Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (63)
ԿԳ. Հաղորդում
Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Մարկիոնական աղանդին:
Գնոստիկներու մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Բ. դարու դէմք՝ Մարկիոնը, որուն նախնական Եկեղեցին կը համարէր իր ամենավտանգաւոր հակառակորդը, եւ որուն Եկեղեցւոյ մեծ Հայրերէն՝ Պողիկարպոս Զմիւռնացին անուանած է «սատանայի անդրանիկ որդի»: Ե. դարու առաջին կիսուն, Հայաստանի մէջ առաջին աղանդն է, որ բաւականին տարածում ունեցած է: Եզնիկ Կողբացին իր «Եղծ աղանդոց»ին մէջ, մեծ հմտութեամբ կը հերքէ Մարկիոնի վարդապետութիւնը: Ըստ Խորենացիի, այս աղանդը հին ժամանակներէն մուտք գործած է հայոց մէջ, Ասորիներուն մերձաւոր յարաբերութեան շնորհիւ եւ անոր դէմ գրած է Բարդեծան աղանդաւոր ասորին. (+222)։ Մարկիոն որոշակի փիլիսոփայական հոսանքներու ազդեցութեամբ՝ կը տարածէր այն գաղափարը թէ Գերագոյն Աստուած մը կայ, որ Քրիստոսի անձին մէջ յայտնուեցաւ, եւ որ օտար է այս աշխարհի համար, եւ կայ Արարիչ Աստուած մը, որ Հին Կտակարանին Աստուածն է. օրէնքի, բարկութեան, նախանձի եւ վրէժխնդրութեան Աստուածը:
Բարերար Աստուածը Նոր Կտակարանի Աստուածն է, որ ազնիւ է, մարդկութեան կը գթայ այն աստիճան, որ իր որդին ղրկեց անոր փրկութեան համար: Մարկիոն Ս. Գրքի քննախօս մըն էր: Ըստ Պօղոս առաքեալին, Հին Ուխտը Օրէնքին ենթակայ էր, իսկ Նոր Ուխտը Քրիստոսի Աւետարանին: Հին Կտակարանի Աստուածը չար չէ, այլ պարզապէս արդարութեան Աստուած է, իսկ Նոր Կտակարանի Աստուածը Սիրոյ Աստուած է: Օրէնքի Աստուծոյն հետեւողները խաչեցին Քրիստոսը: Անոնց այս արարքը փոխանակ Օրէնքի Աստծոյն յաղթանակին՝ յանգեցաւ անոր պարտութեան: Գերագոյն Աստուածը Օրէնքի Աստուծմէն հատուցում պահանջեց:
Օրէնքի Աստուածը Քրիստոսի սպանութեան մէջ տեսաւ իր յանցանքը եւ բոլոր իրեն հաւատացողներուն հոգիները յանձնեց Գերագոյն Աստուծոյ: Քրիստոսի խաչով մարդկութիւնը փոխանակ իյնալու Օրէնքի Աստծոյն իշխանութեան տակ, արժանացաւ Գերագոյն Աստուծոյ փըկութեան շնորհքին: Մարկիոնականները մերժած են ամբողջ Հին Կտակարանը, իբրեւ Օրէնքի Աստուծոյ գիրքը: Իսկ Նոր Կտակարանէն մերժած են բոլոր աւետարանները, բացի՝ Ղուկասու աւետարանէն եւ Պօղոս առաքեալի տաս նամակներէն, բացի՝ Տիմոթէոսի եւ Տիտոսի ուղղուած նամակներէն: Այս աւետարանն ալ չեն օգտագործած այնպէս ինչպէս որ է, այլ զայն խմբագրած են ըստ իրենց գաղափարներուն:
Մարկիոն խորհելով թէ նիւթը չար է, ուստի ըսաւ, թէ Քրիստոսի մարմինը իրական չէր եւ թէ՝ ան մարմնով յարութիւն չառաւ: Քրիստոսի մարդացումը կ'ուրանային, նոյնպէս՝ չարչարանքները եւ յարութիւնը «կեղծ» կը համարէին, իսկ անոր մարմինը իբրեւ հոգեւոր եւ եթերային կը տեսնէին, զարկ տալով երեւութական վարդապետութեան: Ան մերժեց յետ մկրտութեան ամուսնութիւնը: Իր նախընտրութիւնը ճգնական կեանքը եղաւ: Իր հետեւորդները երկու դաս ունեցած են. մէկը մկրտեալներու կամ կատարեալներու դասը, որ ամուրի կեանք ապրած է, միւսը չմկրտուածներու դասը: Վերջին դասը կ'օժանդակէր կատարեալներու դասին և կը մկրտուէին իրենց կեանքի աւարտին: Մարկիոնը խստօրէն կ'արգիլէր իր հետեւորդներուն մսեղէն կերակուր՝ բացի ձուկէն, կը մերժէր ամուսնութիւնը, եւ մկրտուելու անհրաժեշտ պայման՝ կուսութիւնը կը համարէր: Մարկիոնի աղանդը քարոզուելով՝ հետզհետէ տարածուեցաւ շատ տեղեր եւ իր գոյութիւնը շարունակեց մինչեւ Զ. դար, թերեւս քիչ մըն ալ աւելի ուշ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ