Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կը գուժէ Հայր Յարութիւն Վարդ. Արշինակին մահը
Յարութեան հաւատացող եւ Աստուծոյ կամքին վստահող սրտով առինք Տէր Զօրի եւ Հասաքէի Հայ Կաթողիկէ համայնքներուն հոգեւոր հովիւ` Գերպ. Հայր Յարութիւնը Վարդ. Արշինակի մահուան լուրը
Հրաժեշտ կու տանք այս հաւատարիմ վարդապետին, որ հաւատարմութեամբ ու խաղաղութեամբ ծառայեց հովուական դժուար պայմաններու մէջ: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Տիրոջ՝ անոր նուիրումով, աղօթքով, անսասանութեամբ եւ անշէջ յոյսով լեցուն կեանքին համար։
Մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Ճէզիրէի և Միջագետքի թեմին առաջնորդին՝ Գերպծ. Հ. Անդրանիկ Եպս. Այվազեանին, մեր քահանայ եղբայրներուն, հանգուցեալ հօր հարազատներուն և անոր բոլոր սիրելիներուն՝ հայրենիքին և սփիւռքին մէջ։ Անոր մահով չի մարիր անոր վկայութեան լոյսը, այլ՝ մեր մէջ կը սերմանէ այն անարատ յոյսը, թէ այդ անհատները, որոնք անկեղծութեամբ ու հաւատքով կը գործեն այս երկրին վրայ, անոնց համար տեղ պիտի պատրաստուի դրախտին մէջ:
Անոր անմեղ հոգին եւ օրհնեալ առաքելութիւնը միշտ կը յիշենք մեր աղօթքներուն մէջ: «Շա՛տ լաւ, բարի եւ հաւատարիմ ծառայ, որովհետեւ քիչի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատի վրայ պիտի դնեմ: Մտի՛ր քու Տիրոջդ ուրախութեան մէջ» (Մտթ. 25,21)։
Յաւերժական հանգիստը շնորհէ՛ անոր, ո՜վ Տէր, եւ թող յաւիտենական լոյսը շողայ անոր վրայ։ Թող անոր յիշատակը անթառամ մնայ։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։
Օրհնեալ է Յարութիւն Քրիստոսի:
+ ՌԱՖԱՅԷԼ-ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ.
Կաթողիկոս-Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ