Որոնել

Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքն ու  Mgr. Hugues de Woillemont Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքն ու Mgr. Hugues de Woillemont 

«L'ŒUVRE D'ORIENT» Բարեգործական հիմնարկին այցելութիւնը

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքն ընդունեցաւ «L'Œuvre d'Orient» բարեգործական հիմնարկին պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ նորանշանակ ընդհանուր տնօրէնին՝ Mgr. Hugues de Woillemont-ի։

Ժըթաուի, Շաբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2025-ին, Հ. Կ. Պատրիարքարանին մէջ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքն ընդունեցաւ «L'Œuvre d'Orient» բարեգործական հիմնարկին պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ նորանշանակ ընդհանուր տնօրէնին՝ Mgr. Hugues de Woillemont-ի, որ յաջորդեց Mgr. Pascal Gollnisch-ին:

Ծանութացումի այս հանդիպումին՝ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը երախտագիտութեամբ եւ գովասանքով արտայայտուեցաւ այս կաթողիկէ հաստատութեան կատարած բազմազան նպաստներուն համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց վերջին 15 տարիներուն ընդհանուր տնօրէն Գերյարգելիին:

Աւարտին՝ Ամենպտ. Կաթողիկոս-Պատրիարքն երկու Գերյարգելիներուն նուիրեց Ս. Ներսէս Շնորհալիին յոբելենական մետալները, Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի գործածած ձեռացխաչին կրկնօրինակներն ու մասունքով սրբանկարները, ինչպէս ալ իր նորատիպ «Հովուական թուղթ»-ին ֆրանսերէն թարգմանութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2025, 07:04