Որոնել

Սուրբ Կոյս Մարիամ Սուրբ Կոյս Մարիամ 

Եկեղեցական Գիտելիքներ Դ. Շաբաթ Վերափոխումէն ետք ( 7_14 սեպտեմբեր 2025)

Երկուշաբթի 8 սեպտեմբերին, տօնն է Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի ծննդեան: Քրիստոնեայ բոլոր ազգերը, մանաւանդ մենք Հայերս, յաճախ, ուխտ կը կատարէ Ս. Աստուածածնին: Պատահական չէ ուխտի այդ գաղափարը որ արմատաւորումն է մեր ժողովուրդի միասնութեան մէջ հանդէպ աստուածամօր, որովհետեւ ինք ուխտի զաւակ մըն է, որովհետեւ իր ծնողաց կատարած ուխտի ի պատասխան, ան ծնած էր Աննայէն, իր մօրմէն որ ամուսնացած էր ու ճանչցուած:
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 7 սեպտեմբերին,   կը սկսի վերափոխման չորրորդ շաբաթը:  Կիրակի օրուայ աւետարանը մեզի կը խօսի Խուլ ու Համրին բուժման մասին։

Երկուշաբթի  8 սեպտեմբերին, տօնն է Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի ծննդեան:  Քրիստոնեայ բոլոր ազգերը, մանաւանդ մենք Հայերս,  յաճախ, ուխտ կը կատարէ Ս. Աստուածածնին:  Պատահական չէ ուխտի այդ գաղափարը որ արմատաւորումն է մեր ժողովուրդի միասնութեան մէջ  հանդէպ աստուածամօր, որովհետեւ ինք ուխտի զաւակ մըն է, որովհետեւ իր ծնողաց  կատարած ուխտի ի պատասխան,  ան ծնած էր Աննայէն, իր մօրմէն որ ամուսնացած էր ու ճանչցուած:

Յայսմաւուրքը կը պատմէ որ Մարիամի հայրը՝ Յովակիմ,  տօնական օր մը իր ընծան Աստուծոյ մատուցելու համար երբ տաճար կ՛երթայ, քահանաներէն մէկը  չ՝ընդունիր անոր ընծան, ըսելով թէ ՝՝իրաւունք չունի տաճարին ընծայաբերելու անձ մը, որ Իսրայէլի զաւակ չէ տուած՝՝: 

 Շատ վիրաւորուելով այս վերաբերումէն, տուն կը վերադառնայ:  Աննա կ՛իմանայ անոր սրտին ցաւը ու լալով կը դիտէ ճնճղուկները, որոնք իրենց տան դիմացի ծառին վրայ բուն  շինած՝ իրենց ձագուկները շուրթերին առած կը ճռուողէին: Աննա աղօթելով կ՛ըսէ.  ՝՝Տէր Աստուած մենք  այս ճնճղուկներուն չափ անգամ չկանք: Յիշէ քու ծառաներուդ տառապանքը և վերջ տուր անոնց ցաւին՝՝, և ապա ինքնիրեն կ՝ուխտէ ըսելով.  ՝՝Եթէ զաւակ ունենամ Աստուծոյ պիտի ընծայեմ զայն, թող ծառայէ անոր իր ամբողջ կեանքի ընթացքին՝՝: 

Աստուած կը լսէ անոնց աղօթքը: 

Իրենց կատարած ուխտի համաձայն,  Յովակիմ եւ Աննա  իրենց դուստրը տաճարին կ՛ընծայեն, եօթը տարեկանին ուր կը մնայ եօթը տարիներ: 

Յայսմաւուրքը կ՚աւելցնէ  ըսելով. ՝՝Մարիամ այնքան նուիրուած էր աղօթքի  և Ս.գիրքերու ընթերցանութեան, որ այլևս իր հայրն ու մայրը չէր յիշեր՝՝: 

Աննայի յղութիւնը և Մարիամի ծնունդը մեծ նշանակութիւն ունի, անով բոլոր ազգերը օրհնուեցան, անով Եւան ալ օրհնուեցաւ, ամբողջ աշխարհին շնորհք սփռուեցաւ,  Աստուած մեզի հետ հաշտուեցաւ:

Բոլոր շաբաթը, երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ, պատրաստողական պահք մըն է Սուրբ Խաչի տօնին առթիւ.

Խաչվերացը, կամ Սուրբ Խաչի յաղթական վերադարձին տօնը, 5 տաղաւարներէն մին է հայկական տօնացոյցին. Այս պատճառաւ ալ կ՛ընդգրկէ պատրաստողական պահք եւ ապա` տօնէն ետք, նաեւ օր մեռելոց եւ տօնի շարունակութիւն, ամբողջ շաբաթ մը։

Շաբաթ օրը` Նաւակատիքն է Սուրբ Խաչին. Նաւակատիքը շաբաթապահքի մը աւարտին` պահքի մեղմացումն է. Այն օրը կարելի է զոր օրինակ ձկնեղէն ու կաթնեղէն ուտել։ Սակայն Նաւակատիք կը կոչուի նաեւ եկեղեցւոյ մը շինութեան  աւարտին կատարուած հանդէսը. Ամէն տարի, նոյն եկեղեցւոյ կառուցման տարեդարձի օրը կը կոչենք մեր ծէսին մէջ Նաւակատիք։

Շաբաթապահքը եւ Նաւակատիքը նիւթական ու մարմնական պատրաստութիւններ են Սուրբ Խաչի մեծ տօնին, որուն պէտք է նաեւ պատրաստուիլ հոգեպէս, աղօթքով ու ապաշխարութեամբ։

ԽԱՉՎԵՐԱՑը Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն վերջինն է: Ան Խաչին նուիրուած տօներուն մէջ ամենակարևորն է, որովհետև նուիրուած է խաչին գերութիւնէն վերադարձին, անոր բարձրացման և փառաբանութեան պատմական յիշատակին: 

Հայ Եկեղեցին Խաչվերացը կը տօնէ Սեպտեմբերի 11-17 ժամանակահատուածին հանդիպող Կիրակի օրը, իսկ տօնի յաջորդ օրը մեռելոց է:

610 թ. պարսից Խոսրով արքան մեծաքանակ զօրքով կը յարձակի Բիւզանդական կայսրութեան վրայ: Սկզբնական յաջողութիւններէն ոգևորուած՝ պարսկական զօրքերը 614 թ. կը մտնեն Երուսաղէմ: Շատերուն կը սպաննեն եւ շատերն ալ գերի կը վերցնեն: Վերջիններու մէջ էր նաև Երուսաղեմի Զաքարիա հայրապետը: Բայց պարսիկներն այսքանով չեն բաւարարուիր. կը մտնեն Ս. Յարութեան տաճար և գերի կը վերցնեն այնտեղ պահուող Աստուածընկալ Ս. Խաչը, որը Դ դարի սկզբին Կոստանդիանոս կայսեր մօր Հեղինէի ձեռքով գտնուեր և պաշտամունքի առարկայ էր դարձեր բոլոր քրիստոնեաներու համար:

628 թ. Բիւզանդական զօրքերը Հերակլ կայսեր գլխաւորութեամբ խաչափայտը վերադարձնելու համար կը պատերազմին պարսիկներու դէմ: Բիւզանդական զօրքին կ’օժանդակէ նաև հայկական զօրախումբը Մժեժ Գնունիի գլխաւորութեամբ: Տիրոջ օգնութեամբ բիւզանդացիները յաղթանակ կը տանին: Ս. Խաչը հանդիսաւոր թափօրով կը տեղափոխուի հայոց Կարին քաղաքը: Իսկ Կարինէն զայն կը տեղափոխեն Կ. Պոլիս, ապա Երուսաղէմ: Գերեդարձի ճանապարհին Տիրոջ խաչափայտը կը բարձրացուէր և ցնծութեան առիթ կ’ըլլար ժողովուրդին համար: 

Խաչը քրիստոնեաներու համար Աստուծոյ զօրութիւն է ու պարծանքներու պարծանքը, որուն վրայ իր անմեղ արիւնը թափեց Քրիստոս՝ տալով մեզի յաղթութեան զէնքը՝ ընդդէմ սատանային ու անոր խաբկանքներուն: 

Յիսուս խաչին վրայ ցոյց տուաւ իր անհուն սէրը մարդկութեան հանդէպ, և խաչը դարձաւ մեզի համար յոյսի, սիրոյ և փրկութեան երաշխիք:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2025, 09:26