ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (36)
36.- ՄԽԻԹԱՐ ԿԱՐՄԻՐ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Մխիթար Կարմիր վանքին մէջ կը նուիրուի նաեւ իր աշակերտին եւ այդտեղ գտնուող աբեղաներու դաստիարակութեան։ Անոնց աստուածաբանութիւն կը սորվեցնէր Մեծն Ալպերտի մատեանէն եւ Աստուածաշունչի մեկնութիւն կը դասաւանդէր՝ նկարագրական եւ խորհրդական իմաստներու համեմատութեամբ։ Միաժամանակ կը բացատրէր նաեւ կաթողիկէ հաւատքի տուեալները։
Օր մը Կարմիր վանք կ՚այցելէ Գրիգոր անունով վարդապետ մը եւ բոլոր վանականներու ներկայութեան հակաճառութեան կը բռնուի Մխիթարի հետ որ համարձակութեամբ կը ջատագովէր կաթողիկէ հաւատքը։ Վարդապետը, որ թունդ հակառակող մըն էր, չի յաջողիր դիմակայել Մխիթարի տրամաբանութեան եւ յատկապէս հայ եկեղեցւոյ հայրերու գրութիւններէն մէջբերած վկայութիւններուն եւ ամօթահար, ինքզինքը բոլորին դիմաց խայտառակուած զգալով՝ այնպէս ոյժով կը հարուածէ Մխիթարի դէմքին, որ եղունգներով քերծած տեղը կ՚արիւնի։ Մխիթար բնաւ չի հակադարձեր եւ համբերութեամբ ու ներողամտութեամբ կը հեռանայ։ Տարիներ ետք, երբ Մխիթար արդէն հիմնած էր իր միաբանութիւնը, Մեթոնի վանքը կորսնցուցած՝ Վենետիկ փախչելով Ս. Ղազար հաստատուած էր, 1720 թուականին նոյն Գրիգոր եպիսկոպոսը Հռոմէն կը ղրկէ Տրդատ թագաւորի մկրտութեան տեսարանը պատկերող մեծ իւղանկար մը, ուր Գրիգոր Լուսաւորիչի դէմքը՝ իր դիմագիծն էր, հետեւեալ մակագրութեամբ. «Ես Գրիգոր Մելքոնեան Արքեպիսկոպոս Եդեսիոյ որ այժմ բնակիմ ի Մեծն Հռոմ ետու նկարել պատկերս զայս ի փառս Յիսուսի եւ ի պատիւ սրբոյ հօրն մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչին։ Յիշատակ հոգւոյ իմոյ եւ ծնողաց իմոց ի դուռն սրբոյն Ղազարու եւ ի ժամանակի առաջին Հայր Մխիթար Աբբայի։ Թվին Փրկչին ՌԷՃԻ [1720] իսկ Հայոց ՌՃԿԹ [1169]»։
Այս պատկերը մինչեւ օրս կը պահուի Ս. Ղազարի մենաստանին մէջ եւ եկեղեցւոյ բեմին ձախակողմեան պատը ամբողջութեամբ կը ծածկէ։
1698 թուականի ամրան վանքին մէջ ժանտախտ կը տարածուի եւ ոմանք կը մահանան։ Ապա ծանր հիւանդութիւն մը բոլոր միաբանները անկողին կը գամէ, բացի Մխիթարէ, որ անձնուիրութեամբ կը խնամէ բոլորը։ Երբ ամէնքը կ՚առողջանան, սաստիկ գլխացաւ մը կ՚ունենայ եւ բուժուելու համար քաղաք կ՚երթայ։ Ճակատէն արիւն կը հանեն, սակայն զուգահեռաբար քիթէն այնքան արիւն կը հոսի որ չեն կրնար դադրեցնել եւ բոլորովին ուժասպառ կը վերադառնայ իր բարեկամին՝ Պօղոսի տունը։ Բժիշկը միաժամանակ զօրաւոր լուծողական դեղ մըն ալ տուած էր, որու հետեւանքով մահամերձ անկողին կ՚իյնայ։ Բարեկամը՝ մտահոգ որ իր տան մէջ չմահանայ, եւ այլազգ դատաւորէն չտուգանուի, Մխիթարը կը տանի իջեւանատուն եւ հոն սենեակ մը վարձելով զինք կը խնամեն մինչեւ ապաքինուիլը։ Յովհաննէս աշակերտն ալ իրեն կը սպասաւորէր մինչեւ ողջ առողջ կը վերադառնայ Կարմիր վանք եւ կը վերսկսի իր սովորական գործունէութիւնը։
Ցրտաշունչ ձմերուան առաջին օրերուն Մխիթար կրկին կը հիւանդանայ։ Սաստիկ հազ մը կը խեղդէր զինք, որու պատճառով կը ստիպուի կրկին քաղաք երթալ իր բարեկամին տունը, ուր տարբեր դեղերով եւ գուրգուրոտ խնամքով երբ քիչ մը կը կազդուրուի անմիջապէս կը վերադառնայ վանք։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ