Որոնել

Կրօնաւորուհիներ Կրօնաւորուհիներ  (© Uisg)

Մեծաւորուհիներու միջազգային միութեան նախաձեռնութեամբ աղօթքի եւ պահքի օր՝ խաղաղութեան համար։

Խաղաղութեան նուիրուած աղօթքի օրը կազմակերպուած է ընդհանուր մեծաւորուհիներու միջազգային միութեան կողմէ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

14 օգոստոս 2025ին, Տիրամօր վերափոխման տօնին նախօրէին, Ընդհանուր մեծաւորուհիներու Միջազգային Միութիւնը հռչակեց խաղաղութեան համար ծոմապահութեան եւ աղօթքի համաշխարհային օր՝ ներգրաւելով կրօնական համայնքները ու բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին միանալ նախաձեռնութեան։ Աղօթքի եւ ծոմապահութեան օրուան նպատակն է զօրակցիլլ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ՝ Կազայի, Սուտանի, Ուքրանիոյ, հայիթիի, Քոնկոյի, Սուրիոյ եւ Միանմարի մէջ բռնկուած պատերազմներէն եւ ճգնաժամերէն տուժած անձերուն, յատուկէն ուշադրութիւն դարձնելով կանանց եւ երեխաներուն։

Խաղաղութեան համար Նախաձեռնութիւնը կազմակերպուած է երեք շօշափելի գործողութիւններով, աղօթելով, մտածելով Աստուծոյ խօսքին մասին, խնդրելով իշխանութիւններէն արդարադատութիւն եւ հաշտութիւն ինչպէս նաեւ շօշափելի կերպով աջակցելով տառապողներուն, մարդասիրական օգնութիւններով։

Միջազգային ընդհանուր մեծաւորուհիներուն միութեան կրօնաւորուհիները իրենց ուղղած հրաւէրին մէջ յիշելով հաղորդութեան ոգին եւ աւետարանական համատեղ պատասխանատուութիւնը հրաւիրած են միանալու աղօթքի, զատորոշումի եւ վկայութեան համատեղ գործողութեան, որպէսզի խաղաղութիւնը ոչ միայն յոյս դառնայ այլ կառուցուի։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2025, 13:05