Որոնել

2025.11.30 Giornata dedicata a San Ignazio Maloyan Scuola Hripsimiants

Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանին նուիրուած օր «Սրբոց Հրիփսիմեանց» Վարժարանին մէջ

Տօնահանդէսին յատուկ պահերէն մին եղաւ այն արարողութիւնը, երբ Գերպծ. Զահթէրեան վարժարանին բոլոր աշակերտներուն նուիրեց Ս. Մալոյեանի յուշապատկերներ՝ որպէս օրհնութեան աղբիւր եւ ոգեշնչումի նշան, անոնց քրիստոնէական կեանքին մէջ։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Ֆանար, Լիբանան, Երկուշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2025-ին, «Սրբոց Հռիփսիմեանց» Վարժարանին հովուական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ մը՝ ձօնուած Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանին (1869-1915):

Հանդիսութեան նախագահութիւնը ստանձնած էր Գերպծ. Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան, Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդն ու Զմմառի Վանքին Մեծաւորը: Ներկայ էր Գերպտ. Հ. Լեւոն Վրդ. Ստեփանեան։

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 9-ին, աւանդական «աղ ու հաց»-ի ընդունելութեամբ Գերպծ. Զահթէրեանի, վարժարանին բակին մէջ, ամբողջ աշակերտութեան ներկայութեան: Բարի գալուստի խօսքով՝ Առաքինազարդ Քոյր Մարիէթ ողջունեց հիւրերը։ Ապա, Ս. Մալորեանի սրբապատկերը զետեղուեցաւ վարժարանին բակին պատին վրայ:

Գերպծ. Մեծաւոր Հայրը մատուցանեց Ս. Պատարագը, որուն ընթացքին խօսած քարոզին մէջ անդրադարձաւ սրբութեան խոր իմաստին՝ մատնանշելով սրբութեամբ ապրելու կարելիութիւնը մեր ժամանակին մէջ եւ ներկայացնելով Ս. Մալոյեանն որպէս օրինակ մեր կեանքին: Աշակերտ-աշակերտուհիներ յատուկ աղօթքներ կարդացին՝ նուիրուած 1915-ի Հայասպանութեան Ապրիլեան Մարտիրոսին:

Ս. Պատարագին յաջորդեց գեղարուեստական ձեռնարկը՝ կազմակերպուած սրահին մէջ, ուր աշակերտները ներկայացուցին թատրոն, երգ, ոտանաւոր, նուագ եւ գծագրութիւններ, որոնք արտացոլեցին Ս. Իգնատիոսի կեանքին տարբեր պահերը։

Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանին նուիրուած օր «Սրբոց Հրիփսիմեանց» Վարժարանին մէջ
Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանին նուիրուած օր «Սրբոց Հրիփսիմեանց» Վարժարանին մէջ

Բացումը կատարեց վարժարանին տնօրէնուհի ազնուափայլ Տիկ. Ժանին Մանանեան՝ բարի գալուստ մաղթելով բոլորին եւ շեշտելով կարեւորութիւնը ցանելու նոր սերունդին մէջ Ս. Մալոյեանի սիրոյ, հաւատքի ու քաջութեան պատգամը։ Ապա, ցուցադրուեցաւ տեսայերիզ մեր նահատակ Սուրբին կեանքէն: Միջնակարգի աշակերտներ հերթաբար ներկայացուցին մէջբերումներ Ս. Մալոյեանի խօսքերէն։

Նախակրթարանի աշակերտներ ասմունքեցին Գերյ. Հ. Մեսրոպ Ծ.Վ. Թոփալեանի քերթուածը՝ «Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանին» (2008) վերտառութեամբ։

Իրենց մասնակցութեամբ եւ Օր. Լորի Եթերեանի պատրաստութեամբ՝ Երկրորդականի աշակերտներ ներկայացուցին պար մը՝ ներշնչուած Ս. Իգնատիոսի նահատակութենէն: Ապա, Պրն. Սուրէն Քէտէշեանի եւ Օր. Նանոր Սարգիսեանի պատրաստութեամբ՝ նոյն դասակարգէն աշակերտներ բեմադրեցին տեսարաններ Ս. Մալոյեանի ձերբակալութենէն ու նահատակութենէն։ Երկու խումբերը երգեցին «Բազմաչարչար նահատակ» շարականը, զոր գրած էր Գերյ. Հ. Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեան եւ յօրինած՝ Դոկտ. Էտի Թորիկեան:

Ձեռնարկի աւարտին` խօսք առաւ վարժարանիս հոգեւոր վարիչ Գերպտ. Հ. Արամ Վրդ. Աբրահամեան՝ ընդգծելով Ս. Մալոյեանի սիրոյ, հաւատքի ու քաջութեան պատգամը։ Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց վկայութեան գաղափարը՝ ըսելով.«Սուրբը մեզի կը սորվեցնէ, թէ կեանքը անցեալի պատմութիւն մը չէ, այլ կոչ՝ մեզի համար, որ այսօր մենք ապրինք մեր հաւատքը ուրախութեամբ, անկեղծութեամբ եւ քաջութեամբ՝ աշխարհի մը մէջ, որ կը կարօտի Քրիստոսի լոյսին ու մեր վկայութեան։ Այսպէս, օրհնեալ եւ յիշարժան օր մը ստեղծեցինք միասին։ Ձեր մէջ կենդանի թող մնայ Ս. Իգնատիոսի ոգին, որպէսզի միշտ քաջաբար վկայէք Քրիստոսը ամէն օր եւ ամէն վայրկեան»։

Հ. Արամ շնորհակալութիւն յայտնեց Գերպծ. Մեծաւորին՝ իր ներկայութեան եւ տուած պատգամին համար, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց բոլոր անոնք, որոնք աշխատեցան իրագործելու այս ձեռնարկը։

Հուսկ, հրաւիրեց Գերպծ. Վանահայրը՝ ըսելու իր սրտին խօսքն ու Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի ձեռացխաչով օրհնելու ներկաները՝ խնդրելով Տիրոջմէ, որ իր շնորհքով պահապան եւ առաջնորդ ըլլայ բոլոր աշակերտ-աշակերտուհիներուն։

Տօնահանդէսին յատուկ պահերէն մին եղաւ այն արարողութիւնը, երբ Գերպծ. Զահթէրեան վարժարանին բոլոր աշակերտներուն նուիրեց Ս. Մալոյեանի յուշապատկերներ՝ որպէս օրհնութեան աղբիւր եւ ոգեշնչումի նշան, անոնց քրիստոնէական կեանքին մէջ։

Թղթակից

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2025, 05:19