Որոնել

2022.07.22 Vangelo della XVII Domenica dell'Anno 'C'

Աստուծոյ Արքայութիւնը եւ Մարդկանց Համբերութիւնը։ Խորհրդածութիւն՝ Տէրունական Աղօթքի մասին Ըստ Ղուկասու 11.1-13

«խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք եւ պիտի գտնէք, բախեցէք եւ պիտի բացուի ձեզի»։ Ղուկ․ (Գլուխ 11, 9)

 

Կիրակի 16 Նոյեմբեր 2025 թուականին, Ա․ Կիրակի Յիսնակաց, Քեսապի Սուրբ Միքայէլ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցուեցաւ ձեռամբ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի:

Սուրբ գրային ընթերցումներէն ետք, Գերյ. Հայր Սուրբը իր քարոզի մէջ ըսաւ․ « Սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայրներ ի Քրիստոս,

Ահա կը սկսինք Յիսնակաց շրջանը, որ Սուրբ Ծնունդի եւ Յայտնութեան Տօնի պատրաստութեան շրջանն է. ըստ հայկական ծէսին` այս շրջանը կ՛ընդգրկէ 50 օր եւ անոր համար ալ կը կոչուի Յիսնակաց. կը սկսի 15 նոյեմբերի յաջորդող կիրակին եւ կը վերջանայ 5 Յունուարին, այսինքն Յայտնութեան տօնի նախօրեակին։

Նշանակալից է Յիսնակաց առաջին Կիրակի օրուան աւետարանը, որով մեր Տէրը մեզի կը սորվեցնէ Տէրունական Աղօթքը «Հայր մեր»ը։

«Հայր մեր»՝ աղօթքը այդ օրէն ի վեր` պաշտօնական աղօթքը դարձաւ Քրիստոսի հաւատաւոր ժողովուրդին եւ բոլոր եկեղեցիները անխտիր, նոյնիսկ, հայոց եկեղեցին իր բոլոր եկեղեցական ծիսակատարութիւնները եւ ժամերգութիւնները կը սկսին ու կ’աւարտուին «Հայր Մեր»ով։

Այս հատուածը մեզի ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս Յիսուս կը սովորեցնէ իր աշակերտները աղօթել՝ բացատրելով, թէ ինչպէս պէտք է կապ հաստատել Աստուծոյ հետ աղօթքի միջոցաւ եւ ինչպէս պէտք է համբերատար սպասել Աստուծոյ պատասխանին։

1․ Աղօթքը՝ Աստուծոյ հետ կապ հաստատելու միջոց մըն է։

Աշակերտները կը մօտենան Յիսուսին եւ կը հարցնեն. «Տէ՛ր, աղօթել սովորեցուր մեզի, ինչպէս Յովհաննէսը սորվեցուց իր աշակերտներուն»։ Յիսուս անընդմիջաբար պատասխանեց․ երբ աղօթէք՝ ըսէք․ «Հայր մեր, որ յերկինս ես․․․»։

Աղօթքի առաջին բառերը՝ «Հայր մեր», մեզի կը յիշեցնեն, որ Աստուած ոչ միայն մեր Արարիչն է, այլ նաեւ սիրող Հայրը, որ մշտապէս հոգ կը տանի մեր մասին։ Աղօթքը կը սկսի Աստուծոյ անունը Սուրբ ճանչնալով եւ փառաբանելով։

2․ Աղօթքի նպատակը ու իմաստը։

Յիսուս աղօթքի մէջ ներառած է ոչ միայն մեր անձնական կարիքները, այլ նաեւ մեր յարաբերութիւնը մերձաւորներուն նկատմամբ։

Ան մեզի կը սորվեցնէ խնդրել մեր «ամենօրեայ հացը»՝ որ կը հայթայթէ ոչ միայն մեր նիւթականը, այլ նաեւ մեր հոգեւոր կարիքները։ Եւ աղօթքին մէջ կը խնդրենք, որ Աստուած ներէ մեր մեղքերը՝ ինչպէս մենք ալ պարտապան ենք ներելու ուրիշներու մեղքերը։

3․ Համբերութիւն եւ վստահութիւն Աստուծոյ հանդէպ։

Յիսուս պատմութիւն մը կը ներկայացնէ՝ բարեկամ մը, որ գիշերուան կէսին կ’երթայ իր բարեկամին տունը հաց խնդրելու։ Բարեկամը նախ կը մերժէ, բայց ան յարատեւ կը շարունակէ թախանձանքին խնդրել։ Վերջապէս, յամառութեան պատճառով, բարեկամը կարծիքը կը փոխէ եւ կու տայ իրեն հարկաւոր հացը։

Եւ ես ձեզի կ’ըսեմ ․ «խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք եւ պիտի գտնէք, բախեցէք եւ պիտի բացուի ձեզի․ որովհետեւ ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ, եւ ով որ փնտռէ՝ կը գտնէ, եւ ով որ բախէ՝ կը բացուի անոր»։ (Գլուխ 11, 9-10)

Յիսուս այս առակը կը պատմէ՝ մեզի սորվեցնելու, որ երբ աղօթենք, պէտք է համբերատար եւ վստահ ըլլանք, որ Աստուած պիտի պատասխանէ՝ Իր կամքով եւ Իր ժամանակով։

Եթէ Աստուած երբեմն կը սպասեցնէ կամ կը մերժէ մեր խնդրանքները, այդ չի նշանակէր, թէ չի լսէր մեր աղօթքը։ Ան ունի Իր տրամաբանութիւնը եւ Իր ճիշդ ժամանակը։

4․ Աստուծոյ պարգեւները։

Յիսուս կը շարունակէ. «Իսկ եթէ դուք, որ չար էք, եւ գիտէք բարի պարգեւներ տալ ձեր զաւակներուն, որչափ աւելի ձեր երկնաւոր Հայրը՝ Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց, որ կը խնդրեն իրմէ»։ (Գլուխ 11, 13)

Ասիկա մեզ կը յիշեցնէ, որ Աստուած գիտէ մեր կարիքները՝ եւ հոգեւոր, եւ նիւթական։ Ան չի տար մեզի ամէն ինչ որ մենք կ’ուզենք, բայց միշտ կը պարգեւէ այն, ինչ իսկապէս մեզի հարկաւոր է մեր կեանքին համար։

5․ Հիմնական պատգամը։

Այս հատուածը մեզի կը սորվեցնէ, որ աղօթքը պէտք է ըլլայ անկեղծ եւ համբերատար։ Երբ աղօթենք, պէտք է վստահինք Աստուծոյ կամքին՝ թէ ինչ եւ երբ պիտի շնորհէ մեզի։

Աղօթքը միայն խնդրանքներու հաւաքածոյ մը չէ, այլ կենդանի կապ մը Աստուծոյ հետ՝ լեցուն սիրով, հաւատքով եւ վստահութեամբ։

Երբ համբերատար սպասենք Աստուծոյ պատասխանին, մեր հոգին կը զօրանայ, որովհետեւ գիտենք, որ Ան մեզ կը սիրէ եւ բնաւ չի մոռնար մեզ։

Աղօթքը կը բացայայտէ մեր սիրտը աստուածային ներկայութեամբ։ Երբ աղօթենք, պէտք է լեցուն ըլլանք վստահութեամբ, որ Աստուած գիտէ մեր կարիքները եւ երբեք անպակաս չի լքէր որեւէ անհրաժեշտ բանէ մը։

Գլխաւոր պատգամը այն է, որ աղօթքը մեր կենդանի ու վստահ կապն է Աստուծոյ հետ, եւ երբ աղօթենք՝ պէտք է ըլլանք անկեղծ, համբերատար ու վստահելի։

Յիսուս մեզ կը սորվեցնէ, որ Աստուծոյ կամքը ամէն անգամ մեր ուզած ձեւով կամ մեր նախընտրած ժամանակին չի կատարուիր, բայց Աստուած միշտ ունի լաւագոյնը մեզի համար։ Ան կը լսէ, կը հոգայ եւ կը պարգեւէ այն, ինչ որ իսկապէս մեզի պէտք է մեր հոգեւոր կեանքին համար․Ամէն»։

Սուրբ պատարագի աւարտին, միասնաբար «Հրեշտակ Տեառն» աղօթեցինք՝ հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամէն խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն համայն աշխարհի։

Քեսապ՝ 16 Նոյեմբեր 2025թ․

Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան

Ս․ Միքայէլ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2025, 07:38