Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (64)
ԿԴ. Հաղորդում
Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Մանիքէական աղանդին:
Քրիստոնէութեան Գ. դարուն, Պարսկաստանի մէջ Մարկիոնականութենէն այլազան ճիւղեր յառաջացան, որոնցմէ ամէնակարեւորը Մանիքէականութիւն անունով ծանօթ է: Պարսկական ծագում կը վերագրուի այս աղանդին և որպէս հիմնադիր պարսիկ Մանին կամ Մանէս (225-274) կը ճանչնան, որ զրադաշտական կրօնի մէջ մեծցած, քրիստոնէութիւն ուսաւ և ուզեց Զրադաշտական և Քրիստոնէական կրօնից խառնուրդով՝ նոր կրօն մը հիմնել: Ան իբր մարգարէ և Աստուծմէ ղրկուած անձ մը ներկայացաւ ժողովուրդին: Ան Մանիքէութեան մասին գիրք մըն ալ գրեց, զոր երկինքէն ընդունած ըլլալ կը յայտարարէր: Մանիքէական աղանդին մէջ կը նշմարուէին բոլոր հին կրօններու վարդապետութիւնները քրիստոնէական գոյնի տակ. շատ բան առնուած է մարկիոնութենէ և զրադաշատականութենէ:
Մանին մազդէական կրօնէն փոխառած էր երկարմատեան տեսակէտը: Անոր հիմնական սկզբունքը Զրադաշտի երկու սկզբունքներն են, այն է՝ «Բարի» (Dieu) եւ «Չար» (Satan) աստուծոյ գաղափարները, իբր անստեղծ ստեղծիչներ, որոնք իրարու դէմ կը պայքարին: Անոնք կը հաւատային Եգիպտական և Հնդիկ հոգեփոխութեան. և հոգւոյ հետզհետէ ազնուացման ձգտումին. այսինքն թէ՝ հոգիք անմահ են և մարմնէ մարմին անցնելով կը մաքրուին: Հոգւոյ ազնուացման համար կուսակրօնութիւնը իբր կարեւոր միջոց կը համարէին: Անոնց վարդապետութեանց մէջ Պրահմանական համաստուածութեան սկզբունքներն ալ կը նշմարուէին: Գնոստիկեան արտահոսման (բխումներուն) դրութեամբ Երրորդութիւն մը կ'ընդունէին: Յիսուսի և սրբոց հոգիները իբր Աստուծոյ մաս կը դաւանէին. և արեւն անոնց ներկայացուցիչը կը համարէին. ուստի եւ կը յարգէին հուրը և արեգակը:
Մանէսը բնաւ չէր ընդուներ Հին Կտակարանը՝ համարելով թէ հրէութիւնը քրիստոնէութեան ոգիին բոլորովին հակառա՛կ է, բայց Նոր Կտակարանը մասամբ կ'ընդունէին և շատ բան կը մերժէին Մկրտութիւնը կը մերժէին իբր աւելորդ ձեւաբանութիւն: Հաղորդութեան խորհուրդը միայն հացով կը կատարէին, զի գինին դիւական ըմպելի կը համարէին: Միայն ներելի էր ամուսնութիւնը: Իրականութեան մէջ, Մանիքեցիք կատարեալ խոտաճարակներ էին: Արգիլուած էր անոնց ո՛չ միայն միսը, այլ ձուն ու կաթը: Արգիլուած էր նոյնիսկ կենդանի սպաննելը: Կորիւն աղանդը դժպատեհ կամակոր, ժպիրհ եւ ժանտագործ որակած է: Մովսէս Խորենացի աղանդին ակնարկելով, զայն համարած է հեթանոսական արմատի վերակենդանացում:
Մանին կ'ընդունէր Փրկչի գալուստը մարդկային կերպարանքով, բայց որովհետեւ նիւթը «չար արարչի» ստեղծածն էր, ապա Քրիստոսի մարմնաւորութիւնը եւ չարչարանքը ան «առ աչօք» կը համարէր։ Մանիքեցիք նոյնպէս երեւութական էին: Մանէսի կարծիքով՝ Քրիստոս եկաւ մարդիկը լուսաւորելու, իրենց երկնային ծագումը ցոյց տալու համար եւ թէ ի՛նչպէս ամէն տեսակ զգայական ցանկութիւններու յաղթելով մարդս կրկին կարող է երկինք վերադառնալ։ Այս իսկ պատճառով Մանէսը իր հետեւողներուն կը պատուիրէր կատարեալ ողջախոհութիւն եւ ժուժկալ կեանք, կ'առաջարկէր հրաժարիլ գինիէն, միսէն եւ առ հասարակ ինչքերէ եւ կերակրուիլ միմիայն ընդեղէնով եւ հացով:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ