Որոնել

2025.10.14 Beato Ignazio Maloyan

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Երանելի Իգնատիոս Արքեպս. Մալոյեանի սրբադասման առիթով

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը յառաջիկայ կիրակի 19 հոկտեմբերին նախատեսուած Երանելի Իգնատիոս Արքեպս. Մալոյեանի սրբադասման առիթով կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 12 Հոկտեմբեր 2025-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին տնօրինումով՝ Լիբանանի Հ. Կ. Պատրիարքական Թեմին Հաղորդակցութեան եւ Լրատուութեան Գրասենեակը կը հրապարակէ այս պաշտօնական յայտարարութիւնը:

Վատիկանի մէջ Երանելի Իգնատիոս Արքեպս. Մալոյեանի սրբադասումին առիթով՝ պաշտօնական արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ ժամանակացոյցով:

• Կիրակի, 19 Հոկտեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10,30-ին:

Երանելի Իգնատիոս Արքեպս. Մալոյեանի սրբադասումին հանդիսաւոր Ս Պատարագը՝ հանդիսապետութեամբ Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապին, «Ս. Պետրոս»-ի հրապարակին վրայ։

• Վատիկան, Երկուշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին:

Հանդիպումը Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ, «Պօղոս Զ. դահլիճ»-ին մէջ:

• Վատիկան, Երկուշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին:

Գոհաբանական Ս. Պատարագը «Ս. Պետրոս» տաճարին մէջ՝ հանդիսապետութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռափայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին։

 

Ուշադրութի՛ւն:

Բոլոր անոնք, որոնք արձանագրուած են այս ձեռնարկներուն մասնակցելու համար, կը հրաւիրուին այցելելու Հռոմի Քահանայապետական​​Հայ Լեւոնեան Վարժարանը, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15-էն սկսեալ մինչեւ Շաբաթ օրը, առաւօտեան ժամը 9-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7-ը, որպէս զի ստանան մուտքի տոմսերը եւ կարենան մասնակցիլ տօնակատարութիւններուն։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, դիմել հետեւեալ հասցէին՝

📍 [Վիա Տի Ս. Նիքոլա Տա Թոլէնդինօ, 17, 00187 Հռոմ, Իտալիա]

📞 [+961 81 495 852]

(Pontificio Collegio L. Armeno

Salita S. Nicola da Tolentino, 17.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2025, 08:48