Հնդկաստանի մէջ Քարլօ Աքութիսի նուիրուած առաջին եկեղեցին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հնդկաստանի Վերափոլի քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ Սուրբ Քարլօ Աքութիսի նուիրուած աշխարհի առաջին եկեղեցւոյ։ Օծումը տեղի ունեցաւ սեպտեմբեր 7ին, նոյն օրը Լեւոն ԺԴ. Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ սրբադասեց Աքութիսն ու Փիէր Ճորճօ Ֆրասսաթին։
Սուրբ Քարլօ Աքութիսի եկեղեցին
Եկեղեցին, որ կը գտնուի Քերալա մարզի Փալլքքարա քաղաքի մէջ օծուեցաւ Արք Ժոզէֆ Քալաթիփարամպիլի կողմէ, որ նախագծուած էր, որպէս Երիտասարդներու հովուական ծառայութեան կեդրոն։
Վերափոլի թեմի օգնական եպիսկոպոս, գերպ Միքաէլ Անթոնի Վալունկալ իր խօսքին մէջ ընդգծեց Սուրբ Աքութիսի կարեւորութիւնը, որպէս տիպար երիտասարդ հնդիկներուն համար, մասնաւորապէս՝ հաւատքի եւ արհեստագիտութեան հետ ունեցած անոր յարաբերութիւններուն համար։
Սուրբ Քարլօ Ալութիսը, տիպար երիտասարդ հնդիկներուն համար։
Գերպ Վալունկալ նշեց, որ Սուրբ Քարլօ Աքութիսի կեանքը կրնայ ոգեշնչել երիտասարդները համատեղելու հոգեւորականութիւնն ու արհեստագիտութիւնը, ցոյց տալով որ սրբութիւնը կարելի է նաեւ այսօր։
Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սոան Միքէալ հաստատեց, որ երիտասարդ սուրբին նկատմամբ ջերմեռանդութիւնը արդեն լայն տեղ ունի հաւատացեալներուն շրջանակէն ներս, որոնք կ՝ապաւինին անոր բարեխօսութեան՝ երիտասարդներուն ու իրենց դժուարութեան համար։
Նշենք, թէ եկեղեցւոյ մէջ զետեղուած է նաեւ Սուրբ Աքութիսի մասունքը։ Վերափոլի համայնքը կը հաշուի շուրջ 370 հազար կաթողիկէներ, բաժնուած 183 ժողովրդապետութիւններով, տարածքի 3.8 միլիոն բնակչութիւնով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ