ԵՄ եպիսկոպոսները կոչ կ՛ընեն վերականգնելու կրօնական ազատութեան հարցերու ԵՄ յատուկ ներկայացուցչի պաշտօնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Եւրոպական Միութեան Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասերու (COMECE) յանձնաժողովը, որ անցեալ օրերուն Պրիւքսէլի մէջ գումարեց իր տարեկան ընդհանուր ժողովը կոչ ուղղեց Եւրոպական Միութեան Խորհուրդին, որպէսզի անյապաղ նշանակուի ԵՄ-էն դուրս կրօնի կամ համոզմունքի ազատութեան հարցերով զբաղող ԵՄ նոր յատուկ ներկայացուցիչ մը։
Ըստ եպիսկոպոսներուն՝ կրօնական ազատութիւնը մարդու հիմնարար իրաւունք է, որ ամրագրուած է Եւրոպական Միութեան հիմնարար իրաւունքներու Թուղթի 10-րդ յօդուածին մէջ, որ սակայն միշտ աւելիով սպառնալիքի տակ է ամբողջ աշխարհին մէջ։
2016 թուականին հիմնադրուած գրասենեակը կարևոր դեր խաղացած է հալածուող կրօնական համայնքներու պաշտպանութեան գործին մէջ, սակայն չափազանց երկար ժամանակ թափուր եղած է, ինչը, COMECE-ի տուեալներով, մտահոգիչ ազդանշան կը յղէ կրօնական խտրականութեան ենթարկուող զոհերուն։
Եպիսկոպոսները կը պահանջեն որ յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնը ամրապնդուի համապատասխան միջոցներով և ներառուի ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան մէջ, որպէսզի մտքի, խղճի և կրօնի ազատութիւնը մնայ եւրոպական գործողութիւններու անկիւնաքարը:
COMECE-ն ապա իր պատրաստակամութիւնը յկը յայտնէ գործնականապէս համագործակցելու եւրոպական հաստատութիւններու հետ՝ այս յանձնառութեան սատարելու նպատակով:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ