Որոնել

2025.08.05 Festa. Santa Maria Maggiore

Աստուածամայրը մեզի կը սորվեցնէ Աստուած ընտրել որպէս կեդրոն, Կարդինալ Մաքրիքաս

Սանթա Մարիա Մաճճորէ Քահանայապետական Պազիլիքային տօնը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեա - Վատիկան

Օգոստոս 5-ին կը յիշատակուի Սանթա Մարիա Մաճճորէ Քահանայապետական Պազիլիքային տօնը, որ Ֆրանչիսկոս Պապին սրտին խօսող տաճարն է եւ այնտլղ է որ Ան ուզեց հանգչիլ, ճիշտ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերը պահպանող մատրան մօտակայքը։

Հետաքրքրական է Տիրամօր նուիրուած այս աւագ տաճարին պատմութիւնը, որուն շինութիւնը կը պարտինք Լիպերիոս Քահանայապետին, որ երազին մէջ տեսնելով Տիրամայրը, անորմէ հրահանգ կ՛առնէ էր իրեն ի պատիւ եկեղեցի մը կառուցել` իր իսկ յայտնած վայրին վրայ։

Օգոստոսի 5-ին, տաք գիշերուայ մը ընթացքին, «էսքուիլինօ» բլուրին վրայ ձիւն կը տեղայ եւ Լիպերիոս Քահանայապետը կը հասկնայ թէ այդ է վայրը որուն վրայ կառուցել Տիրամօր նուիրուած տաճարը։ Ոստի սահմանագծել տալէ ետք տարածքը կառուցել կու տայ Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրուած «Մարիա Մաճճորէ» տաճարը, որ հռոմէացիները կը կոչեն նաեւ «Ձիւնի Տիրամօր տաճար», առ ի յիշատակ տեղի ունեցած հրաշքին։ ։

Պատարագ եւ ժամասացութեան արարողութիւն

Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարի տօնին առթիւ  երեքշաբթի 5 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 10-ին, աւագ տաճարին գահերէցը Կարդինալ Ռոլանտ Մաքրիքասը նախագահեց տաճարին օծման արարողութեան տարեդարձին նուիրուած  պատարագը, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ակնարկելէ ետք եկեղեցւոյ պատմութեան ու աւանդութիւններու հաստատեց` որ Տիրամայրը հոգեւոր առաջնորդ է դէպի Յիսուս, ու թէ Ֆրանչիսկոս Պապը այստեղ է որ սփոփանք կը գտնէր։

Ան ապա ակնարկեց Յոբելենական տարուան ընթացքին այն բազմաթիւ հաւատացեալ ուխտաւորներուն, որոնք կ՛անցնին աս տաճարի Սուրբ Դուռէն իրենք զիրենք յանձնով Սուրբ Կոյս Մարիամին, նշելով` որ Աստուածամայրը մեզի կը սորվեցնէ Աստուած ընտրել որպէս կեդրոն, ու թէ մենք եւս Անոր նման հրաւիրուած ենք վստահելու Աստուծոյ, ըլլալով փոքր ու մաքուր սրտով։

Յայտնենք` որՍանթա Մարիա Մաճճորէի տօնի առիթով տեղի կ՛ունենայ «ձիւնի տեղացման» ոգեկոչումը «ծաղիկներու անձրեւը», առ ի յիշատակութիւն «ձիւնի հրաշքին», որ տեղի ունեցած էր 5 օգոստոս 358 թուականին։ Նոյն այս ծաղիկներու անձրեւը կը կրկնուի նոյն օրը կէսօրէն ետք ժամը հինգին, այդտեղ տեղի ունեցած ժամասացութեան արարողութեան ընթացքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2025, 13:14