Կարդինալ Փիցապալլա. Կազայի պատերազմը պիտի աւարտի, բայց խաղաղութեան ուղին երկար է
Վազգէն Աբարդեա - Վատիկան
«Քորա Մետիա» լրատուամիջոցներու լրագրող Մարիօ Քալապրէզի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարք կարդինալ Փիեր Պաթթիսթա Փիցցապալա քիչ մը սփոփանք յայտնեց «Կլոպալ Սումուտ Ֆլիթիլլա» նաւատորմի անձնակազմի անվտանգութեան համար, այնպէս ալ խոր մտահոգութիւն յայտնեց Կազայի մէջ ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ։ Կարդինալ Փիցապալլա ընդունեց, որ Կազայի ողբերգութիւնը արթնցուցած է «արժանապատուութեան գիտակցութիւնը» եւ հանրային վրդովմունք՝ զայն համարելով դրական, սակայն Կազայի մէջ մարդոց կեանքին մէջ բան մը չէ փոխուած, ըսան ան ու այս առումով ծիրանաւորը նկարագրեց «Լիակատար աղէտի իրավիճակը».
Ենթակառուցուածքներուն աւելի քան 80%-ը ոչնչացուած է։
Հարիւր հազարաւոր մարդիկ մինչեւ եօթ անգամ տեղահանուած են։
Հիւանդանոցներուն եւ առողջապահական կեդրոններու մեծամասնութիւնը չեն գործեր, նոյնիսկ ծանր եւ քաղցկեղով հիւանդներուն համար։
Փոքր տարիքով երեխաները երրորդ տարին է որ դպրոց չեն երթար, ինչ որ կը դժուարացնէ յոյսի մասին խօսիլը։
Գոյութիւն ունին«իրական սով» եւ սննդամթերքի պակաս, իր սահմանները փակուած են։
Կարիդնալ Փիցապալլա ապա ընդգծեց որ Կազայի ծխական համայնքը, «մօտաւորապէս 500 մարդ, հիմնականին մէջ հիւանդներ, հաշմանդամներ եւ տարեցները» քահանաներու հետ միասին որոշած են մնալ Կազայի մէջ ոչ թէ քաղաքական պատճառներով, այլ որովհետեւ ամենախոցելիները չեն կրնար գոյատեւել տեղահանութենէն։
Լատինաց Պատրիարքը դատապարտեց ստեղծուած իրավիճակը, զայն անուանելով «անընդունելի եւ անարդարացի» եւ «բարոյապէս անընդունելի»՝ քաղաքացիական բնակչութեան հետապնդման, սովի, անկայունութեան եւ աւերածութիւններու պատճառով։
Կարդինալ Փիցապալլա կը կարծէ թէ հակառակ որ Կազային մէջ պատերազմը կը շարժի դէպի աւարտ, (յոյս ունենալով որ Համասի դրական արձագանգին այպէս կոչուած Թրամփի ծրագիրին», պատերազմի աւարտը չի նշանակեր խաղաղութիւնը քանի որ հակամարտութիւնը կը շարունակուն երկար ժամանակներէ, եւ պատերազմի արմատական պատճառները չեն լուծուած ու պատերազմի պատճառած ատելութիւնը, արհամարհանքը եւ դժգոհութիւնը երկարատեւ հետեւանքներ պիտի ուննեան երկու կողմերուն համար։
Ապա Իսրայէլական կողմի մասին անդրադառնալով՝ Պատրիարքը նշեց որ անցեալ տարի հոկտեմբեր 7-ի Համասի յարձակումը՝ «խոր ողբերգութիւն» ստեղծեց կործանելով Իսրայէլի անվտանգ վայր ըլլալու ընկալումը, յատկապէս ողջակիզումէն ետք։
Վերջապէս Կարդինալ Փիցապպալլա իր խօսքը եզրափակեց ըսելով որ այժմ չէ կարելի խօսիլ համակեցութեան մասին, անհրաժեշտ է փոխադարձ մեղքի ճանաչումը եւ ներումի համար պայմաններ ստեղծելու ուղին։ Խաղաղութիւն կառուցողներու աշխատանքը կարեւոր է, բայց ամենէն առաջ անհրաժեշտ է « առաջնորդութիւն, տեսլական եւ մէկ մը որ քաջութիւնը ունի մեկնաբանելու ապագայ համակեցութեան համար» փափաքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ