Որոնել

2024.04.06 Quartiere Armeno di Gerusalemme

Երուսաղէմի քրիստոնեայ Եկեղեցիները Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքարանի կողքին

Երուսաղեմի պատրիարքներն ու եկեղեցիներուն ղեկավարները կրկին կը դատապարտեն Հայոց պատրիարքարանի դէմ անարդար բռնագրաւման վերաբերեալ լսումները՝ կոչ ընելով անյապաղ միջամտել։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այս տարուայ փետրուարի 19-ին մենք՝ Երուսաղէմի եկեղեցիներու պատրիարքներն ու ղեկավարները, յայտարարութիւն տարածեցինք Երուսաղեմի ուղղափառ հայ պատրիարքարանի մեր սիրելի գործընկերներու հետ զօրակցութեան ի սպաս, որոնք այդ ժամանակ լսումներու ենթարկուած էին Իսրայէլի դատարաններուն մէջ՝ Երուսաղէմի քաղաքապետարանի կողմէ տրուած անարդար բռնագրաւման որոշման վերաբերեալ». Այս խօսքերով կը սկսի 26 սեպտեմբեր 2025-ին տարածուած Երուսաղեմի պատրիարքներուն ու եկեղեցիներու ղեկավարներուն յայտարարութիւնը` հայող Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դէմ ձեռնարկուած գործողութիւններուն, «որոնք հիմնուած են չստուգուած և չափազանց մեծ «Arona Tax» հարկային պարտքի վրայ, որ իրաւաբանօրէն կասկածելի են և բարոյապէս անընդունելի»։

«Այդ ժամանակ առաջին դատական ​​լսումը չեղեալ նկատուեցաւ այն յոյսով որ այս հարցի շուրջ երկխօսութիւն պիտի սկսէր կառավարութեան հետ՝ հարցի արդարացի լուծման հասնելու համար» գրած են Երուսաղէմի եկեղեցիներու առաջնորդները դիտել տալով, որ ցաւօք այժմ նշանակուած է նոր լսում մը` երկուշաբթի՝ 29 սեպտեմբերին, որ «դարձեալ կը սպառնայ հայոց պատրիարքարանի պատկանող գոյքի անարդար բռնագրաւման»։

«Հաշուի առնելով այս վերջին զարգացումը՝ մենք կը շարունակենք միասնականօրեն աջակցիլ հայոց պատրիարքարանին՝ կոչ ընելով իշխանութիւններուն` «բարի կամքի բանակցութիւններ վարել». Կը կարդանք վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ ուր ապա նշուած է. «Մենք նաև կը միանանք հայոց պատրիարքարանին՝ կոչ ընելով երկրի վարչապետին և արտաքին գործերու նախարարին միջամտելու՝ իրաւասու մարմիններէն խնդրելով կասեցնել ընթացիկ դատական​​​​վարոյթը և ապահովել, որ այս հարցի վերաբերեալ յետագայ քննարկումները փոխանցուին համապատասխան վարչութեան»:

«Մենք կը կարծենք, որ միայն նման ընթացքով կարող են պատշաճ կերպով պաշտպանուիլ հայոց պատրիարքարանի իրաւունքները՝ Սուրբ Երկրի միւս բոլոր քրիստոնէական համայնքներու իրաւունքներու հետ միասին» գրած են Երուսաղեմի պատրիարքներն և եկեղեցիների ղեկավարները իրենց հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2025, 16:26