Որոնել

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (37)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

37.- ՄԽԻ­ԹԱՐ ՎԱՐ­ԴԱ­ՊԵ­ՏԱ­ԿԱՆ ԱՍ­ՏԻ­ՃԱՆ ԿԸ ՍՏԱ­ՆԱՅ

Ունկնդրէ լուրը

            Մ­խի­թա­րի գի­տե­լիք­նե­րը, հմ­տու­թիւ­նը եւ բա­րի վար­քը տես­նե­լով շա­տեր կը վկայէին վար­դա­պե­տա­կան աս­տի­ճա­նին ար­ժա­նի ըլ­լա­լուն։ Վան­քի առաջ­նոր­դը՝ Մար­գար Վար­դա­պետն ալ մտադ­րած էր շնոր­հել։ Մխի­թար «Բա­նին կե­նաց» քա­րո­զու­թեան այս պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօ­նը մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ կը ստանձ­նէ եւ այս­պէս, ու­րիշ եր­կու աբե­ղա­նե­րու հետ միասին մեծ հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ Կար­միր վան­քի մէջ Մար­գար Վար­դա­պե­տի ձեռ­քէն Վար­դա­պե­տա­կան Ծայ­րա­գոյն աս­տի­ճա­նը կը ստա­նայ, ժո­ղո­վուր­դի խուռն բազ­մու­թեան ներ­կա­յու­թեամբ, որ քա­ղա­քէն ժա­մա­նած էին օրուան տօ­նախմ­բու­թեան առի­թով։

            ­Սո­վո­րու­թիւն կար որ վար­դա­պե­տա­կան գա­ւա­զա­նը ստա­ցած­նե­րէն մէ­կուն կ՚իյ­նար, ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դին ան­մի­ջա­պէս ջամ­բել քա­րո­զու­թեան երա­խայ­րի­քը։ Մխի­թար կ՚ընտ­րուի եւ սքան­չե­լի ճար­տա­րու­թեամբ աս­տուա­ծաշն­չեան մէջ­բե­րում­նե­րով, քաղցր եւ հո­գե­սուն իմաստ­նե­րով օծուն քա­րոզ մը կու տայ, այն­քան որ ներ­կա­նե­րը իրա­րու կ՚ը­սէին որ այդ­պի­սի քա­րոզ չէին լսած։ Աւար­տին, հո­գե­կան բա­ւա­րա­րու­թիւն ստա­ցած եւ մեծ գո­հու­նա­կու­թեամբ առատ ըն­ծա­ներ կը պար­գե­ւեն վան­քին։ Այ­նու­հե­տեւ Մար­գար եպիս­կո­պո­սը զինք քա­րո­զու­թեան կ՚ու­ղար­կէր իր թե­մի տար­բեր վայ­րե­րը։ Մխի­թար իր հետ առ­նե­լով Յով­հան­նէս աշա­կեր­տը, որ ար­դէն քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րուած էր Մար­գար եպիս­կո­պո­սէն, կը շր­ջէր քա­րո­զու­թեամբ եւ կը վե­րա­դառ­նար վանք։

­            Այս­պի­սի ան­կեղծ վս­տա­հու­թե­նէն քա­ջա­լե­րուած Մխի­թար հա­մար­ձա­կօ­րէն Մար­գար եպիս­կո­պո­սին կը ներ­կա­յաց­նէ իր ծրա­գի­րը, թէ ինչ­պէս կ՚ու­զէր շատ աշա­կերտ­ներ հա­ւա­քել, զար­գաց­նել բա­րի վար­քի եւ աս­տուա­ծա­բա­նա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու ուս­ման մէջ, եւ իս­կա­պէս անինչ կրօ­նա­ւոր­ներ պատ­րաս­տել՝ որ հայ ժո­ղո­վուր­դին մէջ կա­թո­ղի­կէու­թիւն քա­րո­զէին։ Առաջ­նոր­դը թէեւ հա­մա­խոհ էր եւ այն եպիս­կո­պոս­նե­րէն էր որ արեւմ­տա­մէտ կը նկա­տուէին, սա­կայն չ՚ու­զեր լծուիլ այդ նպա­տա­կին, յատ­կա­պէս խու­սա­փե­լու հա­մար խռո­վու­թիւն­նե­րէ, որոնց ակա­նա­տես եղած էր քա­նի մը տա­րի առաջ։

            Մ­խի­թար կը վճ­ռէ ան­ձամբ գլուխ ան­ցնիլ իրեն ներշն­չուած ծրագ­րին, եւ կ՚ո­րո­շէ հե­ռա­նալ Հն­ձուց Կար­միր վան­քէն, եր­թալ Կոս­տանդ­նու­պո­լիս եւ հնա­րա­ւո­րին չափ հո­գե­ւոր գիր­քեր հրա­տա­րա­կել, խու­սա­փե­լով ամէն հա­կա­ռա­կու­թե­նէ եւ աշա­կերտ­ներ դաս­տիարա­կել իս­կա­կան կրօ­նա­ւո­րի կեր­պա­րով որ­պէս քա­րո­զիչ­ներ ճշ­մար­տու­թեան։

­            Եւ այս­պէս Մխի­թար իր մօտ կը կան­չէ Յով­հան աշա­կեր­տը որ Մու­տուր­կու վան­քը ու­ղար­կած էր եւ իր­մէ առաջ Կոս­տանդ­նու­պո­լիս կը ղր­կէ, որ­պէս­զի հոն իրեն սպա­սէ։ Կար­միր վան­քի աշա­կերտ­նե­րէն Եզե­կիա եւ Ղա­զար անու­նով պա­տա­նի­ներն ալ հե­տը առ­նե­լով՝ Յով­հան­նէս աբե­ղայի հետ միասին կը մեկ­նին Կա­րին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2025, 07:58