Որոնել

2025.10.25 San Ignazio Maloyan

Ս. Իգնատիոս Մալոեան - 1869-1915 «Թռիչքի Կէսին Զարնուած...»

Գերյարգելի Գէորգ Թ. Ծ. Վարդապետ Զապարեանի մտորումը նուիրուած անցեալ 19 հոկտեմբերին Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ Սուրբ հռչակուած հայազգի նահատակ զաւակ Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեանի
Ունկնդրէ լուրը

Գոհութեամբ եւ օրհնութեամբ համակուած են մեր սիրտերը այսօր։

Շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ, որ Իր Եկեղեցիին եւ հայ ժողովուրդին գերազանց շնորհք մը պարգեւեց՝ յանձին Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի, որ եղաւ անյողդողդ վկայ մը հաւատքի եւ նահատակ առաջնորդ մը անվկանդ։

1. Հովիւ՝ յար եւ նման Աստուծոյ սիրտին

Սուրբ Իգնատիոս եղաւ ճշմարիտ հովիւ մը՝ աղօթքի, խոնարհութեան եւ միաժամանակ քաջութեան մարդ։

Ցեղասպանութեան օրերուն, երբ սարսափն ու տմարդութիւնը տիրած էին ամէնուրեք հայ ժողովուրդին վրայ, ան չփախաւ, չլքեց իր հօտը, այլ մնաց իր հաւատացեալներուն կողքին, պատրաստ՝ նահատակուելու անոնց հետ: Նման Քրիստոսի նկարագրած Բարի Հովիւին, Մալոյեան զոհեց իր կեանքը իր հօտին համար (Յովհաննէս 10, 11):

2. Կեանքի Վկայութիւն՝ մինչեւ մահ

Երբ բռնաւորները պարտադրեցին, որ հրաժարի իր հաւատքէն, Իգնատիոս՝ քաջ հովիւը՝ պատասխանեց հաստատ ու հաւատարիմ ձայնով․ «Քրիստոնեայ եմ, եւ Քրիստոսի անունին համար պատրաստ եմ մեռնելու» ։

Այս խօսքը իր ամբողջ կեանքն է, որ կը համադրէ ու կը պսակադրէ իր հոգին:

Մեզի կը սորվեցնէ, թէ հաւատքը գաղափար մը չէ սոսկ, այլ նաեւ՝ սիրոյ նուիրում, աւելի ուժեղ քան մահը։

Նահատակ Մալոյեանի բոսոր արիւնը դարձաւ լոյսի եւ յոյսի աղբիւր մեր ազգին համար։

3. Օրինակ՝ մեր ժամանակներուն համար

Այսօր, ներկայ աշխարհը երբ կ՛ընդարմանայ անտարբերութեան եւ վախի մէջ, Սուրբ Իգնատիոս մեզ կը հրաւիրէ հաւատարիմ մնալու՝ Աստուծոյ, մեր Հաւատքին եւ մեր Եկեղեցւոյ։

Մեզի կը յիշեցնէ, որ իսկական քաջութիւնը հաստատուն մնալն է սիրոյ մէջ. Հաւատարիմ Սէր՝ ուրկէ կ՛ընձիւղի խաղաղութիւն եւ հոգեկան անդորրութիւն:

4. Գոհութեան աղօթք

Այո՛, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ՝

-Սուրբ Իգնատիոսի դրսեւորած անսասան հաւատքին եւ մեր նահատակներուն կատարած զոհաբերութեան համար, որոնք սրբացուցին մեր հողը,

-Մեր ժողովուրդին համար, որ վերապրեցաւ իրեն դէմ գործադրուած ջարդէն,

-Եւ բոլոր Սուրբերուն Հաղորդութեան համար, որոնց հետ միասին մէկընտանիք կը կազմենք :

Թող Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի օրինակը՝

-առաջնորդէ մեզ,

-անոր բարեխօսութիւնը պաշտպանէ մեզ,

-անոր հաւատարմութեան ու խաղաղութեան ոգին ապրի մեր սիրտերուն մէջ,

-որպէսզի համընթաց քալենք դէպի յարութիւն ու յաղթանակ Քրիստոսի հետ։

Իգնատիոս Մալոյեան նահատակուեցաւ, որովհետեւ կտրականօրէն մերժեց Քրիստոսի հանդէպ իր սէրը դրժել ու հաւատքը ուրանալ:

46 տարեկան էր...

Իր մարտիրոսութենէն բուռ մը տարիներ առաջ, կարծէք իրեն համար էր գրած Ալիշան. «Թռիչքի կէսին զարնուած...», որ սպիտակ աղաւնիի մը հանգոյն կը շարունակէ թեւածել ու հրիտակել համայն մարդկութեան, թէ այս աշխարհի ստորաքարշ կեղեւանքներէն անդին, Աւետարանի խօսքերը կը մնան միշտ անանց ու անխորտակելի.

«Ով որ ուրանայ զիս մարդոց առջեւ՝

Ես ալ զինք պիտի ուրանամ Հօրս առջեւ,

Որ երկինքն է» (Մատթէոս 10, 33):

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/10/2025, 08:37