Որոնել

2025.08.21 Sito dedicato al Beato Ignazio Maloyan e invito per cerimonia canonizzazione

Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանին նուիրուած պաշտօնական կայքէջ ու հրաւէր

«Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը և Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը սիրով կը հրաւիրէ ձեզ մասնակցելու Մարտինի հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոս, 1915 թուականի հայոց ցեղասպանութեան նահատակ, երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման արարողութեան» որ տեղի պիտի ունենայ «Կիրակի 19 Հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 10,30-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ուրախութիւնը ունինք յայտարարելու թէ արդէն իսկ սկսած է գործել Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի նուիրուած պաշտօնական էջը»։ Այս երկտողով է` որ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան վարչութիւնը կը յայտարարէ յառաջիկայ 19 Հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին գլխաւորութեամբ կայանալիք պաշտօնական արարողութեան մը ընթացքին Սուրբերու շարքին դասուելիք Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանին նուիրուած «Ֆէյսպուքի» եւ «ինսթակրամի» կայքէջի բացումը, նպատակ ունենալով Մարտինի Կաթողիկէ Հայոց երբեմնի արքեպիսկոպոս եւ 1915-ի ցեղասպանութեան նահատակ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի սրբութեան համբաւի տարածումը։

Հրաււէրը
Հրաււէրը

Կայքէջին մէջ տեղադրուած է Սրբադասման արարողութեան մասնակցելու հրաւէրը ուր կը կարդանք.

«Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը և Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը սիրով կը հրաւիրէ ձեզ մասնակցելու Մարտինի հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոս, 1915 թուականի հայոց ցեղասպանութեան նահատակ, երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման արարողութեան որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի` 19 Հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 10,30-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ»։

«Կը խնդրենք մեր հաւատացեալներէն հրաւէրը ընդունիլ եւ զայն ուղարկել բոլորին որպէսզի անոր սրբութեան համբաւը տարածենք ամէնուրեք» գրուած է միշտ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյանին նուիրուած կայքէջին մէջ։

Մալոյեան Երանելի հռչակուելէն 24 տարիներ ետք կը դասուի սուրբերու շարքին

Նշենք` որ Ինգտնատիոս Մալոյեանը երանելի հռչակուեցաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. օրով` 7 հոկտեմբեր 2001 թուականին, Հայաստանի Քրիստոնէացման 1700 ամեակին առիթով, իսկ այժմ այդ թուականէն 24 տարիներ ետք` Ան պիտի դասուի Տիեզերական Եկեղեցւոյ սուրբերու շարքին։

Անոր սրբադասման արարողութիւնը վաւերացուց հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապը, անցեալ 28 Մարտին, իր մահկանացուն կնքելէն մի քանի շաբաթներ առաջ, ընդառաջելով Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պաատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս 21-րդ Մինասեանի խնդրանքին, հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի 110-րդ տարելիցի նախօրէին։

Մալոյանի հետ միասին Սուրբ կը հռչակուին այլ եօթը Երանելիներ

Իսկ Մալոյեանի Սրբադասման արարողութեան թուականը որոշուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին գլխաւորած Կարդինալական Ժողովի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 13 Յունիս 2025-ին։

Այդ օր` 19 Հոկտեմբերին, Միսիոներական Համաշխարհային Օրուան առիթով, Մարտինի Հայ Կաթողիկէ նահատակ Արքեպիսկոպոսին հետ միասին սուրբերու շարքին պիտի դասուին այլ եօթը երանելիներ. Փափուա Նոր Կինէայէն Peter To Rot աշխարհական կրօնուսոյցը7 որ սպաննուեցաւ 1945-ին, ճափոնցիներու կողմէ սահմանուած արգելքին հակառակ իր առաքելական ծառայութիւնը շարունակելու համար: Ան պիտի դառնայ Փափուա Նոր Կինէայի առաջին սուրբը։ Ապա Vincenza Maria Poloni` Վերոնայի Ողորմութեան Քոյրերու հաստատութեան հիմնադիրը, Maria del Monte Carmelo Rendiles Martínez Յիսուսի Աղախիններու Միաբանութեան հիմնադրուհին, եւ կրօնաւորուհի Maria Troncatti-ին, Քրիստոնեաներու Օգնական Մարիամի դուստրեր միաբանութենէն։

Նոյն օրը խորաններու պատուոյն պիտի արժանանան նաեւ երկու աշխարհականներ` José Gregorio Hernández Cisneros վենեզուելլացի բժիշկ, Ֆրանչիսքեան միաբանութեան աշխարհական կարգի անդամ, որ ճանչցուած էր որպէս աղքատներու բժիշկը, տրուած ըլլալով որ Ան անվճար կը խնամեր աղքատները հուսկ Երանելի Պարթոլօ Լոնկոն` հիմնադիրը Փոմփէյի Վարդարանի Տիրամօր սրբավայրին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2025, 07:59