ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (38)
38.- ՄԽԻԹԱՐ ԿԱՐԻՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՔԱՐՈԶԷ ԵՒ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՊՈԼԻՍ
Մխիթար ձմեռնամուտին Կարին կը հասնի եւ կ՚իջեւանի եկեղեցւոյ կից կացարաններուն մէջ։ Օրը երկու անգամ, առաւօտ եւ իրիկուն եկեղեցւոյ մէջ կը քարոզէր։ Ժողովուրդը մէկ երկու անգամ ունկնդրելէ ետք, այնքան գոհ կը մնան որ իրմէ կը խնդրեն ու կը բռնադատեն որ գոնէ այդ ձմեռ իրենց քով մնայ եւ քաղցրալուր քարոզներով զիրենք մխիթարէ։ Իրապէս շատ հաճելի էր լսել իրեն, որովհետեւ ոչ միայն ճշմարտութիւնը կը քարոզէր, այլ բոլորէն հասկնալի լեզուով, յստակ եւ պարզ ոճով կը բացատրէր, օրինակներով կը լուսաբանէր, աստուածաշնչային մէջբերումներով կը հիմնաւորէր, սուրբ հայրերու մեկնաբանութիւններով կը ճոխացնէր, եւ յատկապէս սեփական կեանքի օրինակով կը վկայէր։ Նախ ինքը կ՚ապրէր ու կը գործադրէր իր սորվեցուցածը եւ ապա կը քարոզէր։
Ժողովուրդին շատ հաճելի էր տեսնել նաեւ Մխիթար վարդապետի աղքատ ու անինչ քարոզիչ ըլլալու ըմբռնումը։ Գաւազանապտուղ չէր ակնկալեր, ոչինչ չէր պահանջեր իր քարոզներուն փոխարէն, առարկողներուն պատասխանելով թէ ոչ մէկ կարիք ունի հոգալու։ Երախտապարտ ժողովուրդը իր ամէնօրեայ սեղանը այնպէս կը յարդարէր, որ աշակերտներով միասին ճաշելէ ետք տակաւին շատ աղքատներու բաժին կը հանէր, եւ ինք, աստուածային նախախնամութեան վրայ կուրօրէն վստահացած, ոչինչ չէր կուտակեր։
Մխիթար բացայայտօրէն կը քարոզէր եւ կը ներկայացնէր իր համոզումներն ու գաղափարները, եւ հայ եկեղեցւոյ սուրբ հայրերու գրութիւններէն քաղուած վկայութիւններով կը հաստատէր այն ժամանակներու համար «արեւմտամէտ» կոչուած Հայ եկեղեցւոյ դաւանաբանական դիրքորոշումը։
Այդ օրերուն Կարինի առաջնորդն էր Աւետիք եպիսկոպոսը, թունդ հակառակող արեւմտամէտ հոսանքին, եւ այսպէս թէեւ առաջին պահին կը հանդուրժէ Մխիթարի քարոզութիւնները, յատկապէս ժողովուրդի խանդավառութենէն ակնածելով, սակայն չ՚ուշանար միջամտել եւ իր քով կանչել այդ երիտասարդ վարդապետը։
Յանդիմանական տարափ մը կը տեղայ Մխիթարի գլխուն, ընդհուպ դատաւորին միջոցով բանտարկել տալու սպառնալիքներով։ Այս բոլոր խօսքերը համբերութեամբ լսելէ ետք, փոխանակ բորբոքելու եւ հակաճառելու, ընդվզելու եւ մարտահրաւէր կարդալու, Մխիթար կը պատասխանէ. «Աստուծոյ շնորհակալ եմ, որ ոչ վեհանձնութեանդ եւ ոչ ալ մէկու մը չարիք չեմ կրնար հասցնել։ Եւ այս ինծի համար շատ շահաւոր է, որպէսզի եթէ նոյնիսկ ուզեմ ուրիշի մը չարիք պատճառել՝ չկարենամ»։ Այս խօսքերը աւարտելով Մխիթար յարգալից կ՚ողջունէ Առաջնորդը եւ կը հեռանայ։
Ժողովուրդի եւ մեծամեծներու յորդորով կը շարունակէ քարոզել մինչեւ գարնան աւարտը, եւ 1700 թուականի Յուլիս ամսուն իր աշակերտներուն հետ միասին կը թողու Կարինը եւ կը մեկնի Կոստանդնուպոլիս։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ