Ափրիկէէն Ասիա կ՛աճին Քրիստոնեաներուն դէմ յարձակումները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
22 օգոստոսին յիշատակուեցաւ ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած «Կրօնական համոզումներու հիման վրայ բռնութեան զոհերու յիշատակի միջազգային օրը»։
Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն պապական հիմնադրամի զեկոյցի համաձայն Քրիստոնէական համայնքներու նկատմամբ բռնութիւնն ու հալածանքները ամբողջ աշխարհի մէջ մտահոգիչ աճ արձանագրած են` սկսեալ Ափրիկէէն մինչեւ Ասիական ցամաքամաս, ուր զինեալ ահաբեկիչ խումբեր կը շարունակեն յարձակումներ կատարել կրօնական կառոյցներու դէմ ու առեւանգել կրօնաւորներ։ Մի քանի օրեր առաջ Հնդկաստանի Եպիսկոպոսները դատապարտեցին Օրիսայի արևելեան շրջանի մէջ քրիստոնեաներու նկատմամբ բռնութեան սրումը: Միևնոյն ժամանակ, Ափրիկէի մէջ, ուր կրօնական հալածանքներու պատուհասը յատուկէն հարուածած է Սահելի և ցամաքի արևմտեան մասերու համայնքները, Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մէջ վերջին շաբաթներու արիւնալի իրադարձութիւնները կը հաստատեն, թէ ինչպէս փոքրամաս համայնքները դարձած են բռնութեան անմեղ զոհերն։
Պետութիւններու պատասխանատուութիւնը
ՄԱԿ-ը 22 օգոստոսը յայտարարելով «Կրօնական համոզումներու հիման վրայ բռնութեան զոհերու յիշատակի միջազգային օր», ընդգծեց` որ Պետութիւնները առաջնային պատասխանատուութիւնն ունին խթանելու ու պաշտպանելու մարդկային իրաւունքները, ներառեալ կրօնական փոքրամասնութիւններու պատկան անձերը, ներառնելով կրօնը կամ համոզմունքները ազատօրէն դաւանելու իրաւունքը։
Վերջին զեկուցեցրու համաձայն աճած են քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքները
«Եթէ կրօնական ազատութիւնը մերժուած է մէկ խումբի համար, ուշ թէ կանուխ ան կը մերժուի նաև միւսներուն համար», - զգուշացուցած է Մարթա Փեթրոզիլլոն, որ Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն Քահանայապետական հիմնադրամի ներքոյ կը ղեկավարէ աշխարհի մէջ կրօնական ազատութեան նուիրուած երկամեայ զեկոյցը:
«Open Doors – Բաց դռներ» ընկերակցութեան վերջին զեկոյցի համաձայն աշխարհի մէջ հալածուած ու խտրականութեան ենթարկուած քրիստոնեաներուն թիւը աճած է եւ 365 միլիոնէ հասնելով 380 միլիոնի։
«Բաց դռներ»ու ցուցակի առաջին հնգեակին մէջ կան` Սոմալիան, Եմենը, Լիպիան և Սուտանը: Փաքիստանը ապա կը մնայ աշխարհի այն երկրներէն մին` ուր աւելիով կը բացայայտուի հակա-քրիստոնէական բռնութիւնը, մասնաւորապէս՝ հայհոյանքի մեղադրանքներու պատճառով, Հնդկաստանի մէջ եւս արձանագրուած է քրիստոնեայ փոքրամասնութեան հիմնարար ազատութիւններու անկում:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ