Որոնել

Mattarella, speranza da Gaza si estenda a Ucraina

Յանդգնիլ խաղաղութիւնը. Բացումը կատարուեցաւ Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան 39-րդ միջազգային հաւաքին

Հաւաքը պիտի աւարտի 28 հոկտեմբերին եւ կազմակերպուած է ի յիշատակ եւ ժառանգութիւն` 1986-ի 27 հոկտեմբերին երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի կողմէ Ասսիզիի մէջ գումարուած խաղաղութեան ի սպաս կրօններու մեծ ու պատմական հաւաքին, որուն տարեդարձը կը նշուի այսօր։ Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան ամենամեայ հաւաքը կ՛ուզէ վերահաստատել այն համոզումը թէ միայն կրօններու եւ ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութիւնը կարող է բանալ խաղաղ, արդար եւ զարգացումի ապագայ մը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 26 Հոկտեմբեր 2025-ին Հռոմի մէջ բացումը կատարուեցաւ Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան 39-րդ միջազգային հաւաքին որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տարներ կրօններու եւ մշակոյթներու ներկայացուցիչներ որպէս կեդրոնական նիւթ ունենալով «յանդգնիլ խաղաղութիւնը»։

28 հոկտեմբերին եզրափակուող հաւաքի ընթացքին Կրօնական առաջնորդներ, հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ և մշակոյթի գործիչներ քննարկումներ կը կատարեն երկխօսութիւն դերի մասին` որպէս կրօններու ուժ և խաղաղութիւն կառուցելու գործնական ուղի։

Մաթթարելլա. Խաղաղութիւնը կը պահանջէ քաջութիւն, համառութիւն և միջնորդութիւն

Հաւաքի բացման արարողութեան առիթով ելոյթ ունեցաւ նաեւ Իտալիոյ նախագահ Սերճօ Մաթթարելլան որ կոչ ըրաւ նորոգելու վստահութիւնը «խաղաղութեան դատին» ի սպաս հրաւիրելով «թիկունք կանգնելու անոնց որոնք կը տառապին ու կամուրջներ կառուցելու ժողովուրդներու միջեւ»։

Ան դատապարտեց ուժի տրամաբանութեան վերադարձը միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ և յիշեցուց, որ «խաղաղութիւնը կը պահանջէ քաջութիւն, համառութիւն և միջնորդութիւն», քանի որ «խաղաղութիւնը կեանք է եւ զարգացում»։

Ռիքքարտի. Անցք կատարել ուժի դարաշրջանէն դէպի երկխօսութեան դարաշրջան

Իր կարգին Սանդ Էճիտոյ հասարակութեան հիմնադիր Տիար Անտրէա Ռիքքարտի խրախուսեց անցք կատարելու` «ուժի դարաշրջանէն դէպի երկխօսութեան դարաշրջան», յիշեցնելով, որ կրօններու խնդիրն է «ազատիլ յոռետեսութեան վանդակէն» և վերահաստատել երկխօսութեան արժէքը, որպէս միւսի ճանաչում։

Ալ Ազհարի Աւագ Իմամին ելոյթը

Բացման արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Ալ-Ազհարի Աւագ իմամ Ահմատ Ալ Թայէպը որ դատապարտեց «աշխարհակարգի խոր խառնաշփոթութիւն», որուն վրայ կը գերակշռեն տնտեսական և ռազմական շահերը՝ վերահաստատելով, որ Իսրայէլի ու Պաղեստինի միջեւ երկու պետութիւններ լուծումը «Մերձաւոր Արևելքին խաղաղութեան միակ ուղին է»։ Ան ապա նշեց թէ Սուրբ Աթոռի հետ միասին համատեղ աշխատանք կը տարուի արհեստական բանականութեան հայող բարոյական փաստաթղթի մը հրապարակումին համար։

Խաղաղութիւնը յանդգնելու ձեւը կը կայանայ զայն շարունակական կերպով որոնելու մէջ. Ծուփփի

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին որ յղում կատարելով Լեւոն ԺԴ. Պապին խօսքերուն հաստատեց թէ միայն եթէ մենք զինաթափ ենք կարող ենք զինաթափ ընել, ու պատերազմը վերացնել։ «Խաղաղութիւնը յանդգնելու ձեւը կը կայանայ զայն շարունակական կերպով որոնելու մէջ» ըսաւ Ան հաստատելով որ «խաղաղութիւնը երազ մը չէ այլ առօրեայ ընտրանք։ Պատրաստենք խաղաղութիւնը այլապէս պատերազմը պիտի ըլլայ մեզ կործանողը» ըսաւ ի միջի այլոց Ծիրանաւորը։

Ասսիզիի հոգին

Ինչպէս նշեցինք հաւաքը պիտի աւարտի 28 հոկտեմբերին եւ կազմակերպուած է ի յիշատակ եւ ժառանգութիւն` 1986-ի 27 հոկտեմբերին երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի կողմէ Ասսիզիի մէջ գումարուած խաղաղութեան ի սպաս կրօններու մեծ ու պատմական հաւաքին, որուն տարեդարձը կը նշուի այսօր։

Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան ամենամեայ հաւաքը կ՛ուզէ վերահաստատել այն համոզումը թէ միայն կրօններու եւ ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութիւնը կարող է բանալ խաղաղ, արդար եւ զարգացումի ապագայ մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2025, 10:14