«Անիկա Պէտք Է Որ Մեծնայ, Բայց Ես Պէտք է Պզտիկնամ» (Յովհ. 3:30) Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան
Ս. Յովհաննէս աւետարանիչ կը պատմէ, որ երբ Յովհաննէս մկրտիչը Այենոնի մէջ Սաղիմի մօտ մկրտութիւն կ՚ընէր, վիճաբանութիւն մը եղաւ Յովհաննէսի աշակերտներուն եւ Հրեաներուն միջեւ՝ մաքրութեան վրայով: Աշակերտները գացին Յովհաննէսին եւ ըսին անոր. «Ռա՛բբի, անիկա (Յիսուսի) որ քեզի հետ Յորդանանի անդիի կողմն էր, որուն համար դուն վկայութիւն տուիր. ահա ինք կը մկրտէ եւ ամէնքը անոր կ՚երթան»։ Մկրտիչը պատասխան տուաւ եւ ըսաւ.« Դուք ձեզմէ կը վկայէք ինծի համար, որ ըսի թէ ‘Ես Քրիստոսը չեմ, հապա անոր առջեւէն ղրկուած եմ’։ Ան որ հարսն ունի, փեսան անիկա է. բայց փեսային բարեկամը, որ կը կենայ ու կը լսէ անոր, մեծապէս կ՚ուրախանայ փեսային ձայնին համար։ Ուստի Ահա Իմ Ուրախութիւնս Լեցուած Է։ ԱՆԻԿԱ ՊԷՏՔ Է ՈՐ ՄԵԾՆԱՅ, ԲԱՅՑ ԵՍ ՊԷՏՔ Է ՈՐ ՊԶՏԻԿՆԱՄ» (Յովհ. 3:27-30):
Ի՞նչ կը նշանակէ՝ թէ «Կատարեալը» պէտք է եւ կամ պիտի բարձրանայ: Արդեօ՞ք «Կատարեալը» կրնայ բարձրանալ կամ ստորնանալ: Այս մեծ խորհուրդ մըն է ... Այս կը նշանակէ, որ մարդ արարած, Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի նման, պէտք է գիտնայ իր դիրքն ու հասարակական իրավիճակը այս կեանքին մէջ՝ թէ ինք ով է, կատարեալ Աստուծոյ դիմաց. եւ թէ պէտք է Քրիստոս փառաւորուի եւ մենք խոնարհինք: Եթէ Քրիստոս չբարձրանայ մեր կեանքը պիտի ըլլայ եսակեդրոն սնափառութեան ցուցադրութիւն մը: Եթէ մեր կեանքերը մեր 'ես' շոյելու համար ապրինք, պիտի աճինք, սակայն մեր մեղաւոր եւ չար ընթացքին մէջ: Կրնա՞ք երեւակայել հասարակութիւն մը, ուր իւրաքանչիւր անհատ իր անձնական օրէնքները ունի եւ զանոնք կ'ուզէ պարտադրել իր շրջանակին վրայ: Իսկութեան մէջ կարիքը չունինք երեւակայելու, որովհետեւ այս իրականութիւնը կը տեսնենք եւ կ'ապրինք ամէն օր: Այս կը պատահի, երբ մեր անձերը բարձրացնենք Քրիստոս փառաւորելու փոխարէն:
«Ան պէտք է բարձրանայ եւ մենք պէտք է ցածնանք» ...
Այս մէկը ընթացք մըն է, որու համար տքնաջան եւ երկար աշխատանք պէտք է: Այս հակիրճ խորհրդածականով կարելի չէ յագեցուցիչ բացատրութիւն ընծայել: Հետեւաբար մի քանի գործնական օրինակներով միասին խորհրդածենք, թէ մենք ինչպէս պէտք է վերաբերինք Քրիստոսի նկատմամբ:
Պատարագի կը մասնակցինք եւ Քրիստոսի կենարար մարմինով ու սրբարար արիւնով կը հաղորդուինք: Ապա Քրիստոս մեր էութեան խորքը առնելէ ետք, պէտք է ջանք թափենք, որպէսզի բարձրանանք՝ հոն ուր որ Յիսուս է: Սակայն դժբախտ իրականութիւնն այն է, որ երբ հաղորդուինք Քրիստոսի մարմինով եւ արիւնով, դուրս կ'ելլենք եւ կը շարունակենք մեր սովորական կեանքը. Խաբեբայութիւն՝ արհեստի մէջ, ստախօսութիւն՝ մարդոց հետ, անտարբերութիւն՝ պարտականութիւններուն հանդէպ, ըմբոստութիւն՝ որեւէ իշխանութեան նկատմամբ եւ ,ամենասոսկալին, անտարբերութիւն՝ Աստուծոյ պատուիրաններուն հանդէպ: Այս ընելով մենք փոխանակ դէպի Քրիստոս բարձրանալը, զԱյն մեր կեանքի տիղմին եւ անօրէնութեան մէջ կը մխրճենք: Այսինքն՝ փոխանակ Ան բարձրանալու, մեր անձերը կը բարձրացնենք եւ Քրիստոսը կը պզտիկցնենք:
Գլխաւոր մեղքը, որ քրիստոնեայ մը կրնայ գործել, Աստուած չփառաւորելն է: Ս. Պօղոս կը գրէ. « ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան» (Հռոմ. 3:27): Երբ Աստուած բարձրանայ եւ փառաւորուի մեր կեանքերէն ներս, մենք կը գտնենք մեր իսկական ինքնութիւնը, եւ աստուածային պատկերը կը կազմուի մեր մէջ: Քրիստոնէութիւնը դիւրին չէ: Յիսուս ըսաւ. «երկնքի թագաւորութիւնը ուժով կ՚առնուի եւ ուժեղները կը յափշտակեն զանիկա» (Մտթ. 11:12): Չկարծենք, որ մի քանի բարեպաշտական արարքներ մեզ կրնան փրկել: Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ Քրիստոս մեր կեանքի սկիզբն ու նպատակը դարձնել: Միայն երբ Ան բարձրանայ մեր կեանքերէն ներս, մենք կրնանք յաղթել այս աշխարհին եւ գտնել փնտռուած խաղաղութիւնը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ