Որոնել

Գերյ.  Մաշտոց Թ. Ծ. Վ. Զահթերեան Գերյ. Մաշտոց Թ. Ծ. Վ. Զահթերեան 

«Լիբանանը կը մնայ պատգամ երկիր». Զրոյց Գերյ. Մաշտոց Թ. Ծ. Վ. Զահթերեանի հետ

Սրբազան Քահանայապետին Թուրքիա ապա Լիբանան կատարելի առաջին առաքելական այցելութեան նախօրէին առիթը ունեցանք զրուցելու Զմմառու Վանքի մեծաւոր Գերյ. Մաշտոց Թ. Ծ. Վ.բ Զաթերեանի հետ, որ մաս կը կազմէ Քահանայապետի ճամբորդութիւնը կազմակերպող տեղական յանձնախումբին։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին Լիբանան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրէին առիթը ունեցանք զրուցելու Զմմառու Վանքի մեծաւոր Գերյ. Մաշտոց Թ. Ծ. Վ. Զաթերեանի հետ, որ մաս կը կազմէ Քահանայապետի ճամբորդութիւնը կազմակերպող տեղական յանձնախումբին։

Զրոյցի ընթացքին Գերյ. Մեծաւոր հայրը խօսեցաւ այն պատրաստութիւններու մասին որոնք յառաջ կ՜ընթանան ամենալաւ կերպով հիւրընկալելու համար Լեւոն ԺԴ. որ պիտի հանդիսանայ պատմութեան մէջ չորրորդ Քահանայապետը` որ ոտք պիտի դնէ Լիբանանեան հողին վրայ։

Ունկնդրէ հարցազրոյցը

Յայտնենք որ Լիբանան այցելող առաջին Քահանայապետը եղած էր Պօղոս Զ.ը 1964-ին երբ դէպի Հնդկաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին հանգրուան կատարեց Լիբանանի օդակայանին մէջ։ Ապա Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. 10 եւ 11 մայիս 1977-ին ապա Պենետիկտոս ԺԶ. 14-16 սեպտեմբեր 2012-ին։

Գերապ. Զահթերեանը խօսեցաւ նաեւ Քահանայապետի այս ճամբորդութեան ակնկալիքներու մասին ինչպէս նաեւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ճամբորդութեան հանգրուաններուն մասնակցութեան մասին։ Ան ապա անդրադարձ կատարեց ճամբորդութեան կարեւորագոյն հանդիպումներու մասին ինչպէս Քահանայապետին ուխտագնացութիւնը դէպի Սուրբ Շարպելի սրբավայր։

«Լիբանանը տակաւին պատգամ երկի՞ր է, ինչպէս զայն որակած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը հարցումին» Գերապ. Զահթերեանը պատասխանեց. «այո Լիբանանը կը մնայ պատգամ երկիր»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2025, 08:28