Կլիմայի Փոփոխութեան ՄԱԿ-ի Շրջանակային համաձայնագիրի կողմերու Ժողովին 30-րդ նիստը (COP30)
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կլիմայի Փոփոխութեան ՄԱԿ-ի Շրջանակային համաձայնագիրի Կողմերու Ժողովին (COP30) 30-րդ նիստի բացումը կատարուեցաւ Պրազիլի Պելեմ քաղաքը, ուր Կաթողիկէ Եկեղեցին ներկայ գտնուելով եկեղեցական պատուիրակութիւններով եւ հիմնական շարժումներու նախաձեռնութիւններով իր ուժեղ նպաստը բերաւ՝ նպատակ ունենալով «յաւելեալ արժէք» մը տալ բանակցութիւններուն։
Լեւոն ԺԴ-ի պատգամը եւ մարտահրաւէրները. Խաղաղութիւն-Արարչագործութիւն Կապը:
Լեւոն ԺԴ քահանայապետը աշխարհի ղեկավարներուն ուղղեց պատգամ մը՝ ընդգծելով խաղաղութեան կերտումին եւ Արարչագործութեան պահպանումին միջեւ գոյութիւն ունեցող յստակ կապը զգուշացնելով, որ խաղաղութիւնը վտանգուած է նաեւ շրջակայ միջավայրին նկատմամբ անտարբերութենէն եւ կլիմայական փոփոխութիւններուն պատճառով կեանքի որակին անկումէն։
Կորսուած հնարաւորութիւններու տասնամեակը եւ ժողովի տեւողութիւնը
Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլին Կլիմայի Գագաթնաժողովին ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ, նշեց որ նպատակները այսօր աւելի կարեւոր են, քան տասը տարի առաջ եւ անոնց հասնիլը դեռ հեռու կը թուի։ «Մենք չենք կրնար թոյլ տալ մեզի միւս տասնամեակ մը կորսուած հնարաւորութիւններու շռայլութիւնը։ Պէտք է հարց տանք մենք մեզի, թէ ի՛նչ կը պակսի»։
Սուրբ Աթոռի Ներկայութիւնը եւ «Եկեղեցին COP30-ին» Նախաձեռնութիւնը ✨
Սուրբ Աթոռը իր մասնակցութիւնը բերաւ 10 անդամներէ բաղկացած պատուիրակութեամբ մը, որուն ղեկավարն է Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, իսկ փոխ ղեկավարը՝ Պրազիլի Պապական նուիրակ Գերապայծառ Ճիամպաթիսթա Տիքուաթթրօն։ Պատուիրակութիւնը կը ներառէ աշխարհականներ եւ Վատիկանի տարբեր Վերատեսչութիւններու անդամներ։
Հովուական ծառայութեան դերակատարութիւնը եւ տեղական Համադրումը 🕊️
Կաթողիկէ Եկեղեցին կը մատուցէ «հովուական ծառայութիւն եւ մարգարէական» նպաստ մը «Եկեղեցին COP30-ին» ծրագիրին միջոցով, որ կը խթանէ դաստիարակչական, խորհրդածական իրադարձութիւններ՝ համաձայն Եկեղեցւոյ Վարդապետութեան մասնաւորաբար (Laudato si') եւ( Laudate Deum) շրջաբերականներուն։
Պելեմի արքեպիսկոպոսութիւնը՝ ղեկավարութեամբ Գերապայծառ Ալպերթօ Թաւէրրա Քոռէաի զբաղած է Սուրբ Աթոռի, Պրազիլի եպիսկոպոսներուն Ազգային ժողովին (CNBB) եւ Լատին Ամերիկայի եւ Քարիպեան եպիսկոպսական խորհուրդի (CNBB) պատուիրակութիւններուն համար նախատեսուած բնակեցումով։
Հովուական ծառայութեան ծրագիրը տեղի կ՛ունենայ նոյեմբերի 11-էն 16-ը թեմի շրջանի չորս կեդրոններու մէջ։ Ան կը ներառէ կլոր սեղաններ, գիտաժողովներ ծիսական տօնակատարութիւններ եւ իրազեկման գործողութիւններ՝ կեդրոնացած «Համապարփակ Բնապահպանութեան» հովուական աշխատանքը ամրապնդելու վրայ։ Նոյեմբերի 12-ին նախատեսուած է Պրազիլի Ազգային ժողովի Եպիսկոպոսներու (CNBB) մամլոյ ասուլիս մը, որուն կը յաջորդէ «Ընդհանուր Տան Նահատակներու Քայլերթը»։
«Հոգի մը Տալ»
Գերապայծառ Թաւէյրա Քոռէան բացատրեց, որ Եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է COP-30ին «հոգի մը տալ», վկայելով, որ ամէն ինչի բանալին միայն շրջակայ միջավայրը չէ («կանաչը, ջուրը, օդը»), այլ՝ մարդիկը եւ Յիսուս Քրիստոսը։ Նպատակն է խթանել «ամբողջական բնապահպանութիւնը»՝ մարդիկը քաջալերելու համար դիմակայելու կլիմայական փոփոխութիւններուն եւ բնութեան հանդէպ աւելի մեծ սէր ունենալու։
Վերջապէս, եպիսկոպոսը ընդգծեց, որ ամենակարեւոր կողմը ընդհանուր տան հանդէպ պատասխանատուութեան աճող գիտակցումն է, որուն կը նպաստէ Ֆրանչիսկոս Պապը ու անոր Laudato si' շրջաբերականը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ