Այսօր եկեղեցին ունեցաւ երկու նոր երանելիներ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 6 սեպտեմբերին, եկեղեցին ունեցաւ երկու նոր երանելիներ, երանացման արարարողութիւնները տեղի ունեցան Թալլին եւ Վէրսբրէմ երկու քաղաքներուն մէջ։ 1940- ականներուն նահատակ, Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Էտուարտ Ֆրոֆիթլչէ եւ աշխարհական Մարիա Մատտալենա Պոտին։
Աստուծոյ ծառայ, Յիսուսեան միաբանութեան անդամ արք Էտուարտօ Ֆրոֆիթլչէ, մահացած է 51 տարեկանին՝ 1942ին, Կիրովի բանտին մէջ, ուր բանտարկուած է խորհրդային վարչաձեւի ժամանակ՝ մահապատիժի սպասելով իսկ Աստուծոյ աղախին Մարիա Մատտալենա Պոտին՝ հունգարացի կին մը, որ 1945 թուականին փորձելով ինքզինք պաշտպանել խորհրդային զինուորի կողմէ բռնաբարութեան ժամանակ սպաննուած է ։
Արք Փրֆիթլիչէի երանացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Էսթոնիոյ Թալլին քաղաքին մէջ, գլխաւորութեամբ Վիեննայի թեմի երբեմնի արք կարդինալ Քրիսթոֆ Շոնպորհնի։
Իսկ Աստուծոյ աղախին Մարիա Մատտալենա Պոտի երանցման արարողութիւնը կատարուեցաւ Հունգարիոյ Վէրսբրէմ քաղաքին մէջ գլխաւորութեամբ Պուտափեշթի թեմի արք կարդինալ Փիթէր Էրտոյի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ