Որոնել

Գերպտ. Հ. Յարութիւն Վրդ.Արշինակեան Գերպտ. Հ. Յարութիւն Վրդ.Արշինակեան 

Գերպտ. Հ. Յարութիւն Վրդ.Արշինակեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնն ու կենագրականը

«Ս. Ընտանիք» եկեղեցիին մէջ, տեղի ունեցաւ Գերպտ. Հ. Յարութիւն Վրդ.Արշինակեանi քահանայաթաղումին արարողութիւնը՝ մասնակցութեամբ տեղական համայնքապետներու ու քահանաներու եւ հոզ բազմութիւն մը հաւատաոր ժողովուրդին։

«Բարի պատերազմը պայքարեցայ, ընթացքս աւարտեցի, հաւատքը պահեցի։ Հիմա պատրաստ է արդարութեան պսակը, զոր Տէրը՝ արդար Դատաւորը պիտի տայ ինծի այն Օրը․․․» (2Տիմ. 4,7-8):

Երեքշաբթի 29 Յուլիս 2025-ին, Հասաքէ քաղաքին մէջ, առաւօտեան ժամը ութին, իր սեպհական բնակարանին մէջ, յանկարծամահ ուղեղի կաթուածով (Ինսուլտ) իր հոգին աւանդեց Տիրոջ ձեռքերուն մէջ՝ բանալու համար իր աչքերը յաւիտենական արքայութեան մէջ, Հ․ Յարութիւն Վրդ․ Արշինակեան։
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7-ին, «Ս. Ընտանիք» եկեղեցիին մէջ, տեղի ունեցաւ քահանայաթաղումին արարողութիւնը՝ մասնակցութեամբ տեղական համայնքապետներու ու քահանաներու եւ հոզ բազմութիւն մը հաւատաոր ժողովուրդին։
Չորեքշաբթի, 30 Յուլիս 2025-ին, նոյն եկեղեցիին մէջ, առաւօտեան ժամը 9-ին, հոգեհանգստեան սուրբ եւ անմահ Պատարագը ու պաշտօնը մատուցանեց Արժնպտ. Տ. Նուպար Քհն․ Մելքոնեան՝ մասնակցութեամբ Ճեզիրէի Հայ Առաքելական Առաջնորդական Փոխանորդին՝ Հոգեշնորհ Հ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի եւ Արժնպտ. Տ. Պսակ Քհն. Պէրպէրեանի։ Հայր սուրբին մարմինը հանգչեցաւ եկեղեցիին հոգեւորականներուն յատկացուած դամբարանին մէջ։

Կենսագրական տուեալներ։

Հ․ Յարութիւն Վրդ․ Արշինակեան՝ աւազանի անունով «Արթին», ծնած է 10 Մարտ 1952-ին, «Թել Արման-Հայ Գիւղ», Սուրիոյ Հիւսիս-արեւելեան Բարձ Ճեզիրէի շրջանին մէջ։

1961-ին, իր նախնական կրթութիւնը ստացած է գիւղի ծխական վարժարանին մէջ, ապա ընտանիքով կը տեղափոխուի ու կը հաստատուի Հասաքէի «Ալ-Նասիրա» քրիստոնէական թաղամասին մէջ՝ շարունակելով իր բարձրագոյն ուսումները։
1970-ին, ընդունուեցաւ Հալէպի պետական Համալսարանը՝ հետեւելով գիւղատնտեսական ուսումը, սակայն իր մէջ միշտ զգացած է քահանայական կոչումը՝ ազդուած Փրանկիսկեան առաքեալներէն, որոնք ստէպ կը յաճախէին ծննդավայրը։
1970-1973-ին, երջանկայիշատակ Հ․ Գրիգոր Եպս․ Այվազեանի շնորհիւ՝ կ՛ուղարկուի Լիբանան, Զմմառի դպրեվանքը, հմտանալու համար եկեղեցական, հայագիտական գիտելիքներու եւ օտար լեզուններու մէջ։ 1975-1980 տարիներուն, կը մեկնի Հռոմ Ք․ Լեւոնեան Հայ Վարժարանը՝ հետեւելով իմաստասիրական եւ աստուածաբանական ուսումներուն՝ «Angelicum» Դոմինիկեան Հայրերուն համալսարանին մէջ։
22 Յունիս 1980-ին, Հասաքէի «Ս. Ընտանիք» եկեղեցիին մէջ, կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ՝ ձեռամբ Գերպծ. Հ․ Գրիգոր Եպս․ Այվազեան վիճակաւորին։
1980-1984 տարիներուն ծառայած է Հասաքէի եւ Գամիշլիի ժողովրդապետութիւններուն մէջ՝ հիմնելով «Սրբուհի Ռիթայի Եղբայրութիւնը»։
1984-2011 տարիներուն, կը նշանակուի Տէր-Զօրի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցիին ժողովրդապետը։
Տարիներու առաքելութեան ընթացքին Տէր-Զօրի մէջ, իր օրով, եկեղեցիին շինութիւնը հասաւ իր աւարտին, ինչպէս ալ յարակից սրահներն ու ծերանոցը վերանորոգուեցան: Երիտասարդական կենդրոնը ստեղծուեցաւ ուսանողներուն համար, բայց ամենակարեւորն է Հ․ Յարութիւնի մշտական եւ կենդանի ներկայութինը ժողովուրդին կողքին՝ հոգալով անոր հոգհոգւոցն ու կարիքները։
2011-ին, սուրիական պատերազմին պատճառով, կը տեղահանուի իր հաւատացեալ ժողովուրդին հետ, դէպի Հասաքէ։
2015-ին, տարի մը, կը ծառայէ Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան մէջ որպէս օգնական վարդապետ եւ ապա կը վերադառնայ Հասաքէ, ուր կը մնայ մինչեւ իր վախճանումին օրը։

Ցաւակցական գիրը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն․Ա․Գ․Տ․Տ․ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին

«Շա՛տ լաւ, բարի եւ հաւատարիմ ծառայ, որովհետեւ քիչի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատի վրայ պիտի դնեմ. մտի՛ր քու Տիրոջդ ուրախութեան մէջ»:
Յարութեան հաւատացող եւ Աստուծոյ կամքին վստահող սրտով առինք Տէր Զօրի եւ Հասաքէի Հայ Կաթողիկէ Համայնքներուն հոգեւոր հովիւին՝ Գերպտ. Հ. Յարութիւն Վրդ. Արշինակի մահուան լուրը
Հրաժեշտ կու տանք այս հաւատարիմ վարդապետէն, որ հաւատարմութեամբ ու խաղաղութեամբ ծառայեց հովուական դժուար պայմաններու մէջ: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Տիրոջ՝ անոր նուիրումով, աղօթքով, անսասանութեամբ եւ անշէջ յոյսով լեցուն կեանքին համար։
Մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Ճէզիրէի և Միջագետքի թեմին առաջնորդին՝ Գերպծ. Հ. Անդրանիկ Եպս. Այվազեանին, մեր քահանայ եղբայրներուն, հանգուցեալ հօր հարազատներուն և անոր բոլոր սիրելիներուն՝ հայրենիքին և սփիւռքին մէջ։ Անոր մահով չի մարիր անոր վկայութեան լոյսը, այլ՝ մեր մէջ կը սերմանէ այն անարատ յոյսը, թէ այդ անհատները, որոնք անկեղծութեամբ ու հաւատքով կը գործեն այս երկրին վրայ, անոնց համար տեղ պիտի պատրաստուի դրախտին մէջ:
Անոր անմեղ հոգին եւ օրհնեալ առաքելութիւնը միշտ կը յիշենք մեր աղօթքներուն մէջ: «Շա՛տ լաւ, բարի եւ հաւատարիմ ծառայ, որովհետեւ քիչի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատի վրայ պիտի դնեմ: Մտի՛ր քու Տիրոջդ ուրախութեան մէջ» (Մտթ. 25,21)։
Յաւերժական հանգիստը շնորհէ՛ անոր, ո՜վ Տէր, եւ թող յաւիտենական լոյսը շողայ անոր վրայ։ Թող անոր յիշատակը անթառամ մնայ։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, Օրհնեալ է Յարութիւն Քրիստոսի:

ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՅՆ․․․ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ։
Քեսապ 08/08/2025

Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան

Ս․ Միքայէլ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն՝
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2025, 09:26