Որոնել

Խաչի լոյսը Խաչի լոյսը 

«Երկնքի Ուրախութիւնը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Դուն մեծ ես, ո՜վ Տէր, իսկ մենք պզտիկ ենք։ Կը կարօտինք միշտ քու մեծութեանդ եւ օգնութեանդ: Չեմ ուզեր քեզմէ հեռու ըլլալ, որպէսզի մտավախութիւնը եւ երկչոտութիւնը չցանեմ իմ սրտի մէջ եւ շուրջը:

«Չէ՞ք կարծեր, որ եթէ մարդ մը հարիւր ոչխար ունենայ եւ անոնցմէ մէկը կորսուի, իննսուն եւ ինը չի թողուր լեռ եւ չ'երթար կորսուածը փնտռելու։ Եթէ գտնէ զայն, աւելի կ'ուրախանայ անով քան իննսուն եւ ինին համար, որոնք չէին կորսուած: Այսպէս նաեւ ձեր երկնաւոր Հայրը, չ'ուզեր որ այս փոքրիկներէն մէկը կորսուի»: (Մտթ. 18:12-14):

Յիսուս յաճախ կը խօսէր իր առաքեալներուն եւ Հրեայ ժողովուրդին ապաշխարութեան եւ ներումին մասին: Ան մինչեւ վերջին վայրկեանը ներեց իր թշնամիներուն, որոնք չգիտցան իրենց արարքին ծանրութիւնը: Յիսուսի վերջին խօսքերը եղան ներումի արտայայտութիւն ուղղուած աջակողմեան աւազակին: Երբեմն կը մոռնանք ներումի եւ վերադարձի ուրախութիւնը, եւ կը մնանք մեր խաւարին մէջ. այս պատճառով այսօրուայ յօդուածին մէջ պիտի նշմարենք թէ ուրախութիւնը եւ թէ տխրութիւնը (ինչպէս արեւ՝ անձրեւէն ետք): Յիսուս տխուր է որովհետեւ իր ոչխարը՝ այսինքն իր հաւատացեալը կորսուեցաւ, հակառակ այն իրականութեան, որ ան գոհ եւ հանգիստ էր հօտին մէջ։ Կը նմանի այդ հաւատացեալի, որ կը ձգէ իր եկեղեցին եւ իր հաւատքը: Տխուր է եկեղեցին որովհետեւ իր հաւատացեալներէն մէկը կը լքէ իր հաւատքն ու եկեղեցին՝ երթալու ուրիշ տեղ, թերեւս ուրիշ կրօնք կամ բոլորովին դաւանափոխ ըլլալու։ Եկեղեցւոյ համար մեծ խռովութիւն մըն է, երբ անհասկացողութիւններ կամ ձախողութիւններ կը գտնուին իր կեանքին մէջ: Ասոր համար Յիսուս կը նեղուի կորսնցնելով իր հաւատացեալ խումբին զաւակներէն մին: Երբեմն կը նշմարենք պզտիկի մը լացը եւ տխրութիւնը երբ իր խաղալիքներէն մէկը կորսնցնէ:

Ահա դարձը, երբեմն անսպասելի:

Յիսուս ետ կը գտնէ իր ուրախութիւնը, երբ բոլորս միասին կ'աշխատինք վերադարձնելու կորսուած անդամ մը:

Ան կը նմանի նորածին ոչխարի: Այդ նորածին ոչխարին կրած ուրախութիւնը անձնական ըլլալէ աւելի կ'անցնի այդ մնացած 99 ոչխարներուն սրտին մէջ։ Հոս կը հարցնենք մենք մեզի. «արդե՞օք մնացած 99 ոչխարները նուազ սիրելի են Յիսուսի համար»։ Ո՛չ, որովհետեւ ասոնք երբեք իրեն նեղութիւն չեն պատճառած եւ հաւատարիմ մնացած են, թէ իրեն եւ թէ իր աստուածային կամքին:

Կորսուած ոչխարին պատկերը հասկցնել կ'ուզէ իւրաքանչիւր քրիստոնեային իր կարեւորութիւնը Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ համար: Յիսուս շատ կը տխրի, երբ իրմէ հեռանանք որեւէ պատճառի մը համար։ Յիսուս կ'ուզէ որ մեր աչքերը միշտ իրեն սեւեռենք, միմիայն, որպէսզի միշտ ուրախ եւ հանգիստ ըլլանք. որովհետեւ ինքը միակ միջոցն է յաւիտենական կեանքին:

Դուն մեծ ես, ո՜վ Տէր, իսկ մենք պզտիկ ենք։ Կը կարօտինք միշտ քու մեծութեանդ եւ օգնութեանդ: Չեմ ուզեր քեզմէ հեռու ըլլալ, որպէսզի մտավախութիւնը եւ երկչոտութիւնը չցանեմ իմ սրտի մէջ եւ շուրջը: Քեզի կը նուիրեմ ինքզինքս այսօր եւ միշտ, որպէսզի դիմադրեմ սատանայի փորձութիւններուն, վայելեմ քու ուրախութիւնդ եւ փոխանցեմ ուրիշներուն հաւատքի քաջութեան հոգին: Ամեն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2025, 08:37