Որոնել

Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը Զմմառու «Վերափոխեալ Տիրամայր» Հայավանքին մէջ

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռափայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը հանդիսապետեց Ս. Պատարագը «Վերափոխեալ Տիրամայր» կաթողոկոսանիստ Հայավանքին «Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան» ամփիթատրոնին մէջ, ուր կատարեց Սրբալոյս Միւռոնին օրհնութիւնը, որ եկեղեցական, տոհմային ու պատմական իրադարձութիւն է՝ հանդիսանալով հոգեւոր վերանորոգումի, ինչպէս ալ եղբայրութեան, միասնութեան, համերաշխութեան եւ ամբողջականութեան շնորհաբաշխ արարողութիւնը:

Զմմառ, Կիրակի, 28 Սեպտեմբեր 2025, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռափայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը հանդիսապետեց Ս. Պատարագը «Վերափոխեալ Տիրամայր» կաթողոկոսանիստ Հայավանքին «Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան» ամփիթատրոնին մէջ, ուր կատարեց Սրբալոյս Միւռոնին օրհնութիւնը, որ եկեղեցական, տոհմային ու պատմական իրադարձութիւն է՝ հանդիսանալով հոգեւոր վերանորոգումի, ինչպէս ալ եղբայրութեան, միասնութեան, համերաշխութեան եւ ամբողջականութեան շնորհաբաշխ արարողութիւնը:
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիէն արքեպիսկոպոսներ, եպիսկոպոսներ, առաջնորդներ, վարդապետներ, քահանաներ ու սարկաւագներ, ինչպէս նաեւ եկեղեցական, պետական, քաղաքական, դիւանագիտական, կուսակցական, մշակութային ու միութենական անձնաւորութիւններու ներկայութեամբ՝ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը մասնակցեցաւ այս հոգեպարար արարողութեան՝ աղօթք բարձրացնելով երկիւղածութեան եւ խորհրդաւոր մթնոլորտի մէջ ու շնորհակալութիւն յայտնելով Տիրոջ այս բացառիկ շնորհքին համար:

Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւն
Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւն

Սրբալոյս Միւռոնին օրհնութիւնը՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին վսեմագոյն ծիսակատարութիւններէն մին է, որովհետև ան կ’օգտագործուի Մկրտութեան, Դրոշմի, Քահանայութեան ու Հիւանդօծումի Ս. Խորհուրդներուն մէջ, ինչպէս ալ եկեղեցիներու եւ խորաններու օծումին համար:
Թէ՛ Եկեղեցիին ուղեւորութեան, թէ՛ դարերու ընթացքին անոր առաքելութեան վերանորոգումին եւ թէ՛ հայ քրիստոնեաներուս կեանքին համար ոչ միայն գործօն խորհրդանշաններէն, այլ նաեւ սրբարար միջոցներէն մին է Սրբալոյս Միւռոնը:

Սուրբ Աւետարանին ընթերցումէն ետք, Ամենպտ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը տուաւ իր հայրապետական պատգամը:

«Պատուական Եղբարներ՝
Արհիապատիւ Արքեպիսկոպոսներ, Եպիսկոպոսներ,
Գերապայծառ, Գերյարգելի ու Գերապատիւ Վարդապետներ
եւ Արժանապատիւ Քահանաներ,
Բարեշնորհ Սարկաւագներ, Առաքինազարդ Մայրապետներ,
Հաւատացեալ Քոյրեր եւ Եղբայրներ,
«Այս անոյշ իւղը, որ կը հեղու քու վրադ Յիսուս Քրիստոսի անունով, թող ըլլայ կնիքը աստուածային եւ երկնաւոր պարգեւներու՝ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով։ Ամէն»։

Սուրբ Դրոշմի արարողութեան ընթացքին արտասանուած այս բանաձեւը մեզի կ’առաջնորդէ Սրբալոյս Միւռոնի անհրաժեշտ գործածութեան կարեւորութեան, որով ամէն մկրտեալ կը դառնայ «զինուորեալը» Սուրբ Հոգիին։
Հայկական Մաշտոցէն, որ մեր սրբազան ծիսակատարութիւններու գիրքն է, վերի մէջբերումը կը բացայայտէ Միւռոնով տրուած կնիքը, որ մեզ կը դարձնէ Ամենասուրբ Երրորդութեան՝ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով կազմուած ընտանիքին անքակտելիօրէն կապուած անդամ-անդամուհիները։
Կնքուած ու միւռոնուած անդամներու եւ անդամուհիներու հասարակութիւնը կը կոչուի Սուրբ Եկեղեցին, որ Յիսուս Քրիստոսի Խորհրդական Մարմինն է՝ իրարու զօդուած Սրբալոյս Միւռոնով։

Սրբալոյս Միւռոնը եւ անոր օրհնութիւնը մեզի կտակուած են մեր Սուրբ Հայրերէն ու մեր ժողովուրդին ապրած հաւատքէն։ Այսպէս, այսօր, երբ մենք կը կատարենք Միւռոնօրհնէքը, մենք մեզ կապուած կը զգանք այս դարաւոր կտակը մեզի աւանդած մեր նախնիքներուն, որոնց ժառանգորդներէն ենք մենք՝ հոս հաւաքուածներս։

Հետեւաբար, Միւռոնօրհնէքը, զոր կը կատարենք ամէն եօթ տարի անգամ, Սուրբ Եկեղեցիէն, առաւել քան երբեք այսօր, այնքան փնտռուած եւ ակնկալուած «Միութեան, Համերաշխութեան ու Եղբայրութեան» թէ՛ իրական խորհրդանիշը ու թէ՛ սրբարար կենսագործողն է մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ։
Ուստի, ամէնօրեայ կեանքին մէջ մեր ազգային պատկանելիութեան ու քրիստոսնէական ինքնութեան թէ՛ ապրումը եւ թէ՛ գրաւականն է Սրբալոյս Միւռոնը, որուն առկայութիւնն ու գործածութիւնը սկիզբ կ’առնեն Աստուածաշունչ Սուրբ Գիրքէն։
Աստուածաշունչ Սուրբ Գիրքին յաւիտենական Խօսքն է Յիսուս Քրիստոս Աստուածամարդը, որուն Սուրբ Ծնունդէն սկսեալ մինչեւ կենարար Մահը, յաղթական Յարութիւնն ու հրաշափառ Համբարձումը, Սուրբ Հոգին խորհրդանշող Միւռոնը, «անոյշ իւղը հեղեալ», գործօն ներկայութիւնն է։
«Տիրոջ Հոգին Իմ վրաս է, ասոր համար իսկ օծեց Զիս» (Ղկ․ 4,18)։

Հին Կտակարանէն «առաջին Աւետարանիչ» անուանուած Եսայի մարգարէյէն Յիսուսի մէջբերած վերի վկայութիւնը իր անձին եւ սկսած առաքելութեան մասին, կը փոխանցուի մեզի ու կ’իրականանայ քրիստոնէաներուս կեանքին եւ կոչումին մէջ Եկեղեցիին եօթ Սուրբ Խորհուրդներուն՝ Մկրտութեան, Դրոշմի, Քահանայութեան, Պսակի, Ապաշխարութեան, Հաղորդութեան եւ Հիւանդաց Օծումին միջոցով։
Ուրեմն, ինչպէս կը տեսնենք, Սրբալոյս Միւռոնը ոչ միայն աստուածաշնչական, արարողական եւ աւանդական իւղ մըն է, այլ նաեւ իրապէս Քրիստոսի եւ անոր հետեւորդներուն անձին համար ու կեանքին մէջ սրբարա՛ր Իւղն է, որուն ներգործումը եւ պարգեւած շնորքները մեզի համար այնքան օգտակար ու կենսական են մեր հոգիներու փրկութեան համար։

Հաւատակից Քոյրեր եւ Եղբայրներ, հաւաքուած ենք մեր Սուրբ Եկեղեցիին Կաթողիկոսական Աթոռանիստ Մայրավանքին մէջ, որ մեզի կը յուշէ անցեալէն մեր Հայրապետներու, նահատակներու, մարտիրոսներու, սրբակեացներու եւ առաքեալներու անսասան հաւատքը Քրիստոսի ու անխախտ կապուածութիւնը ազգային սրբութիւններու հանդէպ՝ կնքուած-դրոշմուած Սրբալոյս Միւռոնով։
Այսպէս յուշելով՝ մեզի կը ներշնչէ եւ կը թելադրէ ապրիլ իբրեւ հայ քրիստոնեայ, ինչպէս ապրեցան մեր նախահայրերն ու նախամայրերը՝ ի գին ամէն բանի հաւատարիմ մնալով Աստուծոյ պատուիրաններուն եւ Սուրբ Եկեղեցիին կանոններուն։
Այս իմաստով՝ Մեր Հայրական աղօթքն է, որ Հոկտեմբեր 19-ին սրբադասուելիք «Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան» անփիթատրոնին մէջ կատարուած այս Միւռոնօրհնէքը դառնայ աղբիւրը առատաբուխ շնորհքներուն եւ օծումներուն մեր սերունդներուն, հայ մանուկներուն եւ երիտասարդներուն վերանորոգումին համար, ինչպէս նաեւ մեր նորաշէն խորաններուն եւ եկեղեցիներուն պայծառացումին համար, որոնց մէջ Աստուծոյ կամօք յաւերժօրէն պիտի հնչեն հայատրոփ աղօթքներն ու մեղեդիները։

Մեր այս աղօթախառն մաղթանքին կը կցենք այսօր մեզի համար կտակ դարձած 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի այս այժմէական խրատը, զոր ուղղեց իր ազգակիցներուն․ ''Այսու, կու գանք խրախուսելու ձեզ՝ ամէնէն առաջ զօրացնելու ձեր մէջ հաւատքը եւ յոյսը հանդէպ Սուրբ Պետրոսի ժայռին վրայ հիմնուած Խաչին, որուն վրայ մեր Տէրը՝ Քրիստոս հիմնեց յաւիտենական վիմաշար Եկեղեցին՝ Անոր տալով մարտիրոսներու արիւնը որպէս հիմք''։ Ամէն»։

Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւն
Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւն

Մեր Գերերջ. Հոգեւոր Տիրոջ անունով եւ օրհնութեամբ՝ տօնական Յանձնախումբը իր սրտաբուխ շնորհակալութիւնը կը յայտնէ սարկաւագներուն եւ սպասաւորներուն՝ արարողապետութեամբ Գերպտ. Հ. Կարապետ Վրդ. Գլընճեանի, հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններէն միացեալ երգչախումբին՝ ղեկավարութեամբ Դոտկ. Էտի Թորիկեանի, Ս. Իւղերը պատրաստողներուն՝ պատասխանատուութեամբ Արժնպտ. Տ. Կարապետ Քհյ. Թադէոսեանի, Télé Lumière-ի տնօրէնութեան եւ արաբերէնով բացատրող Արժնպտ. Տ. Րաֆֆի Քհյ. Յովհաննէսեանին, լուսանկարիչներուն՝ գլխաւորութեամբ Սիմոն Հալլաճեանի, ՀԿՄ Պատանեկանին ու ՀԿՄ Սկաուտականին:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2025, 09:20