Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին հայրապետական պատգամը Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով
Այսօր, Կիրակի, 21 Սեպտեմբեր 2025-ին, Հայաստանի Անկախութեան Տօնին առիթով՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին տնօրինումով՝ Լիբանանի Հ. Կ. Պատրիարքական Թեմին Հաղորդակցութեան եւ Լրատուութեան Գրասենեակը կը հրապարակէ այս պաշտօնական յայտարարուլթիւնը:
«Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռափայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը իր պատգամը կ'ուղղէ Հայ Ժողովուրդին, Հայրենիքին ու Սփիւռքին մէջ:
Այս պատմական օրը կը յիշենք ո՛չ միայն որպէս անցեալի մէկ իրադարձութիւն մը, այլ նաեւ կը վերյիշենք այն ժողովուրդին աղաղակը, որ ծանր գին վճարեց իր արիւնով, իր պատմութեամբ և իր արժանապատուութեամբ, որպէսզի 21 Սեպտեմբեր 1991-ին արձանագրէր իր ազատութեան 'վարդահեղեղ արշալոյսը'։
Հայաստանի անկախութիւնը ո՛չ պարգեւ էր, ո՛չ ալ զիջում մը, այլ երկարատեւ պայքարին, սերունդներու բազմատեսակ զոհողութիւններու եւ մեր գոյութեան սպառնացող քաղաքական հոսանքներուն եւ ճնշումներուն դէմ մնայուն դիմադրականութեան արդիւնքն էր:
Հայաստանի անկախութիւնը գոյատեւումի հռչակագիրն է Ցեղասպանութեան դէմ, ճշմարտութեան ձայնը՝ բնաջնջումի փորձերուն դէմ, ինչպէս նաեւ յոյսի ուխտն է, որ կը կապէ անցեալը ներկային ու ապագային հետ։
Այսօր, մեր Հայրենիքը կը գտնուի ծանրագոյն ճակատագրական մարտահրաւէրներու դիմաց, հետեւաբար Մենք կը հաստատենք, թէ ազատութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը կարգախօսներ չեն լոկ, այլ նաեւ ամէնօրեայ յանձնառութիւն ու պայքար. ուստի, անոնք կը պահանջեն աւելի ուժեղ միասնականութիւն եւ գործօն համերաշխութիւն, աւելի խոր հաւատք ու յստակ քաղաքական դիրքորոշում, որոնք չեն վտանգեր մեր Ազգին արժանապատուութիւնը։
Եկէ՛ք, այսօր բարձրացնե՛նք մեր մասիսափառ Եռագոյնն ո՛չ միայն որպէս տօնական խորհրդանիշ մը, այլ նաեւ որպէս գոյութեան ու վճռակամութեան Դրօշը համահայկական, և եկէ՛ք, Անկախութեան յիշատակը վերածե՛նք վերանորոգուած ուխտին, թէ Հայաստան՝ մեր Հայրենիքը, մեր Սփիւռքն ու մեր Ժողովուրդը դեռ աւելի հզօր պիտի կանգնին բոլոր փոթորիկներդուն դէմ՝ մարտահրաւէրներով լի ներկայէն աննահանջ ընթանալով լուսապայծառ ապագային։
Կեցցէ՛ Հայաստանի Անկախութիւնը:
Ազատ ծածանի՜ մեր Եռագոյնը»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ