Որոնել

Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (68)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Մաշտոցի մէջ բանադրուած աղանդներուն:

ԿԸ. Հաղորդում 

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

 

 

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Մաշտոցի մէջ բանադրուած աղանդներուն:

«Կը նզովէ՞ք Արիոս Աղեքսանդրացին, Մակեդոնը, Նեստորը եւ անոնց բոլոր հետեւորդները: Մանին, Մարկիոնը, Վաղենտիանոսը, Սաբէքը եւ անոնց բոլոր հետեւորդները: Արտեմոնը, Եւնոմիոսը, Եւտիքէսը եւ անոնց բոլոր հետեւորդները»: Եւնոմիոսը գաղատացի  եպիսկոպոս էր. որ Արիոսէն աւելի հեռու գնաց, ըսելով, որ Որդին փոփոխական է եւ ծառայող եւ ամէն բանով նման չէ Հօր: Անոր հետեւորդները նորէն կը մկրտէին՝ ընկղմելով գլուխը ներքեւ, ոտքերը վերեւ դարձնելով, եւ մկրտութիւնը մէկ ընկղմամբ կը կատարէին: Վերջին դատաստանը եւ գեհենը սուտ կը համարէին, ըսելով թէ երկիւղ ազդելու համար հնարուած բաներ են:

Սաբեղեանք իրենց անունը ստացան Սաբեղիոս եպիսկոպոսէն, որ շփոթմամբ Ս. Երրորդութեան երեք անձնաւորութիւնները կը միացնէր մէկ դէմքի մէջ: Ան կ'ըսէր, որ միեւնոյնը երբեմն կ'երեւի իբրեւ Հայր, երբեմն իբրեւ Որդի, երբեմն իբրեւ Սուրբ Հոգի՝ այլակերպուելով եւ զանազան ժամանակ ընդունելով տարբեր տեսք: Եւդիքէս Պոլսեցի կրօնաւորը Քրիստոսի մէջ կը դաւանէր միա՛յն աստուածային բնութիւնը, որ իր մէջ ներգրաւած էր մարդկային բնութիւնը: Եւդիքէս, այսպէս, Քրիստոսի մարդկային բնութիւնը կ'անշքացնէր:Եւդիքէսի հետեւորդները «միաբնակ» կոչուեցան: Եւդիքէս դատապարտուեցաւ 451-ին գումարուած Քաղկեդոնի չորրորդ Տիեզերական ժողովին մէջ, որուն Հայ Եկեղեցին չկրցաւ մասնակցիլ Պարսից դէմ Աւարայրի պատերազմը մղելուն պատճառաւ:

Արդարեւ, Քրիստոնէութիւնը յատկանշող երկու Խորհուրդները, Մարդեղութիւնն ու Ս. Երրորդութիւնը, պատճառ եղան քրիստոնէութեան պառակտումին: Այս առումով՝ Լիբերատ Քարթակենացին (Զ. դար) պատմաբան և Քարթակենեան եկեղեցւոյ սարկաւագ, 535 թուականին հեղինակած է Նեստորականներու և Եւտիքականներու դէմ ուղղուած երկ մը. (Breviarium causae Nestorianorum et Eutychianorum), ուր կը ներկայացնէ Նեստորի ժամանակներէն մինչեւ հինգերորդ ժողով եղած հերետիկոսներու պատմութիւնը,  յենուելով Սոկրատեսի Սոզոմենի և Թեոդորետոս Կիւրացիի աշխատանքներուն վրայ, ըստ որում այս աշխատանքը կը դառնայ եկեղեցական պատմութեան կարեւոր աղբիւր։

Ի վերջոյ, վերոյիշեալ բոլոր աղանդները հին հեթանոսական հայեացքներ, տեսութիւններ եւ հաւատալիքներ կը շարուակուէին ուսուցանել, փորձելով քրիստոնէութիւնը հաշտեցնել ժամանակի յունական փիլիսոփայական տեսութիւններուն հետ: Այդպիսի սնապաշտութիւններու դէմ արտայայտուած են Եզնիկ իր «Եղծ Աղանդոց»ին եւ Մանդակունին իր ճառերուն մէջ։ Արիոսական ուրիշ հայրապետներ Ս. Հոգին ալ Հօր հետ ստորադաս հռչակեցին: Սակայն, 381-ին, Կ.Պոլսոյ Տիեզերական երկրորդ Ժողովի ընթացքին, մեծանուն Հայրապետներ Ս. Հոգին հաւասար ու համագոյ Աստուած հռչակեցին, այսպէս վերականգնելով Ս. Երրորդութեան Խորհուրդը իր ամբողջ հարազատութեան մէջ: Այսպէս, հաւատքը պէտք է հաստատ հիմերու վրայ բարձրանայ, ինչպէս կ'ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս. «հասկնալով հաւատալ եւ հաւատալով հասկնալ»:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2025, 07:49