Հնդկաստան. Եպիսկոպոսները դատապարտեցին Օրիսսայի մէջ քրիստոնեաներուն դէմ յարձակումը։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հնդկաստանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը խստօրէն դատապարտեց Ժալէսվարի՝ Օրիսսա նահանգի մէջ տեղի ունեցած յարձակումը, որուն հետեւանքով վիրաւորուեցան երկու կաթողիկէ քահանաներ եւ մէկ կրօնուսուցիչ։
Դէպքը տեղի ունեցաւ օգոստոս 6ին, երբ մօտ 70 հոգիներէն բաղկացած խումբ մը, որոնք ենթադրաբար կը պատկանին Հինտու Պաժրան Տալ ծայրայեղական խմբաւորումին, յարձակեցան հոգեւորականներու վրայ՝ մեղադրելով անոնց «կրօնափոխութեան» գործունէութեան մէջ։
Յարձակումի ժամանակ քահանաներն ու կրօնուսուցիչը ձերբակալուեցան, բռնութեան եւ ծեծի ենթարկուեցան։ Անոնց մէկը դաժանօրէն ծեծի ենթարկուեցաւ ու բռնագրաւուեցաւ անոնց բջիջային հեռախօսներ, մինչդեռ երկու կրօնաւորուհիները փրկուեցան։
Հնդկաստանի կեդրոնական եւ Արեւելեան եկեղեցական կոմիտէն (CBCI) այս իրադարձութիւնը որակեց որպէս սահմանադրական իրաւունքներուն եւ մարդկային արժանապատուութեան խախտում, ընդգծելով հնդկաստանի մէջ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ աճող բռնութեան վտանգը։
Յարձակումը, Պետութեան կրօնական լարուածութեան մթնոլորտին մէկ մաս է ուր քրիստոնեաները կը կազմեն բնակչութեան 2.7%-ը եւ կը յիշեցնէ 2008 թուականին Քանտհամալի շրջանի մէջ տեղի ունեցած բռնութիւնը, որ բազմաթիւ զոհերուն պատճառ դարձաւ եւ աւերեց պաշտամունքի վայրեր եւ տուներ։
Եկեղեցին կոչ ուղղեց տեղական կառավարական մարմիններուն արագօրէն միջամտելու՝ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն համար արդարութիւն եւ անվտանգութիւն ապահովուելու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ