Որոնել

Աղօթք Աղօթք 

«Վստահութիւն դնենք մեր աղօթքին մէջ» Հայր Գէորգ Եպիս Աստատուրեան

Աղօթենք ակնկալող հաւատքով, որ Աստուած անպայմանօրէն կը լսէ մեզի՝ որպէս որդիներ, եւ միշտ մեր մօտ կ'ըլլայ մեզ օրհնելու եւ պահելու: Ստանանք Աստուծոյ խաղաղութիւնն ու օրհնութիւնը եւ ըլլանք զայն տարածողներ մեր շրջապատին մէջ։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

« Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի» (Ղուկ. 11:9)

Ս. Հոգիին շնորհքը ընդունելու առաջին պայմանն է խնդրելը: Եւ այս խնդրանքը այն աղօթքն է, որ պէտք է մատուցուի առանց դժուարութեան եւ կամ հաւատքի տարակուսանքի: Որովհետեւ այս աղօթքը մեզ կը թոյլատրէ ընդունելու այն ինչ, որ կարեւոր է մեր քրիստոնէական կոչումը ապրելու համար:
Յիսուս կը թելադրէ մեզի, որ կեանքի մարտահրաւէրներու դիմաց չընկրկինք եւ կամ չմտահոգուինք, այլ պարզապէս խնդրենք մեր երկնաւոր Հօրմէն ամէն ինչ որ կարեւոր է մեր կեանքին համար, այն վստահութեամբ որ Ան պիտի լսէ եւ Իր կամքին համաձայն օգնութեան պիտի հասնի մեզի: Նման վստահութիւնը եւ կամ հաւատքի ակնկալութիւնը անպայմանօրէն հաճելի է Աստուծոյ, որուն Ան անվարան կը պատասխանէ: Այս իմաստով սրբուհի Թերեզան կ'ըսէ. «Աստուած հօր մը սիրտը ունի, որ երբեք չի տոկար որդիական վստահութեան իր զաւակներուն, մասնաւորապէս երբ անոնք Իրէն դառնան զղջումի խոնարհութեամբ»: Խոնարհութիւնը գլխաւոր պայմանն է, ընդունելու Ս. Հոգիին շնորհքները: Ս. Պետրոս կ'ըսէ.« վասն զի Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ» (1 Պետ. 5:5): Խոնարհ ըլլալ կը նշանակէ ընդունիլ մեր մարդկային տարութիւններն ու սահմանափակութիւնը եւ հաշտուիլ անոնց հետ, որովհետեւ «Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է, ու հոգիով խոնարհածները կ՚ապրեցնէ» (Սղմ. 34:18): Այս մասին սրբուհի Թերեզան կ'ըսէ.«Աստուած տեսնելով մեր խոնարհութիւնը եւ փոքրութիւնը, մեզ կը կերպարանափոխէ բոց մը սիրոյ»: Խոնարհութեան առաքինութիւնը ապրելով, մենք կը նմանինք Յիսուս, որ Իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց որպէս խոնարհութեան նշան: Ան ըսաւ.« Որդին մարդոյ չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու, հապա ծառայելու» (Մտթ. 20:28):

Յիսուսի փափաքն է, որ մենք շնորհքներով լեցուինք: Եւ երբոր այս կատարենք, Ան մեզի բարձր կը գնահատէ, որովհետեւ աստուածային շնորհքը մեզ կ'առաջնորդէ դէպի սրբութեան: Սրբութիւնը Աստուծոյ անունը կը մեծարէ եւ մեզ կ'առաջնորդէ, որպէսզի Աստուծոյ շնորհքները տանինք մեր նմանին՝ կարիքաւորին եւ յուսալքուածին:

Աշխարհը պէտք ունի տեսնելու Աստուծոյ իսկական որդիները. անոնք որոնք կ'ապրին Աստուծոյ կամքին համաձայն եւ զԱստուած կը դնեն իրենց կեանքին առաջին դիրքին վրայ: Ս. Յովհաննէս Առաքեալ կ'ըսէ.« Բայց որոնք որ զինք ընդունեցին, անոնց իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու» (Յովհ.1:12): Աստուծոյ որդի ըլլալ իշխանութիւն է, եւ պէտք զայն իմաստութեամբ եւ խոնարհութեամբ գործածենք: Աղօթենք ակնկալող հաւատքով, որ Աստուած անպայմանօրէն կը լսէ մեզի՝ որպէս որդիներ, եւ միշտ մեր մօտ կ'ըլլայ մեզ օրհնելու եւ պահելու: Ստանանք Աստուծոյ խաղաղութիւնն ու օրհնութիւնը եւ ըլլանք զայն տարածողներ մեր շրջապատին մէջ. Ամէն:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/08/2025, 08:00