Որոնել

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (34)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

34.- ՄԽԻ­ԹԱՐ ԿԸ ՍՏԻ­ՊՈՒԻ ՑԱ­ՄԱ­ՔՈՎ ԵՐ­ԹԱԼ ՄԱՐ­ԶՈՒԱՆ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Նա­ւը բա­րե­յա­ջող ան­ցնե­լով Վոս­փո­րի նե­ղու­ցէն Սեւ ծով մտած էր եւ հս­կա­յա­կան ալիք­նե­րու դէմ կը պայ­քա­րէր։ Քա­ղա­քէն հա­զիւ վտա­ւանդ մը, այ­սինքն եօթ քի­լո­մետր հե­ռա­ցած էին, երբ ճամ­բորդ­նե­րուն մէջ ժան­տախտ կը յայտ­նուի եւ շա­տեր կը մա­հա­նան։ Վա­րա­կուե­լու վտան­գը մեծ էր եւ Մխի­թար մտա­հոգ էր իր եր­կու աշա­կերտ­նե­րով։ Դժուա­րու­թեամբ կը հաս­նին պոն­տա­կան Հե­րա­կլիայի նա­ւա­հան­գիս­տը։ Մխի­թար կը շտա­պէ լքել այդ նա­ւը եւ քա­նի մը օր սպա­սե­լէ ետք աւե­լի փոքր նա­ւակ մը կը գտ­նէ մտա­ծե­լով որ բաց ծով չ՚ել­լեր, այլ ծո­վե­զեր­քը քե­րե­լով ապա­հով կը ճամ­բոր­դեն։ Կարճ ըն­թացք մը թիավա­րե­լէ ետք, նա­ւաս­տի­նե­րը ծո­վու խո­րե­րը կը քշեն նա­ւա­կը եւ առա­գաս­տը պար­զե­լով կը սու­րան։­

Ե­րե­կոյեան, արե­ւը մա­րը մտ­նե­լէ ետք քաղց­րա­շունչ հո­վի փո­խա­րէն սաս­տիկ քա­մի մը կը բարձ­րա­նայ եւ նա­ւա­կը աջ ու ձախ կը տա­րու­բե­րէր։ Անձ­րեւ ու փո­թո­րիկ, եւ ամե­հի ալիք­ներ վտան­գի կ՚են­թար­կեն նա­ւա­կը։ Նա­ւաս­տի­նե­րը կը շտա­պեն առա­գաս­տը ամ­փո­փել, թիերը ներս առ­նել եւ այս­պէս նա­ւա­կը հո­վին եւ ալիք­նե­րուն քմա­հա­ճոյ­քին կը յանձ­նեն։ Խա­ւա­րը պա­տած էր ամէն կողմ եւ ան­հնար էր ցա­մա­քը նշ­մա­րել։ Ամէն­քը կ՚ա­ղա­ղա­կեն այդ սար­սա­փե­լի վի­ճա­կին մէջ, մին­չեւ որ ցա­մա­քի մար­դիկ իրենց ձայ­նե­րը լսե­լով՝ ճրագ կը վա­ռեն, որու լոյ­սը նշ­մա­րե­լով՝ նա­ւաս­տի­նե­րը ձե­ւով մը նա­ւա­կը հոն կ՚ուղ­ղեն ու ցա­մաք կը հաս­նին։ Խար­խուլ տուն մը գտ­նե­լով այդ­տեղ ան­ձրե­ւէն կը պատս­պա­րուին եւ կրակ վա­ռե­լով իրենց հա­գուստ­նե­րը կը չորց­նեն եւ եր­կու օր այդ­տեղ կը մնան սպա­սե­լով որ ծո­վը հան­դար­տի։­

Այս ալե­կո­ծու­թեան ար­հա­ւիրք­նե­րը Մխի­թար վառ գոյ­նե­րով կը նկա­րագ­րէ իր յօ­րի­նած եր­գին մէջ որ կը սկ­սի «Վի­րա­ւո­րե­ցայ մե­ղօք» բա­ռե­րով։

Խա­ղաղ ջու­րե­րու վրայէն սու­րա­լով կը հաս­նին Սի­նոպ, ուր Մխի­թար Տրա­պի­զոն մեկ­նող պատ­րաստ նաւ չի գտ­ներ։ Քա­նի որ վե­րա­հաս էր ձմե­ռը եւ շատ աւե­լի մեծ վտանգ­նե­րու կր­նային են­թար­կուիլ, Մխի­թար կ՚ո­րո­շէ Ամի­սոս, այ­սինքն Սամ­սոն եր­թալ եւ Մար­զուա­նի ճամ­բով, ցա­մա­քով հաս­նիլ Կա­րին։ Նա­ւակ մը գտ­նե­լով կ՚անց­նին Սամ­սոն եւ 169­8ի սկ­զի­բը Մար­զուան կը մտ­նեն։

            Մ­խի­թա­րի քա­րոզ­նե­րը կ՚ա­ռինք­նեն ժո­ղո­վուր­դը որ կը բռ­նա­դա­տէ զինք իրենց մօտ մնա­լու։ Որոշ ժա­մա­նակ մը Մար­զուան մնա­լէ ետք այդ ձմե­րուան ամիս­նե­րը կ՚եր­թայ բնա­կե­լու Մար­զուա­նէն երեք քա­ռորդ ժամ հե­ռու Լիճք կո­չուող գիւ­ղի դաշ­տա­վայ­րին մէջ կա­ռու­ցուած Չար­խա­փան Սուրբ Աս­տուա­ծա­ծին թե­մի առաջ­նոր­դա­նիստ վան­քը։ Այդ վան­քի եկե­ղեց­ւոյ աւագ խո­րա­նը նուի­րուած էր հրա­շա­գործ եւ չար­խա­փան Ս. Աս­տուա­ծած­նին, իսկ աջին ու ձա­խին կային Ս. Խա­չի եւ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի խո­րան­նե­րը...

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2025, 07:58