ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (31)
31.- ՄԽԻԹԱՐ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԷ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՇԱԿԵՐՏԸ ԻՐ ԾՆՈՂՔԻՆ
Յովհաննէս տեսնելով իր ծնողքին, ազգականներուն եւ ծանօթներուն մղած պայքարը իր կայացուցած որոշումին դէմ, «սատանայական որոշում» որակելու աստիճան, օր մը դառնացած կը պոռթկայ, ըսելով թէ ի՛նչպէս կարելի է Քրիստոսի հետեւելու եւ անոր նմանելու փափաքը չընդունիլ։ Այդ պահէն իսկ իր մտքին մէջ կը ծնի տունէն փախչելու եւ հեռանալու գաղափարը, այդ կապանքներէն ազատելու համար։ Իր աշակերտակից Յովսէփին կը յայտնէ ծրագիրը, եւ միասին կ՚երթան աղքատ մտերիմ բարեկամի մը տունը։ Ապահովութեան համար երիտասարդները քանի մը օր հոն կ՚անցընեն, որպէսզի եթէ ծնողները իրենց ետեւէն մարդ ղրկէին՝ անոնց ձեռքը չանցնէին։ Խնդրակներու փնտռտուքի վտանգը անցնելէ ետք, Յովհաննէս հաւատարիմ առաջնորդի մը ընկերակցութեամբ առանձին կը մեկնի Ակն գաւառ։
Յովհաննէսը չկար. ծնողները խելագարած եւ յուսակտուր՝ սուգի մէջ էին։ Այս խառնաշփոթին մէջ Ծառուկ աբեղան, Մխիթարի մրցակիցն ու նախանձորդը, լուր կը տարածէ թէ Մխիթար նոր ուղղութիւն մը յօրինած՝ շատերը կ՚առինքնէ եւ աշխարհէն ու ծնողներէն կը բաժնէ։ Սեբաստիոյ մէջ հակառակութիւնը կը սրի եւ Յովհաննէսի ծնողքը կը համոզուին թէ այս բոլորի միակ մեղաւորը Մխիթար աբեղան է։
Թէ Մխիթար այդ քանի մը ամիսը ո՛ւր գացած էր՝ չենք գիտեր, սակայն երբ Սեբաստիա կը վերադառնայ, Յովհաննէսի ծնողքը եւ բարեկամները կու գան իրմէ պահանջելու իրենց զաւակը։ Մխիթար կը յայտարարէ բոլորովին անտեղեակ ըլլալ, խոստանալով աջակցիլ իրենց զաւակը գտնելու համար։
Օր մը, երբ Մխիթար փողոցը իր ծանօթներէն մէկուն հետ կը խօսէր, յանկարծ իր բարեկամներէն մէկը նշան կ՚ընէ որ առանձին բան մը կ՚ուզէ ըսել եւ կը յայտնէ Մխիթարի թէ Յովսէփը իր քովը պահած է։ Միասին տուն կ՚երթան եւ հոն բարեկամն ու Յովսէփը կը պատմեն թէ ինչպէս Յովհաննէս որոշած էր Ակն գաւառը երթալ իր ծնողներէն փախչելու համար մինչեւ Մխիթար վերադառնար եւ որոշէր թէ ի՛նչ պէտք էր ընել։
Այս խօսքերուն վրայ Մխիթար անմիջապէս Ակն կ՚երթայ իր բարեկամին առաջնորդութեամբ եւ գտնելով Յովհաննէսը երկար կը խրատէ ու կը քաջալերէ միասին վերադառնալ ծնողներուն մօտ, որպէսզի չտարածուի այն թիւր կարծիքը՝ թէ Մխիթար փախցուցած էր իրենց զաւակը եւ դժբախտ չարիքներու դուռ բացուէր։
Այսպէս, միասին կը վերադառնան Սեբաստիա եւ հօրենական տուն երթալով Մխիթար կը յանձնէ Յովհաննէսը իր ծնողներուն ըսելով. «Ահաւասիկ ձեր որդին։ Դուք եւ ինքը որոշեցէք թէ ի՛նչ հաճոյ է ընել, որովհետեւ ես զինքը բոլորովին ազատ թողած եմ իր կամքին»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ