Որոնել

Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (69)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Արիոսական աղանդին:

ԿԹ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Արիոսական աղանդին:

Արեւմուտք, Տօնադոսական վէճերը չվերջացած, Արեւելքի մէջ յառաջ եկաւ Արիոսական վէճը: Արիոսը երէց Աղեքսանդրացին աղանդապետ մըն էր, որ կ'ուրանար Քրիստոսի աստուածութիւնը: Անտիոքի դպրոցի հիմնադիր՝ Սամոսատցի Լուկիանոսը իր ժամանակի ամենագիտուն մարդը կը համարուէր Արեւելքի մէջ: Ան պատկառելի և ճգնաւորական հայեցողութեամբ ապրող անձնաւորութիւն մը ըլլալով՝ իր շուրջ հաւաքած էր շատ ուսանողներ, որոնցմէ մին է Արիոսը:

Լուկիանոսի վարդապետութիւնը հետեւեալն էր. Աստուած մէկ է, ոչինչ հաւասար է անոր, որովհետեւ ամէն ինչ արարած է, բացի անորմէ: Որդին էակից չէ Հօրը. Ան ոչնչէն ստեղծեց Բանը և ուղարկեց զայն աշխարհ: Բանը մարդկային մարմին առաւ, բայց ոչ մարդկային հոգի: Նոյնպէս, Արիոս հերձուածողը, զորս սատանան գործածեց որպէս զէն չարութեան, կ'ուսուցանէր թէ Աստուծոյ Որդին անդրանիկն է արարածներու: Արիոսական ուսմունքի հիմնական էութիւնը հետեւեալն էր, «Էր երբեմն յորժամ ոչ էր Որդին» (ժամանակ կար, երբ Որդին չկար)։ Այսինքն, Հօր և Որդւոյ միջեւ գոյութիւն ունի ժամանակային վիհ, Որդին սկիզբ ունի, հետեւաբար՝ միշտ գոյութիւն չէ ունեցած և չէր կարող Հայր Աստուծոյ էութենէն ըլլալ։ Ան Աստուծոյ արարած է՝ ստեղծուած ոչնչէն։ Այսպիսով, ըստ Արիոսական աղանդին, Որդին Հօր էութենէն միանգամայն բաժան, տարբեր և անկախ էութիւն է, հետեւաբար՝ իսկական Աստուած չէ, այլ միայն Բան (Լոկոս) ու իմաստութիւն, և Աստուծոյ օգնութեամբ, սեփական իմաստութեամբ ու շնորհքով Աստուած դարձած է։ Մէկ խօսքով՝ Արիոս Աստուծոյ Որդին կը նմանցնէր Նոր Պղատոնական-Փիլոնականութեան դաւանած «Միտք»ին հետ: Անկախ էութիւն է նաեւ Սուրբ Հոգին, ուստի գոյութիւն ունեն երեք տարբեր և բաժան էութիւններ:

Սուրբ Հոգին նոյնպէս արարած է, ինչպէս Որդին, և համապատիւ չէ՛ Հօր։ Հայաստանի մէջ, Արիոսականութեան գոյութեան մասին ակնարկութիւն կայ՝ Վաղէս կայսեր Բարսեղ Կեսարացիին գրած մէկ նամակին մէջ: Ինչպէս արդէն յիշած էինք՝ 325 թուին, Կոստանդինը Նիկիոյ մէջ՝ ընդհանուր եկեղեցական տիեզերական առաջին ժողովին հրաւիրեց և Արիոսը 308 Հայրապետներու կողմէ դատապարտուեցաւ և արտաքսուեցաւ Եկեղեցիէն: Նիկիոյ Ժողովը Որդին «համագոյակից» կամ «ի բնութենէ Հօր» հռչակեց, այսինքն՝ աստուածային նոյն բնութեան պատկանող:

Դժբախտաբար, Արիոսի մահէն յետոյ, Արիոսականութիւնը չանհետացաւ, անոր հետեւորդները օրէցօր կ'աւելնային եւ այսպէս՝ բացի Արիոսականներէն, երեւան եկան Կիսարիոսականներ, Եւնոմեանք, Անոմեանք, Եւդոքսեանք, Մարկեղեանք, Փոտինեանք, Ապօղինարեանք, Մակեդոնեանք եւ  այլք: Ընդհանրական Եկեղեցին դարեր շարունակ, խիստ պայքար մղեց անոնց յառաջ բերած ուսուցումներուն դէմ:   381-ին, Կ.Պոլսոյ մէջ հաւաքուած Ս. Հայրերը որոշեցին՝ որ չփոխուի այն հանգանակը, որ 318 հայրապետներ Բիւթանիոյ Նիկիա քաղաքին մէջ ընդունեցան եւ մնաց անփոփոխ, եւ նզովքի թող ենթարկուի իւրաքանչիւր աղանդ, որ է՝ Եւնոմեան, Անոմեան, Արիոսական կամ Եւդոքսեան, Կիսարիոսական կամ Հոգեմարտներ, Սաբեղեան, Մարկեղեան, Փոտինեան եւ Ապօղինարեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2025, 07:59