Որոնել

«Թալիթա Քում» «Թալիթա Քում»  (M. Simionati/Talitha Kum)

Մարդավաճառութիւն. «Թալիթա Քումի նոր զեկոյցը. Օգնութիւն 400,000 կանանց և երեխաներու համար

Մարդավաճառութեան դէմ պայքարի համաշխարհային օրուան նախօրէին, զոհերուն օգնելու եւ ժողովուրդներուն իրազեկութիւնը բարձրացնելու համար, Նուիրեալ Կեանքի ցանցը ներկայացուց մշտական եւ աճող նուիրուածութեան տուեալները. Կանխարգիլումը հաստատուած է որպէս անընդհատ աճող երեւոյթի դէմ պայքարի ամենարդիւնաւէտ զէնքը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Մարդավաճառութեան դէմ պայքարի նուիրուած Թալիթա Քում, 2009ին հիմնադրուած բարեսիրական կազմակերպութիւնը ներկայացնելով զեկոյց մը տեղեկացուց, որ մարդավաճառութեան հետ կապուած թիւերը յոյս կը ներշնչեն ու վկայեն մարդավաճառութեան դէմ պայքարի ցանցի կողմէ առաջարկուող համերաշխութեան եւ աջակցութեան աշխատանքի մասին։

Զեկոյցին մէջ կը կարդանք, որ անցեալ տարի «Թալիթա Քում, ցանցը օգնած է աւելի քան 939,158 այր մարդոց, կանանց եւ երեխաներուն, յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերելով, հոգեբանական աջակցութիւն, իրաւաբանական օգնութիւնը մասնագիտական վերապատրաստում ստացողներուն, նամանաւանդ Ասիոյ եւ Ամերիկաներու մէջ

Զեկոյցի մէջ նշուած է որ չնայած զոհերուն թիւը աճումին, Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ նկատուած է նաեւ արդարադատութեան ծառայութիւններուն անկում, մինչդեռ Ասիոյ մէջ առաջընթաց գրանցուած է ՝ արդիւնաւէտ իրաւական համագործակցութեան շնորհիւ։ «Թալիթա Քում կազմակերպութիւնը կը հաստատէ որ կանխարգիլումը կը մնայ հիմնական զէնքը, նկատել տալով որ այդ գծով, կրթական եւ իրազեկման ծրագիրները 2024 թուականի հասած են գրեթէ 700,000 մարդոց, ինչ նախորդ տարուայ համեմատ աճած է, շնորհիւ գործօն պաշտպանութեան ջանքերուն։

Համաշխարհային շրջանակէն ներս, որ բնորոշուած է ճգնաժամերով եւ հակամարտութիւններով աճած է զոհերու համար վտանգը, սակայն «Թալիթա Քում» ցանցը, ներգրաւելով երիտասարդ ղեկավարները եւ ազդելով հանրային քաղաքականութեան վրայ ընդլայնած է իր աջակցութիւնը։ Արդարեւ մարդավաճառութիւնը կը մնայ բարդ եւ աճող երեւոյթ, որուն տուեալները ցոյց կու տայ որ կանայք եւ աղջիկները կը կազմեն զոհերուն մեծամասնութիւնը, նշուած է «Թալիթա Քում» կազմակեպրութեան զեկոյցին մէջ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2025, 10:24