«Տկարութեամբս Սրբութեան Պիտի Ձգտիմ» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան
Վատիկանի Բ. Ժողովը կը խնդրէ բոլոր հաւատացեալներէն, որ սրբութեան ձգտին: Որքանով, որ մեր հոգեւոր կեանքը զօրացնենք, այնքանով մեր մարդկային տկարութիւններուն եւ կեանքի մարտահրաւէրներուն յաղթահարելու զօրութիւն կ'ունենանք: Հոգեւոր կեանքը զօրացնելու համար անհրաժեշտ է խոնարհ ըլլանք եւ աշխարհիկ ինչքերէն կապուածութենէն ձերբազատուինք: Այս կատարելու համար, պէտք ունինք աստուածային շնորհքին, որովհետեւ անկարելի է մեր անձնական ջանքերով մեր կեանքերը փոխենք: Այս կապակցութեամբ սրբուհի Թերեզան Տի Լիզիոյ մեզ կը խրատէ ըսելով. «կարելի չէ կէս սուրբ ըլլալ, պէտք է ամբողջովին սուրբ ըլլալ, կամ ամբողջովին չըլլալ»: Այնքանով սրբութեան ձգտինք, այնքանով մեր մեղքերէն կը ձերբազատուինք եւ հոգեւոր կեանքին մէջ կը զօրանանք: Քրիստոս խօսելով գաղջ հաւատացեալներուն մասին կ'ըսէ.« Ուստի դուն որ գաղջ ես ու ո՛չ տաք՝ ո՛չ ալ պաղ, քեզ բերնէս դուրս փսխելու վրայ եմ» (Յայտ. 3:16):
Սակայն եւ այնպէս Աստուած, որ սիրոյ Հայր է, միշտ մեզի առիթ կու տայ վերականգնելու եւ վերանորոգուելու. երբեք չի փափաքիր որ մենք մեր տկարութեան մէջ մնանք: Մեր սրբութեան ձգտող ճամբուն մէջ պէտք է հեռացնենք մեզմէ հպարտութիւնը եւ եւ աշխարհիկ ինչքերու կապուածութիւնը, որպէսզի Աստուծոյ հաճելի կեանք մը ապրինք՝ ըլլալով խոնարհ, սիրով լեցուն: Այն ժամանակ Աստուած պիտի լսէ մեր խնդրանքները եւ ընդառաջէ մեր խնդրանքներուն: Ամենամեծ պայմանը Ս. Հոգիին շնորհքը ընդունելու համար, խոնարհ ըլլալն է: Ս. Եսայի մարգարէ կըսէ.« Քանզի այս բոլորը իմ ձեռքս շինեց, ու այս բոլորը իմս են, կ՚ըսէ Տէրը. Բայց ես այս մարդոց պիտի նայիմ, այսինքն խոնարհին եւ կոտրած հոգի ունեցողին ու իմ խօսքէս դողացողին» (Ես. 66:2):
Ներկայ աշխարհը անդադար կը մերժէ խոնարհութիւնը, միշտ աւելի արժեւորելով ամբարտաւանութիւնը։ Բայց յիշենք, որ Քրիստոս ինք համեստ եւ խոնարհ էր մինչեւ խաչ։ Ան մեզի սորվեցուց իսկական մեծութիւնը ՝ երբ մարդ մը խոնարհւոթեամբ իր անձը կը դնէ ուրիշներուն ծառայութեան մէջ. եւ ոչ թէ եսակեդրոն կեանք մը ապրելիլ:
Խոնարհութիւն չի նշանակեր ինքնավստահութեան բացակայութիւնը եւ կամ վախկոտութիւն։ Ընդհակառակը, խոնարհ մարդը իիսկական քաջն է։ Ան կարող է ներել,սիրել, մերժել վրէժխնդրութիւնը եւ ըլլալ երախտապարտ։ Խոնարհ մարդը կրնայ հրաժարուիլ իր ցանկութիւններէն՝ դրացիին համար։ Այսօր մենք պէտք է ըմբռնենք թէ, խոնարհութիւնը քաջութեան անուն է, եւ ոչ թէ թուլութեան։
Յիսուս իր լերան քարոզին մէջ ըսաւ.« Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է» (Մտթ. 5:3): Միայն խոնարհումով է, որ կը բացուի երկնքի դռները։
Եկէք թոյլ տանք, որ այդ մխիթարութիւնն ու խաղաղութիւնը, որու մասին Ս. Ղուկաս կը գրէ ըսելով. «Ով խոնարհ է սրտով է … », մեր հոգիները լեցնէ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ