Որոնել

Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (60)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Գնոստիկեան աղանդին:

Կ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք  Գնոստիկեան  աղանդին:

 

Գնոսիս յունարէն կը նշանակէ իմացութիւն և ճանաչողութիւն: Ա. և Բ. դարերուն, Գնոստիկեան ահարկելի աղանդը մեծապէս զարգացաւ ի Փոքր Ասիա, Սուրիա եւ յԵգիպտոս: Կը կարծուի, թէ Գնոստիկեանց հիմնադիրը Գործք Առաքելոցի 8-րդ գլխուն մէջ յիշատակուած Սիմէոն Մոգն է: Այդ օրերուն, գնոստիկեան գաղափարախօսութիւնը մեծ վտանգ կը սպառնար Ընդհանրական Եկեղեցւոյ, որովհետեւ կը փորձէր ի ներքուստ քայքայել քրիստոնէական եկեղեցին և փոխել անոր բնոյթը և անոր դաւանանքի հիմնարար սկզբունքները: Գնոստիկները կը դրժէին Ամենասուրբ Երրորդութեան խորհուրդը և արտահոսման և բխման տեսութեամբ՝ անհաւասար անձերէ բաղկացած ըլլալը կ'ուսուցանէին:

Ամբողջապէս կը ժխտէին Յիսուս Քրիստոսի աստուածութիւնը, մարդեղութիւնը, Անոր քաւչարար մահուամբ փրկութիւնը, Սուրբ Հոգիի աստուածութիւնը եւ երրորդ անձ ըլլալը: Քրիստոսի երկրորդ գալուստը և մարմիններու յարութիւնը դարձեալ չէին ընդունիր: Անոնք ապերախտաբար մերժած են Խաչի փրկարար զօրութիւնը և խաչի նշանին երկրպագելը, որեւէ խաչ կուռք յայտարարելով: Մերժած են Հաղորդութեան խորհուրդը և Եկեղեցւոյ փրկագործական առաքելութիւնը: Անոնք կը հաւաստէին թէ քրիստոնէին փրկութեան համար՝ հոգին պէտք է ազատէր նիւթէն, և այսպէս յառաջ կու գար երկուութեան կամ երկարմատութեան (չարի և բարիի) «տուալիզմ»ի վարդապետութիւնը և կը փոխուէր քրիստոնէական փրկութեան գաղափարը: Հոգին սկիզբ  առած է յաւերժական աշխարհի մը մէջ, քանզի այս սխալաշատ, նիւթական և անկատար աշխարհը, բարձրագոյն աստուծոյ գործը չէ։ Գլխաւոր հարցն այն է թէ ինչպէ՞ս հոգին կամ երկնային կայծն ինկած ու բանտարուած է այս գռեհիկ նիւթական աշխարհի մէջ և ինչպէ՞ս կարող է կրկին ազատուիլ։ Հետեւաբար, ամէն բանի վերջն է հոգիի ազատութիւնը անխուսափելի կործանման ենթակայ նիւթէն: Քրիստոսով՝ աստուածային կեանքը մտաւ տեսանելի աշխարհ և մինչեւ այդ ժամանակ՝ ծածկուած Աստուածը յայտնուեցաւ, և այդպիսով նոր կեանք մը սկսաւ անոնց համար, որոնք այդ յայտնութիւնն ընդունեցան: Գնոստիկները Քրիստոսի կը յատկացնէին սոսկ գերմարդկային բնութիւն եւ երեւութական մարմին (այստեղէն կը ծագի երեւութականութիւնը (Docétisme): Ուստի Քրիստոսի ծնունդը, կեանքը, չարչարանքները, խաչելութիւնն ու մահը կը համարէին երեւութական։ Անոնք Քրիստոսի մայրը՝ Մարիամը, իբրեւ աստուածածին չեն խոստովանած: Ըստ Վաղենտիանոսի Յիսուս իր մարմինը յերկնից բերաւ և այդ մարմնով անցաւ Մարիամի մարմնոյ մէջէն՝ առանց եղծանելու անոր կուսութիւնը:

Ըստ Սատուրնինոսի Յիսուս մարմին չունէր, մարդոց այնպէս երեւցաւ: Ընդհանրապէս կ'ըսեն թէ՝ Յիսուս չէր խաչուողը՝ այլ Սիմէոն Կիւրենացին, որ անոր խաչը տարաւ: Չէին ընդունիր զգայական նշաններու կամ նիւթական առարկաներու հետ կապուած խորհուրդները: Անոնք մերժած են Եկեղեցւոյ նուիրապետական համակարգը, վանականութիւնը, կարգերը, պաշտամունքները, սուրբ խորհուրդներն, սուրբերու եւ անոնց մասունքներուն յարգանքը և պատկերապաշտութիւնը:

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2025, 07:39