ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (33)
33.- ՄԽԻԹԱՐ ԵՐԿՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՎ ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍԷՆ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ
[ Audio Embed Ունկնդրէ հաղորդաշարը]
Մխիթար շուրջ հինգ ամիս կը մնայ Կոստանդնուպոլիս։ Հոն, բնակութիւն հաստատած էր Ղալաթիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ խուցերէն մէկուն մէջ։ Այդ թաղամասին մէջ Յիսուսեանները ունէին իրենց վանատունը. Մխիթար անոնց մեծաւորին ներկայանալով եւ ցոյց տալով հայր Անտոն Բովոլլիէի Հալէպի մէջ տուած վկայականը՝ կը մտերմանայ անոնց հետ եւ իրենց եկեղեցւոյ մէջ ամէնօրեայ պատարագ մատուցանելու եւ ապաշխարութեան խորհուրդը մատակարարելու իրաւունք կը ստանայ։ Յիսուսեաններու առաքելութեան ընդհանուր մեծաւոր՝ Հ. Յովհաննէս Վերծոյի հետ ալ կը հանդիպի, որուն ծանօթացած էր Հալէպի մէջ, եւ վերջինս, 1697ի Յուլիս 15ին, Մխիթարի բարի վարքը հաստատող վկայական մը եւս կու տայ։
Երբ Մխիթարի համբաւը կը տարածուի քահանաներու եւ աշխարհական երեւելի անձերու մօտ՝ զինք կը հրաւիրեն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ քարոզելու։ Ժողովուրդը խուռներամ կը վազէր իր քարոզները լսելու, եւ շատ կը հիանային երիտասարդ հոգեւորականի այնքան իմաստալից խօսքերը լսելով։ Զարմանք կը պատճառէր նաեւ այն՝ որ Մխիթար, հակառակ տեղական սովորութեան, գաւազանապտուղ չէր ընդուներ։ Շատեր իրենց տունը կը հրաւիրէին զինքը որպէսզի հոգեւոր խրատներով մխիթարէ զիրենք եւ ամրապնդէ իրենց հաւատքը։
Մխիթար Կոստանդնուպոլիս կեցութեան ընթացքին բազմաթիւ անգամներ կը փորձէ Խաչատուր Վարդապետը համոզել միասնաբար սկսելու համար միաբանութիւն մը կառուցելու գործը։ Երբ Խաչատուր Վարդապետ վերջնականօրէն կը մերժէ դրամի պակասին համար, կ՚որոշէ հեռանալ եւ երթալ Կարինի մօտ Օլթի գաւառը, իրեն ծանօթ առաքինի եւ ուղղամիտ քահանայի մը քով, որ կը յարէր կաթողիկէներուն, որպէսզի հոն կարենար աշակերտներ հաւաքել եւ սկիզբ տալ իր մտայղացած գործին։ Թէեւ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ մեծ ընդունելութիւն գտած էր, սակայն զինք այդ չէր գոհացներ, ինք կ՚ուզէր բազմաթիւ աշակերտներ պատրաստել եւ քարոզութեան ուղարկել։
Մխիթար ո՛չ ճամբորդութեան եւ ո՛չ ալ ապրուստի գումար ունէր։ Արդէն մինակ չէր, իր պատասխանատուութեան տակ երկու աշակերտ ունէր։ Գիշերները քարոզելու կ՚անցնէ փուռերու մէջ, ուր հացթուխերը իրենց աշխատանքը աւարտելէ ետք, արեւածագին, իրարու գլուխ կը հաւաքուէին։ Մխիթար հոգեւոր խրատներ կու տար, կը յորդորէր աստուածավախ կեանքով ապրիլ եւ բարեպաշտ քրիստոնեաներ ըլլալ։ Հաճոյքով կ՚ունկնդրէին իր խօսքերուն եւ իւրաքանչիւրը իր հնարաւորութեան չափով ողորմութիւն կու տար։ Այսպէս բաւարար գումար կը հաւաքէ, ոչ միայն ճամբու ծախսը ապահովելու համար, այլեւ կը յաջողի գնել Աստուածաշունչ մը, Թովմաս Գեմբացիի Նմանութեան գիրքը եւ ուրիշ հոգեշահ գրքեր ու սրբապատկերներ։
Բոլոր հարկաւոր պատրաստութիւնները տեսնելէ ետք, ինքզինքն ու աշակերտները յանձնելով Փրկչին եւ երանուհի Կոյսին, հրաժեշտ կու տայ բարեկամներուն եւ 1697ի Սեպտեմբերին, երեքով, նաւ կը բարձրանան Տրապիզոն երթալու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ