Որոնել

2025.11.22 Festa Presentazione Maria a Kessab

Աստուածամօր Ընծայման Տօնը Քեսապի մէջ

«Աստուածածի՛ն, Քրիստոսի Մայր եւ Հօր Միածինի Ծնող, անեծքները վերացնող եւ մարդկային ցեղի պարծանք, Հօրը հաշտեցնող մեր նման արարածներուն հետ, կոյսերու թագ եւ պսակ, եւ համարձակ բարեխօս մեղաւորներուն համար»։ Յովհաննէս վարդապետ Գառնեցի (1180-1245)

Ուրբաթ՝ 21 Նոյեմբեր 2025 թուականին, Տօն Ընծայման Սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնի ՝ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ՝ Քեսապի  Սուրբ Միքայէլ  Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ՝ ձեռամբ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի:

Սուրբ գրային ընթերցումներէն  ետք, Գերյ. Հայր Սուրբը իր քարոզի մէջ ըսաւ․ « Սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայրներ ի Քրիստոս,

Քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիները՝ հաւատարիմ սրբազան աւանդութեանը՝ Նոյեմբերի 21-ին կը նշեն Ս․ Կոյս Մարիամին  Երեքամեայ Սուրբ Աստուածամօր Տաճարին Ընծայման լուսաւոր եւ հրաշափառ տօնը։

Այս Տօնը, ոչ միայն առիթ մըն է Մարիամ Աստուածածնի անձի հանդէպ մեր սէրը եւ մօտիկութիւնը կրկին անգամ արտայայտելու, այլ նաեւ խոր հրաւէր մըն է ՝ ապրելու Աստուծոյ փրկագործութեան սքանչելի ընթացքը մեր կեանքին մէջ։

Ըստ սուրբ աւանդութեան, երբ Մարիամը կը լրացնէր երեք տարին, անոր բարեպաշտ ծնողները՝ Յովակիմ եւ Աննան, իրենց Ուխտին համաձայն, զինք կը տանին Երուսաղէմի Տաճար՝ Աստուծոյ ընծայելու։

 Երբ Մանուկ Մարիամը կը դնեն Տաճարի Սանդուղքի առաջին աստիճանին վրայ, ան առանց ոեւէ մէկու օգնութեան կը բարձրանայ տասնհինգ աստիճաններով՝ ի զարմանս ներկաներուն։

Այս իրադարձութիւնը պատահական շարժում մը չէր. այդ օրը առաջին անգամ կը ճառագայթէր Մարիամի հոգեւոր մեծութիւնը, անոր ընտրութիւնը եւ Աստուծոյ նկատմամբ անբիծ նուիրումը։

Տաճարի Մուտքին՝ զինք կը դիմաւորէ Զաքարիա քահանայապետը, որ աստուածային ներշնչումով կը զգայ, թէ փոքրիկ աղջիկը որոշուած է դառնալու այն «Սուրբ Տապանակ»ը, որուն մէջ պիտի մարմնանայ Աստուծոյ Միածին Խօսքը։

Եւ այդ պատճառով՝ ան Մարիամը Կ՚առաջնորդէ Սրբութեան Սրբոցը՝ այն վայրը, ուր միայն քահանայապետը կը մտնէր տարին մէկ անգամ ։

Ասիկա կը խորհրդանշէր, որ ժամանակը հասած էր իր լրումին։ Աստուած պիտի գար եւ բնակուէր մեր մէջ. երկինքը պիտի բացուէր, եւ բարեխառնուին երկնայինը ու երկրայինը։

Սիրելինե՛րս,

Մարիամը ոչ միայն Տաճարին ընծայուեցաւ, այլ ինք դարձաւ «Կենդանի Տաճար»՝ անարատ եւ մաքուր բնակարան Աստուծոյ Որդիին համար։

 Ան դարձաւ «Սուրբ Խորան»՝ ուր մարդկութեան փրկութեան համար աշխարհ բերաւ Փրկիչը՝  Յիսուս Քրիստոս։

 Այս տօնը մեզի կը յիշեցնէ երեք մեծ ճշմարտութիւն.

1. Աստուած կը գործէ նախախնամ կերպով մեր կեանքին մէջ։

Ինչպէս Մարիամի ծնունդը, մանկութիւնը եւ ընծայումը նախասահմանուած էին Աստուծոյ փրկագործութեան ծրագրին մէջ, նոյնպէս մեր կեանքն ալ ունին Աստուածային ուղեգիծ մը։

 Երբ մենք կը նայինք միայն արտաքին դժուարութիւններուն,  եւ կը մոռնանք, որ Աստուած կը գործէ մեր խորքը, մեզ կը պատրաստէ հետեւելու  Իր կամքին ու առաջարկին։

2. Մարիամի նուիրումը օրինակ է մեր սեփական նուիրումին։

Երեքամեայ Մարիամը ոչինչ գիտէր աշխարհի մասին, սակայն ամբողջովին կը վստահէր Աստուծոյ։

Մեզի համար ասիկա հրաւէր մըն է՝ դարձեալ վերանորոգելու մեր հաւատքը, նուիրումը, աղօթքը, Սուրբ Պատարագին մասնակցութիւնը եւ մեր անձը տաճար դարձնելու ճիգը։ Աստուած կը փափաքի մեր սիրտը դառնալ Իր «Սրբութեան Սրբոց»ը։

3. Ով որ կը բացուի Աստուծոյ առջեւ, Աստուած իրեն կ՚օրհնէ առատապէս։

Երբ մենք կը ձգտինք Մարիամի նման մաքրութեան եւ խոնարհութեան, Աստուած կը գործէ մեր մէջ անսպասելի կերպով՝ բուժելով, լոյս բերելով, առաջնորդելով եւ օրհնելով։

Վերջաւորութեան, եկէք աղօթքով դիմենք Աստուածամօր.

«Փառաւորեալ եւ օրհնեալ միշտ սուրբ Կոյս Աստուածածին Մարիամ, Մայրը Քրիստոսի, մատուցէ մեր աղաչանքները Քո Որդիին եւ մեր Աստուծոյ, որպէսզի Ան պահէ մեզ փորձութենէն եւ բոլոր վտանգներէն, առաջնորդէ մեր տուները, մեր զաւակները եւ մեր կեանքը դէպի լոյս եւ խաղաղութիւն»։ Ամէն․

Աղօթք Սուրբ Աստուածամօր։

«Աստուածածի՛ն, Քրիստոսի Մայր եւ Հօր Միածինի Ծնող, անեծքները վերացնող եւ մարդկային ցեղի պարծանք, Հօրը հաշտեցնող մեր նման արարածներուն հետ, կոյսերու  թագ եւ պսակ, եւ համարձակ բարեխօս մեղաւորներուն համար։

Ամէն ինչով մեղաւորս՝ կը ձգեմ ինքզինքս Քո առջեւ եւ Կ՚աղաչեմ՝ ինչպէս կ՚աղաչէ Քեզմէ մարմին առածը. բարեխօսեա՛ ինձ համար Բան Աստուծոյ առջեւ, Որուն մարմնով ծնեցիր, Որուն կերակրեցիր՝ բոլորին եւ բոլոր կենդանի արարածներուն Կերակրիչը։

Կ՚աղաչեմ քեզ, Լոյսի Մայր, ինձ համար մեղքի թողութիւն հայցեա՛. անոր առջեւ դիր իմ աղերսն ու աղաչանքը՝ անոր յիշեցնելով այն չարչարանքները, զոր բարերարն ու մարդասէրը կրեց ի՛մ համար։

Սուրբ Կոյս, յիշեցու՛ր եւս իմ այսքան չարչարանքները, որպէսզի գուցէ Ան գթայ եւ ներէ բազմամեղիս, եւ ջնջէ իմ հանցանքներուս գիրը։ Եւ իր անմեղ մատով ու սուրբ արիւնով դրոշմէ՛ իմ դեգերած անունս անվախճան կեանքի մատեանին մէջ՝ Իր բոլոր սրբերուն կողքին, որպէսզի անոնց հետ միասին փառաւորեմ Ամենասուրբ Երրորդութիւնը Հա՛յրը, Որդի՛ն եւ Սուրբ Հո՛գին, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն»։ Յովհաննէս վարդապետ Գառնեցի (1180-1245)

 

Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան

Ս․ Միքայէլ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2025, 07:38