Որոնել

2024.01.27 Gesù scaccia il demonio a Cafarnao

Յիսուս ի՞նչ իշխանութեամբ կը գործէ. (Մարկոս 11, 27 – 33 ) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը

«Տէր, ես այս կեանքին չեմ եկած փնտռելու եւ իւրացնելու աշխարհիկը, այլ եկած եւ ղրկուած եմ մէկ նպատակով. ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ՄԻԱՅՆ ՈՒ ՄԻԱՅՆ ՔՈՒ ԿԱՄՔԴ...ԵՒ ԱՄԷՆԱԿԱՐԵՒՈՐԸ՝ ԻՆՉՊԷՍ ԵՐԲ ՓՈՔՐ ԷԻ ԵՒ ԿԸ ՎՍՏԱՀԷԻ ԾՆՈՂՔԻՍ, ՆՈՅՆՊԷՍ ԱԼ ԱՅՍՕՐ Կ՛ՈՒԶԵՄ ՎՍՏԱՀԻԼ ՔԵԶԻ ՈՐՊԷՍ ԶԱՒԱԿ, ԵՒ ՆՄԱՆ ԱՆԱՌԱԿ ՈՐԴԻԻ՝ ՏՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ» Ամէն:
Ունկնդրէ լուրը

Ինչպէս միշտ սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, աւագ քահանաները, օրէնքի ուսուցիչներն ու երէցները այս անգամ ալ Քրիստոսի մօտենալով եւ դատապարտելու դիտաւորութեամբ, հետեւեալ հարցը կու տան. «ի՞նչ իշխանութեամբ կը կատարես այս բաները: Ո՞վ քեզի այդ իշխանութիւնը տուաւ» (անոնք անշուշտ ի մտի ունէին Քրիստոսի քարոզչութիւնը, հրաշքները, ինչպէս նաեւ իշխանութեամբ խօսիլը):

1. «Ո՞վ քեզի այդ իշխանութիւնը տուաւ»:

2000 տարիներ անցան այս խօսքերուն սիրելիներ, եւ տակաւին մինչեւ այսօր աշխարհը մեզ կը շարունակէ հարցնել նոյն հարցումը. ի՞նչ է ձեր իշխանութիւնը որպէս Քրիստոնեաներ. ի՞նչ իշխանութիւն ունիք այս աշխարհի վրայ, եւ ո՞վ տուաւ այդ իշխանութիւնը ձեզի.

Որպէս Քրիստոնեաներ, մեծագոյն շնորհքը որ ունինք սիրելիներ՝ ըլլալ Աստուծոյ մէկական զաւակներ (մկրտութեամբ եւ Ս. Դրոշմով - Ս. Միւռոնով)...բայց այս մէկը իր լրումին պիտի չհասնի մինչեւ մեր մէջ հաւատքը չզօրանայ եւ նամանաւանդ՝ չամրապնդուի: Այսօր շատեր կան որոնք կը ներկայանան որպէս քրիստոնեաներ, բայց միայն լեզուով՝ եւ ոչ թէ գործով, որովհետեւ եթէ իսկապէս մենք այսօր ճշմարիտ քրիստոնեաներ ըլլայինք, պիտի կարողանայինք լեռը տեղափոխել, մեր աղօթքներով՝ հրաշքներ գործուէին, աշխարհի վրայ տիրէր խաղաղութիւն, ունենայինք հեզութիւն եւ խոնարհութիւն, սրբութիւն (այսօր ո՞վ կը մտածէ սուրբ դառնալ), հնազանդութիւն՝ Քրիստոսի խօսքերուն, եւ նամանաւանդ՝ Անոր պատուիրաններուն, եթէ ճշմարիտ քրիստոնեաներ ըլլայինք՝ պիտի կարողանայինք չարը վտարել՝ փոխանակ զինք ընդունելու, ինչպէս նաեւ արդէն իսկ դրախտային վիճակը ապրէինք այժմէն իսկ՝ փոխանակ պատերազմներու...մէկ խօսքով, մեր իշխանութիւնը նոյնինքն ինք՝ Քրիստոս է եւ ուրիշ ոչ մէկը եւ ոչ մէկ ուրիշ բան...շատեր եկան եւ ձեւացան ըլլալ մարգարէներ, բայց այսօր անոնք կը գտնուին հողին տակ, սակայն մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ոչ թէ միայն մահուան յաղթեց, այլ իր յարութեամբ՝ մեզի տուաւ շատ մը իշխանութիւնները...

2. «ի՞նչ իշխանութեամբ կը կատարես այս բաները»:

Աստուծոյ զաւակ ըլլալու կողքին (երբ անարատ կը պահեմ իմ մկրտութիւնս եւ դրոշմս), եմ ժառանգորդ Երկնքի Արքայութեան, պաշտպանուած՝ պահապան հրեշտակով, հարուստ՝ բարեխօսներով, ուղղիղ կապ՝ իմ Հօրս եւ Արարիչիս հետ, դժուարութիւններուս մէջ՝ յոյս եւ լուծում, անկարելի հարցերուն մէջ՝ հրաշքներ...մէկ խօսքով, ինչ որ աշխարհը չի կրնար տալ եւ կամ անկարելի է աշխարհին համար, այլեւս ինծի համար կը դառնայ մատչելի եւ կարելի...սակայն զգոյշ, զգոյշ եւ զգոյշ, մենք չենք կանչուած վազելու աշխարհիկ իշխանութիւններու ետեւէն, որովհետեւ աշխարհին տուածը՝ ժամանակաւոր է եւ անիմաստ (կը հագեցնէ միայն ու միայն մեր ԵՍ ը), իսկ երկնքի իշխանութիւնը՝ ոչ ոք կրնայ մեզմէ խլել եւ ամէնակարեւորը՝ պատճառ պիտի դառնայ ունենալու Երկինքը՝ (մնայունը) եւ ոչ թէ աշխարհը (ժամանակաւորը):

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, մենք այս աշխարհ կու գանք մերկ եւ ոչ մէկ բան ունինք: Մեր հագուիլը, մեր ուտելիքը, դպրոցը, բժշկութիւնը բոլոր կը վստահինք մեր ընտանիքներուն: Տարիներ ետք, կ՛աւարտենք համալսարանը եւ արդէն իսկ կ՛ուզենք ունենալ մեր անկախութիւնը (պէտք է եւ կարեւոր), եւ կը մոռնանք թէ օր մը ընտանիք ունէինք՝ որոնք մեզ հասցուցին այնտեղ որտեղ մենք կը գտնուինք այսօր, եւ երբեմն՝ նոյնիսկ կը զլանանք անոնց հոգ տանելու...կը զբաղուինք աշխարհիկ հոգերով, կը կազմենք ընտանիք եւ մեր միակ երազը եւ փափաքը կը դառնայ լաւ պաշտօններու հասնիլ...կը հասնինք լաւ պաշտօններու եւ իշխանութիւններու եւ յանկարծ՝ կը մոռնանք բոլորը (բարեկամ, ընտանիք, ծնողք, ընկեր, մտերիմ...) եւ մեր նպատակը կը դառնայ միայն ու միայն ինչպէս հասնիլ իշխանութեան գագաթը...կրնանք հասնիլ թէ ոչ, բայց մեր ամբողջ կեանքը կը փճացնենք անցաւոր երազներով եւ տեսիլքներով (մինչ այլոց ոչ հասնողը ուրախ է եւ ոչ ալ չհասնողը), եւ կը հասնի մահուան անկողինը (ուշ կամ կանուխ պիտի հասնի եւ բարեբախտաբար...եւ թոյլ տուէք որ ըսեմ թէ՝ իսկապէս մեզի համար մահը երկնային շնորհք է) կը յիշենք թէ մեր հոգեւոր կեանքը գրեթէ գոյութիւն չունի..., մէկ խօսքով՝ չարը իր ձեւերով տարիները անցուց եւ արդէն իսկ կը գտնուիմ Աստուծոյ Արդար դատաստանին յառաջ (եթէ անշուշտ կը հաւատամ այդ դատաստանի գոյութեանը....բարեբախտաբար կախեալ չէ իմ կարծիքէս եւ կամ քմահաճոյքէս)...ի՞նչ պիտի պատասխանես, ի՞նչ կրցար տանիլ հետդ այս աշխարհէն, ի՞նչ հասկցար հոգեւոր իշխանութիւնը մերժելով՝ ընդունիլ եւ նախընտրել աշխարհիկ իշխանութիւնը...բայց ինչ օգուտ, որովհետեւ արդէն իսկ ուշ պիտի ըլլայ այդ պահուն...երանին ոչ մէկ բան կը փոխէ:

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, այսօր աշխարհը կ՛եռայ իշխանութեան եւ աթոռի փափաքով...կը տեսնէք ատելութիւնները, պատերազմները, հպարտութիւնը որ կը տիրէ այսօր մարդուս վրայ...բարեկամ, դուն քեզի ի՞նչ կը կարծես...Աստուծոյ գահին առջեւ ո՞վ ես դուն, չես գիտէր թէ քեզ մահը կը սպասէ... ի՞նչ պիտի ընես այս բոլորը...մի խաբուիր ունայն իշխանութիւններով, այլ փնտռէ Յաւիտենականը եւ Ճշմարիտը...եթէ պատահեցաւ որ Աստուած յարմար տեսաւ հասնիս իշխանութեան՝ խոնարհութիւնը ունեցիր ըլլալու յետինը, ծառան եւ կատարողը՝ Աստուծոյ Օրհնեալ կամքին...դուն փնտռէ Աստուծոյ կամքը (3x), մնացածը բոլոր կը դասաւորուին...

Ուրեմն սիրելիներ, այսօր արդէն իսկ ուշ չէ զղջալու եւ ըսելու մեր Տիրոջ. «Տէր, ես այս կեանքին չեմ եկած փնտռելու եւ իւրացնելու աշխարհիկը, այլ եկած եւ ղրկուած եմ մէկ նպատակով. ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ՄԻԱՅՆ ՈՒ ՄԻԱՅՆ ՔՈՒ ԿԱՄՔԴ...ԵՒ ԱՄԷՆԱԿԱՐԵՒՈՐԸ՝ ԻՆՉՊԷՍ ԵՐԲ ՓՈՔՐ ԷԻ ԵՒ ԿԸ ՎՍՏԱՀԷԻ ԾՆՈՂՔԻՍ, ՆՈՅՆՊԷՍ ԱԼ ԱՅՍՕՐ Կ՛ՈՒԶԵՄ ՎՍՏԱՀԻԼ ՔԵԶԻ ՈՐՊԷՍ ԶԱՒԱԿ, ԵՒ ՆՄԱՆ ԱՆԱՌԱԿ ՈՐԴԻԻ՝ ՏՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ» Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2025, 07:57