Որոնել

2025.11.10 Festa San Michele Arcangelo Kessab

Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետին Անուանակոչութեան Տօնը Քեսապի մէջ

Այս տօնը մեզ կը հրաւիրէ վեր բարձրացնել մեր աղօթքները՝ շնորհակալ սրտով, գիտակցելով թէ երկնային զօրքերը միշտ մեզի հետ են մեր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն մէջ։

Կիրակի` 9 Նոյեմբեր 2025 թուականին, Թ․Կիրակի զկնի Խաչի, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առթիւ՝ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ՝ Քեսապի Սուրբ Միքայէլ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ՝ ձեռամբ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի:

Սուրբ գրային ընթերցումներէն ետք, Գերյ. Հայր Սուրբը իր քարոզի մէջ ըսաւ․ « Սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայրներ ի Քրիստոս,

Այսօր օրհնաբեր եւ լուսաւոր օր մըն է Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի համար։

Այսօր, Մեր Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ իր անուանակոչութիւնը՝ Սուրբ Միքայէլ Հրեշտակապետին տօնը, որ անդադար կանգնած է Աստուծոյ փառքին առջեւ եւ կը միջնորդէ համայն մարդկութեան բարօրութեան համար։

Սուրբ Միքայէլը՝ երկնային զօրքերու առաջնորդը, կը խորհրդանշէ հաւատքի զօրութիւնը եւ Տիրոջ հանդէպ յաղթական հաւատարմութիւնը։

Սուրբ Գաբրիէլը՝ բարի լուրի հրեշտակը, մեզի կը յիշեցնէ Աստուծոյ պատգամը՝ սիրոյ, խաղաղութեան եւ յոյսի։

Սուրբ Ռափայէլը՝ բուժիչը, կը բուժէ մեր մարմիններու եւ հոգիներու վէրքերը։

Այս տօնը մեզ կը հրաւիրէ վեր բարձրացնել մեր աղօթքները՝ շնորհակալ սրտով, գիտակցելով թէ երկնային զօրքերը միշտ մեզի հետ են մեր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն մէջ։

Թող անոնց հսկող ձեռքը պահէ մեր հայ ժողովուրդը, մեր համայնքը ու եկեղեցին եւ մեր ընտանիքները ի խաղաղութիւն ու անդորրութիւն։

Սրտանց կը շնորհաւորենք մեր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը ու բոլոր այն անձինք, որոնք կը կրեն Սրբոց Հրեշտակապետաց անունները ։

Թող Սրբոց Հրեշտակապետաց օրհնութիւնը տարածուի իւրաքանչիւր սրտի եւ տան մէջ՝ բաշխելով լոյս, առողջութիւն եւ յոյս։

Թող երկնային զօրքերը ամրացնեն մեր հաւատքը եւ առաջնորդեն մեզ Աստուծոյ փառաւոր արքայութեան ճանապարհին։

Թող Տէրը օրհնէ եւ զօրացնէ մեզ՝ որպէսզի մեր կեանքով ալ երգենք հրեշտակային գոհաբանութիւնը՝ Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկրի խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն»։

Սուրբ Պատարագէն ետք, հաւատացեալներու հետ միասին թափոր կազմուեցաւ եկեղեցւոյ բակէն ներս, ուր տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէքը՝ ի նշան գոհունակութեան , նուիրումի եւ ապաշխարութիւն։

Մեր խորին ու սրտագին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք տէր եւ տիկին Ժանօ Չապարեանին՝ մատաղը նուիրաբերելու համար։

Շնորհաւոր եւ օրհնեալ տօն բոլորին։

Քեսապ՝ 9 Նոյեմբեր 2025թ․

 

Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան

Ս․ Միքայէլ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն

Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետին Անուանակոչութեան Տօնը Քեսապի մէջ
Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետին Անուանակոչութեան Տօնը Քեսապի մէջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/11/2025, 07:21