Որոնել

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (42)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

42.- ՄԽԻ­ԹԱՐ ԵՒ ԻՐ ԱՇԱ­ԿԵՐՏ­ՆԵ­ՐԸ ԱՍ­ՏՈՒԱ­ԾԱ­ՄՕՐ ԿԸ ՆՈՒԻ­ՐՈՒԻՆ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

1701 Սեպ­տեմ­բեր 1ին Եփ­րեմ Ղա­փան­ցին կր­կին ան­գամ պատ­րիար­քա­կան աթոռ կը բարձ­րա­նայ, եւ նա­խընտ­րե­լով ար­քու­նի­քին մօտ մնալ, կը հաս­տա­տուի Ադ­րիանու­պո­լիս։ Այդ օրե­րուն, լա­տին­նե­րու հան­դէպ ատե­լու­թեամբ լե­ցուած Ֆէյ­զուլ­լահ թուրք ԴԷն­պե­տը սար­սա­փե­լի հա­լա­ծանք մը կը հա­նէ փրան­կա­ցեալ հայե­րու նկատ­մամբ։ Կր­կին ներ­քին խռո­վու­թիւն­ներ, ատե­լու­թիւն, դաւ եւ հա­շուե­յար­դար­ներ կ՚ա­լե­կո­ծեն հա­մայն­քային կեան­քը։ Լա­տին­նե­րու յա­րող հայե­րը սուլ­թա­նի հրա­մա­նով հե­տապն­դու­մի կ՚են­թար­կուին, տու­գանք­նե­րու, բան­տար­կու­թեան եւ մա­հա­պա­տի­ժի։ Այս ան­գամ հա­լա­ծան­քի հր­դե­հը ոչ միայն Ադ­րիանու­պո­լիս եւ Կոս­տանդ­նու­պո­լիս կեդ­րո­նա­ցած էր այլ մին­չեւ հե­ռա­ւոր գա­ւառ­նե­րը կը սփ­ռուէր։

Այս նոր ան­ցու­դար­ձե­րը կը մտա­հո­գեն Մխի­թար վար­դա­պե­տը, որ ան­մի­ջա­պէս ետ կը կան­չէ առա­քե­լու­թեան ու­ղար­կած իր միաբան­նե­րը։ Ան հա­մո­զուած էր որ այ­լեւս ան­հնար էր այդ խռո­վայոյզ երկ­րին մէջ իր նպա­տա­կը իրա­գոր­ծել, որու հա­մար ան­հրա­ժեշտ էր հաս­տա­տուն, ան­վր­դով, խա­ղաղ ու ապա­հով մի­ջա­վայր։ Կը մտադ­րէ տե­ղա­փո­խուիլ քրիս­տո­նեայ եր­կիր մը եւ հոն խա­ղաղ պայ­ման­նե­րու մէջ նուի­րուիլ կրօ­նա­ւո­րա­կան կեան­քին եւ ու­սուց­ման։ Լսած էր թէ Լի­բա­նա­նի լեռ­նե­րուն վրայ կր­նար ապաս­տան գտ­նել, ուր քրիս­տո­նեանե­րու հա­մար ապա­հով տեղ էր, սա­կայն ապ­րուս­տի սղու­թիւ­նը զինք կը նե­ղէր։ Վա­ճա­ռա­կան­նե­րէն կը տե­ղե­կա­նայ նաեւ Վե­նե­տի­կի Հա­սա­րա­կա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թեան տակ գտ­նուող Պե­ղո­պո­նէ­սի մա­սին, բայց տա­կա­ւին կը վա­րա­նէր։ Այս տա­րա­կոյս­նե­րով պա­շա­րուած, շա­րու­նակ կ՚ա­ղօ­թէր եւ Աս­տուծ­մէ լոյս կը խնդ­րէր կա­յաց­նե­լիք որոշ­ման հա­մար։­

Այս­պէս, 1701 թուա­կա­նի Սեպ­տեմ­բեր 8ին Աս­տուա­ծա­մօր ծնն­դեան տօ­նին օրը, երբ արդէն մէկ տարի անցած էր միաբանութիւն կազմելու վերջնական որոշումը կայացուցած էին, Վե­ղա­րա­ւոր­նե­րու վան­քին մէջ իր շուրջ հա­ւա­քե­լով իր բո­լոր աշա­կերտ­նե­րը խորհր­դակ­ցա­կան ժո­ղով կը գու­մա­րէ։ Հար­ցը ներ­կա­յաց­նե­լէ եւ տե­սա­կետ­նե­րը քն­նար­կե­լէ ետք կ՚ո­րո­շեն ու կը վճ­ռեն փո­խադ­րուիլ Պե­ղո­պո­նէս, Յու­նաս­տան։ Ապա ջեր­մե­ռան­դա­բար իրենք զի­րենք կը նուի­րեն Աս­տուա­ծա­մօր որ­դեգ­րու­թեան, խոս­տա­նա­լով մե­ծա­շուք ու­թօ­րէ­քով տօ­նել Աս­տուա­ծա­մօր ծնն­դեան տօ­նը, եթէ մին­չեւ յա­ջորդ տա­րին բո­լո­րուի­լը ազա­տէին այդ երկ­րէն եւ կր­կին հա­ւա­քուէին միաբա­նու­թեան հա­մար յար­մար տեղ մը։   Միաժա­մա­նակ եկե­ղեց­ւոյ մէջ յա­տուկ խո­րան մը պի­տի կա­ռու­ցէին ի պա­տիւ Աս­տուա­ծա­մօր ծնն­դեան։ Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով կ՚ընտ­րեն «Որ­դե­գիր Կու­սի Վար­դա­պետ ապաշ­խա­րու­թեան» բնա­բա­նը որ­պէս միաբա­նու­թիւ­նը բնո­րո­շող տիտ­ղոս, զի­նան­շան եւ կնիք։ Այդ­տեղ հա­ւա­քուած­նե­րը տաս հո­գի էին։ Մխի­թար Սե­բաս­տա­ցի վար­դա­պե­տը, Հայր Եղիա վար­դա­պե­տը, Հայր Յով­հան­նէս վար­դա­պե­տը, Հայր Գէորգ վար­դա­պե­տը, Հայր Մա­նուէլ վար­դա­պե­տը, եղ­բայր Ղա­զար Ակ­նե­ցին, եղ­բայր Յով­հան­նէս Սե­բաս­տա­ցին, եղ­բայր Ազա­րիա Կոս­տանդ­նու­պոլ­սե­ցին, եղ­բայր Գաբ­րիէլ Կա­րնե­ցին եւ եղ­բայր Մի­քայէլ Սե­բաս­տա­ցին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2025, 07:47