Առաջին անգամուան համար կին մը կը ղեկավարէ Անգլիոյ եկեղեցին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Անգլիոյ եկեղեցին եւ Անկլիքան համայնքը (մօտաւորապէս 85 միլիոն հաւատացեալներ» առաջին անգամ կ՝ունենան հոգեւոր առաջնորդ կին մը։ Լոնտոնի եպիսկոպոս նշանակուեցաւ Սառա Մալլիլի։
Թագի նշանակման յանձնաժողովը Լոնտոնի եպիսկոպոս Սառա Մալլիլին ընտրեց որպէս Քենթերպուրի 106-րդ եպիսկոպոսը։ Նորին Մեծութիւն Շարլ Գ թագաւորը հաստատեց նշանակումը։
Արք Մալլիլի կը փոխարինէ Ժուսթին Վելպին, որ հրաժարականը տուաւ 2024 թուականին նոյեմբերին։ Գահակալութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 25 մարտ 2026ին Քանթեպուրի մայր տաճարի մէջ։
Սարա Մալլիլին ծնած է 1962 թուականին։ Ան 16 տարեկանին դարձի եկաւ քրիստոնէութեան։ Ձեռնադրուած է 2001 թուականին , աշխատած է որպէս հիւանդապահուհի Ազգային առողջապահական ծառայութեան մէջ։ Ան եղած է Քրէտիթոնի եպիսկոպոսս 2015ին իսկ Լոնտոնի Եպիսկոպոս 2018ին։
2020էն-2023 թուականներուն ղեկավարած է «Ապրիլ Սիրով եւ հաւատքով» Անգլիոյ եկեղեցւոյ զատորոշումի գործընթացը։
Իր ծառայութեան մէջ Մալիլլին յայտարարած է, որ մտադիր է «շարունակել խորապէս լսել մարդկանց, եւ միացնել անձերը՝ յոյս եւ բուժում գտնելու համար»։
Ան ամուսնացած է եւ երկու զաւակներու մայր է։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ