«Միութիւն՝ տարբերութեան մէջ» - Եւրոպայի Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու առաջնորդներու 26րդ հանդիպումը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սկիզբ առաւ Եւրոպայի Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու առաջնորդներու 26րդ հանդիպումը, որ այս տարի կազմակերպուած է Վիեննայի մէջ, հովանաւորութեամբ Եւրոպական Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասերու Խորհուրդին, եւ հիւրընկալութեամբ Վսեմաշուք Կարդինալ Քրիստոֆ Շէօնպորնի, որ Աւստրիոյ Առաջնորդի պաշտօնէն հրաժարած ըլլալով հանդերձ, տակաւին կը մնայ Արեւելեան եկեղեցիներու պատկանող հաւատացեալներու առաջնորդը։
ժողովները կը տեւեն չորս օր 8-էն 11 Սեպտեմբեր 2025 եւ որպէս Նիւթ ունին՝ «Միութիւն՝ տարբերութեան մէջ» Արեւելեան Կաթողիկէ եկեղեցիները Եւրոպայի մէջ։
Հանդիպումին կը մասնակցի նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը` Վսեմաշուք Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին որ հաւաքի բացման արարողութեան ընթացքին` երեքշաբթի 9 սեպտեմբերի առաւօտեան, ելոյթ ունեցաւ «Միութիւն տարբերութեան մէջ, ճանապարհի վրայ խոչնդոտները» նիւթի մասին։
Չորս օր տեւող այս հաւաքի ընթացքին նախատեսուած են զեկոյցներ, կլոր սեղաններ, աղօթք ու զանազան ծէսերով պատարագ, ապա այցելութիւն Վիեննայի մէջ Սուրբ Աթոռի Առաքելական Նուիրակին, Վիեննայի մէջ գտնուող Մենաստանի մը ինչպէս նաեւ հանդիպում Աւստրիայի Կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ։
Հաւաքը պիտի աւարտի 11 սեպտեմբերի կէսօրին։ Յայտնենք որ հաւաքին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց առաջնորդ եւ պատրիարքական կառավարիչ գերապայծառ Վարդան Թ. Ծ. Վ. Գազանճեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ