Կարդինալ Ռէյնա. Լեւոն ԺԴ. բացումը պիտի կատարէ Հռոմի թեմի հովուական ծառայութեան տարուան։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Յառաջիկայ 19 սեպտեմբերին, յետմիջօրէին, Լեւոն ԺԴ Պապը Ինք բացումը պիտի կատարէ Հռոմի թեմի հովուական ծառայութեան տարուան, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս տաճարին մէջ։ Այս մասին յայտարարեց Կարդինալ Պալտասարէ Ռէյնան, 4 օգոստոսին տարածած նամակին մէջ, որուն մէջ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին Երիտասարդաց Յոբելեանին, յատուկէն վերջին օրերուն տեղի ունեցած միջոցառումներուն, որոնք աւարտեցան շաբաթ օրուան աղօթքի հսկողութեամբ եւ կիրակի օրուան Սուրբ Պատարագով, նախագահութեամբ Լեւոն ԺԴ Պապին։
«Մեր եպիսկոպոսը», գրած է կարդինալ Ռէյնա, «ուրախութեամբ ընդունեց, որ Ինք բացումը պիտի կարարէ հովուական ծառայութեան տարուան, զոր տեղի պիտի ունենայ 19 սեպտեմբերին, կէսօրին մեր տաճարին մէջ»,գրեց Կարդինալ Ռէյնա նամակին մէջ, Ան ապա յատուկ շնորհակալութիւնը յայտնեց Երիտասարդական ծառայութեան գրասենեակին՝ մասնաւորապէս անոր տնօրէնին, Հայր Ալֆրէտօ Թետեսքոյին՝ անցեալ տարուան ընթացքին ցուցաբերած նուիրուածութեան եւ աջակցութեան համար, շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ իւրաքանչիւր 38 քահանաներուն, որոնք արժէքաւոր դեր խախցան ոգեւորող երիտասարդներուն աջակցելու եւ կարեւորագոյն խնդիրներուն մասին արագօրէն հաղորդելու գործին մէջ, ինչպէս նաեւ թեմական եւ ծխական մակարդակներուն մէջ ներգրաուած կամաւորներուն, որոնց առատաձեռնութիւնը նպաստեց ընդունելութեան աւելի գեղեցիկ եւ հիւրընկալ ըլլալուն։
Վերջապէս կարդինալ Ռէյնա գոհութիւն յայտնեց երիտասարդաց յոբելեանին յաջողութեան համար՝ ընդգծելով, թէ ինչպէս անիկա բացայայտեց եկեղեցին, որ հաւատարիմ է իր կոչումին որպէս մայր՝ բարեգործութեան եւ հաղորդութեան մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ