Որոնել

Հայր Ժոզէֆ Ֆառէլ Հայր Ժոզէֆ Ֆառէլ 

Հայր Ժոզէֆ Ֆառէլ ընտրուեցաւ Ակոսթինեաններու ընդհանուր մեծաւոր

հայր Ժոզէֆ Ֆառէլ ընտրուեցաւ Սուրբ Օգոստինոսի միաբանութեան 98-րդ ընդհանուր մեծաւոր։ Անոր ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ Հռոմի մէջ կայացած 188-րդ ընդհանուր ժողովի ժամանակ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սեպտեմբեր 9-ին, հայր Ժոզէֆ Ֆառէլ ընտրուեցաւ Սուրբ Օգոստինոսի միաբանութեան 98-րդ ընդհանուր մեծաւոր։ Անոր ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ Հռոմի մէջ կայացած 188-րդ ընդհանուր ժողովի ժամանակ։ Հայր Ֆառէլը, նախապէս ծառայած է որպէս Միաբանութեան փոխ մեծաւոր, ան կը յաջորդէ Հայր Ալէխանտրօ Մորալ Անթոնիի։

Հայր Ֆառէլ ծնած է 1963 թուականին, յուլիս 11ին, Փենսիլվանիա նահանգի Տէքսէլ Հիլլ քաղաքին մէջ ու Վիլլանովայի Սանթօ Թոմաս Ակոսթինեաններուն նահանգի անդամ էր։ Վիալլանովայի համալսարանի մէջ ուսանած է տնտեսագիտութիւն ու ստացած է տոքթորի աստիճանը Վաշինկթոնի Աստուածաբանական Միութենէն։

Անոր կրօնական կեանքը սկսած է 1987 թուականին, ու առաջին միաբանական ուխտերը կատարած է 1990 թուականին։ 1991ին քահանայ ձեռնադրուելով՝ ան ծառայած է տարբեր ծխական համայնքներու, դպրոցներու եւ համասպրաններու մէջ։ 2013ին ծառայած է որպէս օգնական մեծաւոր, օգնելով միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորին տարբեր գործերու մէջ ինչպէս նաեւ այցելելով աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ գտնուող Օգոստինեան համայնքները։

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը, Ակոսթինեաններուն ընհանուր ժողովին բացումին ժամանակ յորդորեց իր միաբանակիցները խոնարհաբար լսելու Աստուծոյ եւ ուրիշներու ձայնը ու աշխատիլ միութեան համար։ Հայր Ֆառէլը այժմ իր փորձառութիւններով եւ նուիրուածութեամբ  կը ստանայ Ակոսթինեան միաբանութեան ղեկավարութեան պաշտօնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2025, 09:06