Որոնել

Յիսուս Յիսուս 

«Զօրութիւն՝ Տկարութեան Մէջ» Հայր Գէորգ եպիս Ասատուրեան

Աստուած կ'ուզէ, որ ոչինչի վերածէ մեր հպարտութիւնը մեզի տանելու այն խոստովանքին, թէ մենք փոքր ենք եւ պէտք է դիմադրենք բոլոր նեղութիւններուն եւ նորութիւններուն:
Ունկնդրէ լուրը

«Ուստի կը յօժարիմ տկարութիւններու, արհամարհանքներու, հարկադրանքներու, հալածանքներու, տագնապներու՝ Քրիստոսի համար, որովհետեւ երբ տկար եմ՝ այն ատեն զօրաւոր եմ»: (Բ. Կորթ. 12:10)


Վերեւ յիշուած համարով Ս. Պօղոս առաքեալ կը խօսի տկարութեան եւ զօրութեան մասին, որուն մէջ հակասութեան մէջ կը մտնէ, որովհետեւ իսկական զօրութիւնը կիւ գայ տկարութենէն ետք. անոնք երբեք չեն կրնար զուգահեռ միասին քալել: Սակայն Յիսուս հաւատացեալներուն տուած է շնորհքն ու զօրութիւնը յաղթելու հակառակորդին անարգանքներուն, վիշտերուն, եւ հալածանքներուն, երբ Իր հրաշափառ յարութեամբ յաղթեց մահուան եւ անոր խայթոցին:

Ներկայի արեւմտեան ընկերութիւնը մարդկային եւ քրիստոնէական չափանիշերն ու արժէքները շրջելով, յառաջ բերած սերունդ մը, որ զօրութիւն խոստանալով տկարութիւն կը մատուցէ մարդկութեան, եւ որուն հետեւանքով ընտանիքն ու քրիստոնէական արժէքները քայքայուելու եւ քանդուելու ենթակայ է:

Կը գտնուինք աշխարհի մը մէջ, ուր գիտութիւններու կարողութիւնները ամէն տեղ տարածուած են, եւ կը տիրեն ամէն բանի վրայ: Ասոր դիմաց կը տեսնենք մարդը, որ աւելի տկար կը դիմադրէ, որովհետեւ անկարող կը գտնուի դիմադրելու աշխարհի փոփոխութիւնները, որ զինք տկար պայքարին մէջ կը դնէ: Հոս մարդս իր տկարութեան մէջ կը մնայ, եթէ չդիմէ աստուածային շնորհքին եւ զօրութեան՝ մանաւանդ աստուածային զօրութեան:
Աստուած կ'ուզէ, որ ոչինչի վերածէ մեր հպարտութիւնը մեզի տանելու այն խոստովանքին, թէ մենք փոքր ենք եւ պէտք է դիմադրենք բոլոր նեղութիւններուն եւ նորութիւններուն:

Որքան, որ եկեղեցի յառաջ երթայ իր պատմութեան մէջ, այնքան պէտք է զգայ որ աւելի խոնարհ եւ աղքատ է դառնայ Ս. Հոգիին միջոցաւ: Ս. Հոգին կ'ուզէ եկեղեցի մը կերտել աւետարանական իրականութիւններուն եւ նմուշներուն պէս, որ չի հենու մարդկային ուժին վրայ, այլ Աստուծոյ ուժին վրայ:
Ս. Հոգին կ'ուզէ Եկեղեցի մը կերտել, որ սիրով կ'ընդունի ամէն տեսակի վէրքեր եւ աղքատութիւններ: Ասոր համար մեր կեանքէն պէտք է հեռացնել հպարտութիւն եւ մարդկային տկարութիւն: Ս. Եսայի մարգարէ կ'ըսէ. «Մարդուն ամբարտաւան աչքերը պիտի խոնարհին,Մարդոց հպարտութիւնը պիտի ցածնայ։ Այն օրը միայն Տէրը պիտի բարձրանայ» (Ես. 2:10)։ Այս պատճառով աղօթքն ու խոնարհութիւնը մեզի սրբութեան կը տանի. ամէն:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2025, 08:00