն իրենց աշխարհիկ եւ կղերական ծանօթներուն, որ խօսք հասկցնեն իրենց զաւակին։ Անոնք ի զուր ջանք կը թափեն տարհամոզելու երիտասարդը թուարկելով կրօնաւորական կեանքի դժուարութիւնները եւ քննադատելի անկարգութիւնները եւ միաժամանակ ամուսնական կեանքի եւ ընտանեկան սիրոյ քաղցրութիւննն ու ծնողներու հանդէպ յարգանքի եւ հպատակութեան վեհ պարտականութիւնը։ Այս բոլորով հանդերձ Յովհաննէս անդրդուելի կը մնայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ